İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 21 Հոկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին, հովուապետական այցելութիւն շնորհեց Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանք Վարժարանին։ ՆորինԱմենապատուութեան կողքին էին, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան եւ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Երէց՝Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ներկայ էին Ս. Խաչ Դպրեվանքի ԽնամակալութեանԱտենապետ Փրոֆ. Տքթ. Թորոս Ալճան, վարչութեան անդամներէն Մուրատ Պէրպէրօղլու, ԹանէրԷօզէր եւ Մինաս Քարթուն, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը, Ս. Խաչ Դպրեվանքի մուտքին դիմաւորուեցաւ հոգեւորականներու եւվարժարանի վարիչներուն կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ տնօրէնութեան սենեակը։ Պատրիարք Հայրը, այստեղ մօտաւորապէս ժամ մը լսեց վարժարանի աշխատութիւններուն եւ վերջին շրջաններունվարժարանէ ներս տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին տեղեկութիւններ։ Թէ՛ կրթականհամակարգով եւ թէ՛ վարչային կեանքով վարժարանի մէջ զգալի էր դրական փոփոխութիւններ, որոնց սկիզբին եւ ընթացքին մասին Ատենապետ Ալճանն ու Տնօրէն Սարուխանեանը, տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պատրիարք Հօր։ Բաց աստի, կրթական կեանքէ ներս գոյութիւնունեցող նիւթերու շուրջ գաղափարի փոխանակումներ տեղի ունեցաւ։ 

Պատրիարք Հայրն ու ներկաներ, յաջորդաբար համախմբուեցան վարժարանի սեղանատունը, ուրներկայ էր նաեւ աշակերտութիւնը։ Միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով մերՀոգեւոր Պետը օրհնեց սեղանը, որմէ յետոյ ընտանեկան մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյսեղան։ Այս մէկը առիթ դարձաւ, որպէսզի Մեր Հոգեւոր Պետը, հանդերձ հոգեւոր հայրերով, առաւելեւս շփում ունենայ վարժարանի աշակերտութեան հետ։

Ճաշկերոյթէն յետոյ Մեր Հոգեւոր Պետը, առաջնորդութեամբ Ատենապետ Ալճանի եւընկերակցութեամբ վարչայիններուն եւ հոգեւոր հայրերուն, շրջեցաւ վարժարանը։ Անոնք այսառիթով կանգ առին վարժարանի պարտէզը, ուր կը գտնուի Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածին Վանքի վանահայերէն Երանաշնորհ Պօղոս Արքեպս. Քարագօչի շիրմաքարը։Այստեղ, Մեր Հոգեւոր Պետին տրուեցաւ հակիրճ տեղեկութիւններ վարժարանի նախկին շէնքին եւկառոյցին մասին։ 

Ներկայացուեցաւ նաեւ վարժարանի կից գտնուող խաղավայրը, որ մօտ ժամանակին Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ կողմէ վերստին տրամադրուած էր Ս. Խաչ Դպրեվանքի գործածութեան։ Մերձաւորժամանակին այստեղ կատարելի ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցաններկաներուն։

Այցելութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրը նաեւ անձնապէս աշակերտներու հետ եւս զրուցելուառիթն ունեցաւ։ Բաց աստի, վարժարանէ շրջանաւարտ նախկին սաներու նկարներուն շուրջյիշատակուեցան վարժարանի նախկին կրթական մշակներն ու վարիչները։ Այս շրջագիծովյատկապէս յիշատակուեցաւ Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանը եւ վարչայիններյայտնեցին թէ՛ Ս. Խաչ Դպրեվանքէ ներս միշտ կը ջանան վառ պահել Երանաշնորհ Պատրիարքիյիշատակը։ 

Այցելութեան աւարտին, վարչայիններ Պատրիարք Հայրը ճամբորդեցին եւ իրենցերախտագիտութիւնը յայտնեցին Պատրիարք Հօր։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın