İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՃԱՇԻ ՍԵՂԱՆ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՐ ԹԱԹՈՒԼԻՆ

Պատրիարքական Աթոռոյս Դիւանապետ, Լուսարարապետ եւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի յուղարկաւորութեան յաջորդող ժամերուն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Պատրիարքարանի ընդունելութեան սրահին մէջ ընտանեկան հոգեճաշի սեղան մը սարքեց։ Սոյն հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննէսեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանը, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, Աթոռոյս միաբան հայրերը, Հոգելոյս Հայր Թաթուլի երկու եղբայրները, Հայր Սուրբի հիւանդութեան ժամանակ իրեն օժանդակած անմիջական անձինք, Հայր Սուրբի սպասարկած՝ Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Ատենապետն ու Դպրապետը, ինչպէս նաեւ Պատրիարքարանէ ներս Հայր Սուրբի հետ ծառայակից հոգեւոր հայրեր։ 

Հոգեճաշի սեղանը սկիզբ առաւ հանգստեան աղօթքով, որով յիշատակուեցաւ նորոգ վախճանեալ Թաթուլ Ծ. Վարդապետը։ Յաջորդաբար Մեր Հոգեւոր Պետը, արտայայտուեցաւ Հայր Սուրբի մասին եւ անգամ մը եւս որպէս Պատրիարք իր գնահատանքը բերաւ հանգուցեալի մատուցած ծառայութեան համար։ Ապա, հոգեճաշի մասնակից անձերը, մի առ մի արտայայտուելու հրաւիրեց։ Յաջորդաբար, բոլոր ներկաները, սկսեալ բարձրաստիճան եկեղեցականներէ, իրենց հարազատ խօսքերով հանդէս եկան եւ վեր առին Հայր Սուրբի գործունէութիւնը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın