İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՐԹԵՒԻ ՀԵՏ ԵՐԳԵՐ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ այս շրջանին կը սկսին նոր եղանակի գործունէութիւնները։ Ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը ջանք կը գործադրէ, որպէսզի բազմակողմանի աշխատանքը վերականգնուի միութեան յարկէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ մշակուած է նոր եւ հետաքրքրական ծրագիր մը։ Նոր եղանակի բացումը տեղի պիտի ունենայ երաժշտական ձեռնարկով մը։ Այսպէս, շաբաթավերջին Արամեան սանուց միութիւնը պիտի հիւրընկալէ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեանը։

«Պարթեւի հետ հայերէն երգեր» կոչուած երեկոյթը վարչութեան կողմէ յարմար առիթ մը եղած է թէ՛ նոր եղանակը ողջունելու եւ թէ քորոնաժահրի համաճարակէն վերջ վերստին սեղաններու շուրջ բոլորուելու համար։ Բնականաբար, վարչութիւնը ձեռնարկը այնպէս մը կազմակերպած է, որ չանտեսուին համաճարակով պայմանաւորուած նախազգուշական միջոցները։ Համավարակի շրջանին մեր համայնքի գեղարուեստական կեանքը անխուսափելիօրէն տուժեց բոլոր առումներով եւ մեր երաժշտասէրներն ալ զրկուած մնացին թէ՛ Պարթեւէն եւ թէ մեր միւս համակրելի մենակատարներէն։ Ուստի, այս ձեռնարկը կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ մեր երաժշտական կեանքէն ներս նոր սկիզբ մը բնորոշելու տեսանկիւնէն։ Վարչութիւնը ողջունելի գաղափար մը յղացած է՝ նոր եղանակի բացումը այսպիսի ձեռնարկով մը կատարելով։

Երեկոյթին մասնակցելու համար պէտք է միութենէն ապահովել տոմսեր։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/13-10-2021-պարթեւի-հետ-երգեր

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın