İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 21 Հոկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի, ժամը 17.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ստանպուլի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ նորանշանակԱռաջնորդը  Հայր Մասսիմիլանո Փալինուրոն, որուն կ՚ընկերակցէր Պուղրա Փոյրազը։ Հանդիպմաններկայ էր նաեւ Աթոռոյս Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Բաժանմունքի Տեսուչ Արժ. Տ. ՏրդատԱւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Հայր Մասսիմիլանոն, Ստանպուլի իր կեցութեան օրերուն, փափաքն ունեցած էր քաղաքի բոլորհոգեւոր առաջնորդներուն հետ տեսակցիլ եւ իրենց հետ անձամբ ծանօթանալ։ Այս շրջագիծով, քաղաքավարական այցելութեամբ փութացած էր Հայոց Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցած՝Մեր Հոգեւոր Պետին հետ։ Հանդիպման ընթացքին, հիւր հոգեւոր առաջնորդը ծանօթացաւԱմենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր եւ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին տեղեկութիւններստացաւ։ Հիւր հոգեւոր առաջնորդը, այս առիթով յայտնեց թէ, 18 Դեկտեմբերին գահակալութեանպաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենար եւ սոյն հանդիսութեան հրաւիրեց ՄերՀոգեւոր Պետը։

Պատրիարք Հայրը, առաջին հերթին շնորհաւորեց Հայր Մասսիմիլանոյի նոր պաշտօնը եւկարողութիւն մաղթեց իր առաքելութեան մէջ։ Բաց աստի ներկայ ժամանակներու հոգեւորմարտահրաւէրներու մասին զրոյց տեղի ունեցաւ։

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Հիւր հոգեւոր առաջնորդըՆորին Ամենապատուութեան նուիրեց խաչէ ճարմանդներ։ Մեր Հոգեւոր Պետը նուիրեց «Splendor & Pageantry» գիրքէն օրինակ մը։

Լատին Եկեղեցւոյ նորանշանակ առաջնորդը, շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուածհիւրասիրութեան համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın