İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ 227 ՏԱՐԵԿԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Տրտմութիւն է այգեպանին զոր տնկեսցէ զայգի՝ եւ ոչ թէ միայն չգտանիցէ պտուղ յետժամանակաց, այլեւ՝ տեսանիցէ զտունկն իւր նուաղեալ»:

Մեր թուականէն 227 տարիներ առաջ՝ 16 հոկտեմբեր 1794-ին տառապանք բուրող այս տողերով Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան կ՚ողջունէր իր ընթերցողները՝ հիմը դնելով հայկական առաջին տպագիր պարբերականին: Այս տողերով Շմաւոն Քահանայ հիմը կը դնէ «Ազդարար»ին, որ նախահայրը պիտի ըլլար յետոյ ծնունդ առնող բոլո՛ր պարբերականներուն ու թերթերուն:

Զարմանալի չէ՛ որ Շմաւոն Քահանայի յառաջաբանը «ողջոյն»ով մը սկիզբ չ՚առներ. անոր առաջի՛ն տողէն իսկ ի յայտ կու գայ այն տառապանքն ու ճիգը, որ ի գործ կը դնէ քահանան հրապարակելու իր պարբերականին անդրանիկ թիւը: Ո՜վ գիտէ քանի՞ անգամ «տնկած էր իր այգին», սակայն տեսած անոր ամուլութիւնը եւ ապրած անոր հարկադրած նուաղութիւնը: Ո՞վ է այն այգեպանը, որ յոգնաջան աշխատանքի դիմաց պիտի չտրտմէր հնձած անարգասաբերութեան համար…

Աւելի քան երկու դար առաջ միա՛յն 28 բաժանորդով կը սկսի լոյս տեսնել «Ազդարար»ը, ամենայն համե՛ստ պայմաններու մէջ, անձերու կողմէ՝ որոնք լաւապէս չե՛ն տիրապետեր հայերէն լեզուին ու գրականութեան: Եւ ինչքա՜ն ազնիւ բան է անկեղծութիւնը. Շմաւոն Քահանայ «Ազդարար»ի առաջին թիւին 5-րդ էջին մէջ կը գրէ. «Խոստովանիմ յայտնապէս զի ոչ ես եւ ոչ օգնականք իմ ոչ են հմուտ իսկապէս քերթողութեան արհեստի եւ ոչ բուն յմուտ (հմուտ) գրոց, բայց ինչ որ կարելի չպակասիմք ընծայել առաջի ձեր»:

Ու համեստ այդ քահանան, իր շուրջ հաւաքելով մի քանի կամաւորներ, կը սկսի ամսական դրութեամբ լոյս ընծայել հայերէն առաջին պարբերականը. ու ի՜նչ մեծ դժբախտութիւն, որ նման զոհողութիւններով պատմութեան մէջ նոր էջ բացող անձի մասին տեղեկութիւններ կը պակսին. նկար անգամ չունի՛ Շմաւոն Քահանայ (1894-ին՝ հայ մամուլի 100-ամեակին առթիւ Վիեննայի Մխիթարեան հայրերը երեւակայական նկար մը գծել կու տան, պատուելու համար քահանայի յիշատակը):

Անոնց կատարածը զոհողութիւն էր՝ առանց նիւթական ակնկալիքներու. «Ազդարար»ի մէջ քահանան կը յիշէ իր օգնականներէն Խաչիկ Ծատուրը, որուն համար կը գրէ. «առանց վարձու օգնական ամենայնի», իսկ Յակոբ Սիմեցի մասին կ՚ըսէ. «ձրի աշխատէր ի վերայ տպարանիս առ ի յօգուտ ազգին խորհելով»:

ԱԶԳԻ՛Ն ԽՈՐՀԵԼՈՎ, որովհետեւ անոնք ունէին այն գիտակցութիւնը, որ մամուլ հրատարակելը անձնական փառքին համար չէ՛ որ կը կատարուի, այլ այդ մէկը ծառայութիւն է ուղղուած հայ ժողովուրդին:

Շատեր, ցաւ ի սիրտ, թերթի հրատարակութիւնն ու խմբագրութիւնը դիւրին գործ կը կարծեն. Մատթէոս Մամուրեան, 1871-ին հրատարակած «Արեւելեան Մամուլ»ի առաջին խմբագրականին մէջ կը գրէ. «Իրաւ մեզի ալ ատեն մը դիւրին եւ զուարճալի գործ մը կը թուէր թերթ հրատարակել, ժողովրդեան հետ խօսիլ, նոր նոր տեսիլներ յայտնել, հասարակաց կարծիքն ուղղել, Ազգին իրաւունքը պաշտպանել, անոր թշնամիները նշաւակել, եղծումներն արմատէն խլել, հայրենիք, ազատութիւն, հաւասարութիւն հռչակել, մէկ խօսքով՝ Ազգին վերանորոգիչը լինել. սակայն երբ տարիները սահելով՝ տխուր փորձառութիւնն ու բռնութիւնը, անողոք իրականութեան հետ եկան մեր սրտագին զգացմանց դէմ զարնուեցան, այն ատեն կանգ առինք, մեր զօրութիւնը չափեցինք, եւ առաջ որչափ դիմագրաւ եւ գիտուն, վերջէն նոյնքան վեհերոտ եւ տգէտ գտանք ինքզինքնիս»:

Անցնող 227 տարիներուն այդ դժուարին գո՛րծն է, որ կ՚ընէ հայ մամուլը, առա՛նց յուսահատելու, առ յաւէտ իրենց էջերը փակող պարբերականներուն դիմաց ստեղծելով նորերը՝ սիրայօժար յանձն առնելու այդ դժուարին պատասխանատուութիւնը: Եւ ի՜նչ հպարտութիւն, որ «Ազդարար»ին կէս տարիքը եղող ԺԱՄԱՆԱԿ-ը 113 տարիներ ետք կը շարունակէ ի՛ր ընթացքը, թէ՛ Շմաւոն Քահանային եւ թէ՛ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի արագատեսիլ հիմնադիրներուն ապրեցնելու բերկրութիւնը ա՛յն ագեպանին, որ իր պտուղը կը գտնէ՛ իր ժամանակին:

Հայ մամուլը այսօր, թէեւ իր նախկին փառքը կորսնցուցած, կը շարունակէ՛ իր հայանպաստ աշխատանքը, թէկուզ ընթերցողներու քի՛չ քանակով… առանց մոռնալու որ «Ազդարար»ը քսանութ հոգի կը ստանար միայն:

Խո՛ւնկ եւ մոմ բոլոր անցեալի հայ մամուլի նուիրեալներուն, որոնք ո՛չինչ խնայեցին հայ մամուլը կանգուն պահելու եւ մինչեւ մեր օրերը հասցնելու: Խոր երախտագիտութեան արժանի են բոլոր անոնք, որոնք ծառայած են հայ մամուլին:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ
(1926-2015)

Մեր թուականէն 95 տարիներ առաջ՝ 16 հոկտեմբեր 1926-ին Պոլսոյ մէջ ծնած է բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի (բուն անունով՝ Արթօ Ճիւմպիւշեան):

Զարեհ Խրախունի իր կրթութիւնը ստացած է Գաբամաճեան վարժարանէն ներս եւ ուսումը շարունակած Վիեննայի Մխիթարեաններու վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1945 թուականին: Վերադառնալով ծննդավայր, բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Պոլսոյ համալսարանէն ներս:

Համլսարանական ուսումը աւարտելէ ետք Խրախունի որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է Էսաեան վարժարանէն ներս, դասաւանդելով փիլիսոփայութիւն, տրամաբանութիւն, հոգեբանութիւն եւ հայերէն: Ուսուցչական պաշտօն վարած է նաեւ Կենդրոնական վարժարանի մէջ, ուր նշանակուած է նաեւ տնօրէնի օգնական: Եղած է Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «ԹՕ» գրական հանդէսի խմբագրական կազմի անդամ:

Խրախունի իր առաջին գրական փորձերը կատարած է 17 տարեկան հասակին՝ 1943 թուականին. իր առաջին գործը՝ «Յաղթական»ը լոյս տեսած է 1948-ին, Մխիթարեան սանուց միութեան «Սան» գրական ամսագիրին մէջ: Գրած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ, յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ, գրախօսականներ ու խմբագրականներ: Կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանքներ, հայերէնի վերածելով յատկապէս ֆրանսական արդի գրականութեան գոհարներէն ընտրանիներ:

Խրախունիի բանաստեղծութիւնները հրատարակուած են առանձին ժողովածոներով, որոնցմէ են «Տօնակարգ», «Ես եւ ուրիշներ», «Ազատերգութիւն», «Քար Հայաստանի», «Ստուեր եւ արձագանգ» եւ ուրիշներ: Անոր գործերէն շատեր թարգմանուած է ֆրանսերէն, գերմաներէն, անգլերէն, ռուսերէն եւ վրացերէն լեզուներու: Իր վաստակին համար 1989 թուականին արժանացած է Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կոնդակին եւ «Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանին: Պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» եւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան «Ա. Կարգի» շքանշաններով:

Զարեհ Խրախունի մահացած է 27 նոյեմբեր 2015 թուականին:

http://www.jamanak.com/content/հոգե-մտաւոր/16-10-2021-հայ-մամուլը-227-տարեկան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın