İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՐԳԱՐԻՏ ՏԷՐԱՆՑ. «ԵՍ ԴԵՌ ՅՈՅՍ ՈՒՆԻՄ, ՈՐ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՒ ՄԵՐ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ ԱՐԱՐՄԱՆ ԹԵՒԵՐ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արմատներով արցախցի, ամերիկաբնակ արձակագիր՝ Մարգարիտ Տէրանցի հետ ունեցանք հարցազրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ:

*

-Տիկին Տէրանց Ձեր ազգանունը լսելու պահուն միշտ ալ շփոթանք ապրած եմ Դերենց ազգանունին հետ։ Խնդրեմ պատմէք, ձեր ազգանունին մասին, ուրկէ՞ կը սեռի այն։

-Ծնունդով Արցախէն եմ եւ քահանաներու տոհմէ: Մինչեւ օրս լեռներուն մէջ անհասանելի տեղ մը կայ խաչքար մը, որ կը պատկանէր մեր ցեղին, եւ Ղարաբաղի բանահիւսութեան մէջ ալ շատ կը նշուի Տէրանց ձորը (տէրհայրներու սերունդի ձորը): Ինծի համար կարեւոր են իմ ակունքները եւ երբ առիթ եղաւ գրական անուն ընտրելու, ես ընտրեցի Տէրանց իմ պապենական այս մականունը: Մեր սերնդակից արցախցիներուն առջեւ խնդիր կար՝ թրքանալ կամ ռուսանալ: Հայերը ընտրեցին ռուսանալ եւ շատ էին ոչ հայկական անունները, ես ուղղեցի իմ անունն ալ, որ Ռիթա էր եւ վերակոչուեցայ՝ Մարգարիտ: Վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին ես տեսայ Արցախի կտրուկ հայացումը եւ հիմա այնտեղ Նարինէներ, Աստղիկներ, Զարուհիներ եւ այլ հայկական անուններ կան. բան մը՝ որ մեծապէս դրական կը գնահատեմ։

-Ինչպէ՞ս յայտնուեցաք գրականութեան անդաստանին մէջ:

-Գրականութիւնը իմ արեան մէջ էր եւ այդ պարգեւ է, զոր պէտք չէ արհամարհենք եւ ըստ աստուածաշնչական առակներուն՝ տրուած պարգեւը պէտք է բազմապատկել: Ես շատ լուրջ մօտեցումով նայած եմ գրականութեան։ Երբ գրել սկսայ, զգացի ամբողջ պատասխանատուութիւնը: Մենք չենք ուզեր կորսուիլ ամբոխին մէջ, մենք կ՚ուզենք պահել մեր պարգեւը եւ գրականութեամբ զբաղելու շարժառիթը նաեւ այդ էր: Այլ շարժառիթներ ալ եղան: Ես յայտնուեցայ Միացեալ Նահանգներ, ուր սկսայ ստեղծագործել: Դժուար էր յարմարուիլ ամերիկեան հասարակութեան մէջ: Պանդխտութիւնը, տարագրութիւնը խաղաղ պատերազմ է, ուր կան յաղթողներ եւ պարտուողներ:

-Ինչի՞ մասին է Մարգարիտ Տէրանցի արձակը, ինչի՞ մասին կը պատմէք եւ դէպի ո՞ւր կը տանիք ձեր ընթերցողը:

-Ինչպէս բոլոր արձակագիրները, ես կը գրեմ կեանքի, սիրոյ, ատելութեան, հիասթափութեան մասին: Իմ ոճը այնպիսին է, որ ես կը գրեմ կերպարներու անունով եւ կերպարներու համար։ Ի վերջոյ, ինչպէս մեծ մտածողներէն մէկը ըսած է՝ «Կեցութիւնն է ծնում գիտակցութիւնը»: Օրինակ՝ իմ վերջին վէպին մէջ «Սէր լուսնեզրին», որ սիրավէպ մըն է, կը նկարագրէ հերոսուհիին կեանքը Սովետական Միւթեան փլուզման շրջանին եւ այն բոլոր աշխարհաքաղաքական փորձութիւնները, որու միջով անցաւ մեր ժողովուրդը եւ իմ հերուսուհին: Ես կը գտնեմ, որ Սովետական Միութեան փլուզումը մարդկային հսկայածաւալ զանգուածներուն մեծ փորձութիւններ բերաւ եւ ի մասնաւորի՝ հայ ժողովուրդին, որ անցաւ երեք պատերազմ՝ առաջին Արցախի պատերազմ, քառօրեայ պատերազմ եւ 44-օրեայ պատերազմ: Եւ այդ բոլորը, ի հարկէ, պէտք է գրականութիւն բերուէր:

-Շատեր կ՚ըսեն, որ իւրաքանչիւր գրող նաեւ ինք իր մասին կը պատմէ: Ձեր պարագային կա՞յ այդպիսի բան: Այս բոլորին մէջ ձեր եսը ո՞ւր է:

-«Սէր լուսնեզրին» իմ վէպի մէջ հերոսուհիս կը խօսի առաջին դէմքով, որպէս հեղինակ, բայց ասիկա թեքնիք հմտութիւն է, որպէսզի պատմութիւնը աւելի համոզիչ ըլլայ, բայց բնաւ ինքնակենսագրական վէպ չէ: Արձակը ի հարկէ նաեւ կենսագրութիւն է, մարդը իր յիշողութեան դարակներէն կը հանէ յոյզեր, կը կերպարաւորէ, կու տայ անոնց հոգի, շունչ ու մարմին: Մեր յոյզերը յաճախ կու տանք մեր հերոսներուն, բայց նաեւ մեզ կրնան այնպէս ոգեշնչել ուրիշներէ լսած ինչ-որ նախադասութիւններ, որոնք կը միանան քու երեւակայութեան եւ գրողի բնազդով դուն կը ստեղծես նոր կերպարներ: Կը կարծեմ կարեւոր է այդ բոլոր պատմութիւնները՝ անձնական կամ ո՛չ անձնական, իրատեսական կամ ո՛չ իրատեսական գրականութեան առաջնորդել ու զանոնք գրողի հոգւոյն մէջէն անցընելով գեղարուեստական արժէք դարձնել։

-Դուք կրնա՞ք ըսել, որ ձեր ընթերցողը գտած էք ըլլա՛յ ան սփիւռքի կամ Երեւանի մէջ, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ գրողի սիրտը նաեւ Երեւանի գրական միջավայրի մէջ է:

-Երբ հեղինակը կը ստեղծագործէ, ի վերուստ իրեն տրուած ինչ-որ առաջնորդութեամբ կը ստեղծագործէ եւ այդ պահուն ան բնաւ չի մտածեր ընթերցողներուն մասին։ Բայց եւ այնպէս, ես դէմ եմ այն հեղինակներուն, որոնք կ՚ըսեն, թէ «Մենք կը գրենք մեզի համար» եւ «ընթերցողը կարեւոր չէ»։ Ասոնք սխալ մտածելակերպ են, որովհետեւ ընթերցողն է, որ մեր գրածները կը վերածէ սիրելի գիրքերու: Ես կրնամ ըսել, որ տարագրութիւնը ազդակ եղաւ գրականութեամբ զբաղելու համար: Միացեալ Նահանգներու մէջ ես կարծես նոր աշխարհամաս կը յայտնագործէի, եւ այդ անկարելի էր, որ իմ վրայ ազդեցութիւն չունենար: Եւ ես աւելի շատ կը գրեմ այն արժէքներուն մասին, որոնք ունէի Հայաստանի մէջ, այդ արժեհամակարգը որոշ չափով կը փոխուի, երբ մեծ երկրէն կը նայիս փոքր երկրին, նաեւ փոքր հայեացքով կը նայիս մեծ երկրի խնդիրներուն: Քաւ լիցի, ինծի համար Հայաստանի աշխարհը ամենէն մեծ երկիրն է եւ մեր սիրտը կը տրոփէ այստեղ:

-Հիմա որ Հայաստան ենք, չենք զգար այն բաղկացուցիչները, որոնց շուրջ կը պտտի մեր կեանքը, բայց երբ արտերկիր ըլլանք, կը զգանք օրինակ՝ Արարատի կարօտը, որ միշտ տուն կը կանչէ: Այս երկիրը զարմանալի ներուժ մը ունի, կարծես կայ հոսանք մը, զոր գրողը ա՛լ աւելի կը զգայ: Ձեր մօտ եղա՞ւ այդպիսի բան, երբ վերադարձաք, այդ մէկը գրելու նոր եռանդ տուա՞ւ ձեզի:

-Տարագրութեան առաջին տարիներուն, հայրենիքի կարօտը կը խանգարէր: Ես կը կարծեմ այդ կը վերածուի ընկճախտի եւ այն մարդիկ, որոնք կը գտնուին անցեալի մէջ, չեն կրնար ապագայ ունենալ դուրսը… այսինքն այդ զգացումը պէտք է յաղթահարել: Բայց իմ ուղեւորութիւններու ժամանակ ես կը լիցքաւորուիմ մեր երկրով, մեր սիրտը կը փափախէ այստեղ, եթէ այս երկրի հետ փոքր հարց մը տեղի ունենայ, մեր սիրտը այնտեղ՝ դուրսը կը ցաւի։ Այլ խօսքով՝ որեւէ տարբերութիւն չկայ, թէ հայ մտաւորականը ո՛ւր կը գտնուի:

-Մենք այժմ դժուար պայմաններէ կ՚անցնինք զանազան առումներով՝ Արցախի հարցով, կորուստներով՝ հողային ու մշակութային. դուք ինչպէ՞ս կը դիտարկէք այս բոլորը եւ ի՞նչ զգացիք պատերազմի աղէտէն ետք:

-Այս աղէտէն ու արհաւիրքէն ետք, ես կը գտնեմ, որ մենք փոխուած ենք եւ այդ փոփոխութիւնը շատ բնական է: Ամէն անգամ որ Հայաստան կու գայի, առաջինը կը մեկնէի Արցախ, այս անգամ նոյնպէս, սակայն ճանապարհի փոփոխութիւնը արդէն վայելք չէր, այլ ծանր ուղեւորութիւն…։ Տարբեր յոյզեր էին, մենք անցանք ռուս սահմանապահներու քանի մը կէտերէն, սակայն ամենէն սոսկալին, այնքան մօտ էր Ատրպէյճանի բաժինը: Ցաւով կը նշեմ, որ այնտեղ կառոյց կը շինուի եւ ուղղակի կը մտածես, որ այդ շինութիւնը պիտի գործածուի Ստեփանակերտի դէմ: Ես կը սգամ մեր մայրերուն հետ, ուժ ու կորով այդ մայրերուն եւ աստուածային մխիթարութիւն: Ճիշդ է, մենք խաղաղասէր ազգ ենք, այդ մեր բնոյթն է, մենք ռազմատենչ ազգ մը չենք, բայց խաղաղութիւն բառը սերտօրէն կապուած է երկու ուրիշ բառերու հետ՝ Հայոց Պետականութիւն. առանց ատոր խաղաղութիւն բառը կը խամրի ու կը փոշիանայ եւ կը կորսնցնէ իր արժէքը:

-Հարաւային Կովկասի մէջ այսօր նոր իրավիճակ ստեղծուած է, նոր խաղացողներ կան, նոր լեզու: Նկատի առնելով, որ դուք մեր ժողովուրդի խիղճը նկարողներու հոյլին մէջն էք, կարեւոր է լսել ձեր կարծիքը, թէ այս բոլորին մէջ ի՞նչ պիտի ընէ փոքրիկ Հայաստանը:

-Չեմ գիտեր ինչ առաքելութիւն կայ մեր ժողովուրդի ուսերուն դրուած, բայց այնուամենայնիւ կայ որոշակի առաքելութիւն մը։ Ի վերջոյ հայու բախտը կ՚որոշուի ո՛չ թէ համայնքներու, կուսակցութիւններու կամ սփիւռքի մէջ, այլ՝ այստեղ, այս հողին վրայ՝ Արարատի շուքին տակ։ Ես կը կարծեմ, որ մենք կարիքն ունինք ազգային կուռ գաղափարախօսութեան, նաեւ ուժեղ պետականութեան: Կը կարծեմ իմաստութիւն պէտք է մեր պետական այրերուն, որովհետեւ մենք չունինք նաւթ, չունինք թուաքանակ, իսկ աշխարհը կը նայի շահին: Այդ պատուհանէն դիտուած փոքր ազգերը ձեռնոցներ են մեծ ազգերու ձեռքին: Մենք ունինք հզօր մշակոյթ եւ այսօր կարիքն ունինք միջնադարեան մեր մշակոյթին, որ աւելի բարձր էր եւրոպական արժէքներէն, եւ որ հիմք եղած էր եւրոպական քաղաքակրթութեան համար: Հայաստանին պէտք են հանճարեղ ու հզօր պետական գործիչներ, միջակութիւնները Հայաստանը կրնան տանիլ կործանման:

-Հիմա որ պիտի վերադառնաք Միացեալ Նահանգներ, ձեզի հետ ի՞նչ պիտի տանիք ձեր սիրած Հայաստանէն ու Արցախէն: Ի՞նչ է ձեր ըսելիքը:

-Բոլորը կը խօսին հայու յարատեւութեան մասին, բայց ես շատ տագնապներ ունիմ: Կան պատմութեան մէջ պահեր, երբ ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը, ինչպէս՝ Բիւզանդական, մէկ օրուայ մէջ գրաւուեցաւ ու ոչնչացաւ: Կը կարծեմ, որ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ կը գտնուինք շատ բարակ պատի մը կողմը: Կան շատ խնդիրներ, կայ ատելութիւն ընկերային խաւերու միջեւ, ատելութիւն նախկիններուն նկատմամբ. ատելութիւնը արտաքին թշնամիի նկատմամբ կը ստորադասէ հայը հայու նկատմամբ ատելութեան: 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին այդ վերելքը երբ մէկ ազգ էինք եւ մէկ բռունցք եւ բոլորը պատրաստ էին իրենց ամենավերջին լուման դնել յանուն հայրենիքի օգնութեան… փոխուեցաւ։ Յանկարծակիօրէն եղաւ ազգային ընկճախտ եւ ազգային յուսահատութիւն, ինչ որ վտանգաւոր է: Սարսափելի ուղղուածութիւններ կան՝ ժողովուրդը վերնախաւին դէմ, ժողովուրդը եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր արժէքներուն դէմ, ժողովուրդը մտաւորականներուն դէմ, բայց ես կը կարծեմ, որ անոնք ժողովուրդը չեն, այլ ամբոխն է: Որպէս հոգեւոր մարդ ես կը նայիմ Տէրոջը եւ կը տեսնեմ, որ Հայաստանին այս պայմաններուն մէջ պէտք է հոգեւոր արթնութիւն, որովհետեւ ամենէն ուժեղ տնտեսական բարեկարգութիւնն իսկ դատապարտուած է, եթէ չկայ հոգեւոր արթնութիւն, եթէ մարդոց ներքինը չէ փոխուած: Մենք առանձնայատուկ երկիր ենք, պէտք է խորանանք մեր արմատներուն մէջ եւ գտնենք մեր եսը, եւ լուրջ չէ նմանակել դուրսի հոսանքները ու զանոնք բերել Հայաստան, ինչպէս եղաւ յեղափոխութեան ժամանակ։ Պատերազմի վտանգ ունեցող երկրի համար, իւրաքանչիւր յեղափոխութիւն թէկուզ՝ թաւշեայ շռայլութիւն է: Ի հարկէ, ես դէմ եմ կաշառակերութեան, այդ չարիք է, բայց նաեւ եթէ ամէն մէկ նոր իշխանութիւն ժխտէ հինը, աւելին՝ ժխտէ ամէն ինչ եւ չստեղծէ նորը, անշուշտ թշնամին պիտի օգտուի այդ իրավիճակէն: Ես շատ առարկայական եմ հիներու սխալներու նկատմամբ, բայց դէմ եմ, որ այդ բոլորը դրօշակ սարքուին։ Ու վստահ եմ, որ պատերազմի ընթացքին պատերազմի եւ պարտութեան պատասխանատուութիւնը կ՚իյնայ գործող իշխանութիւններուն վրայ:

-Ցարդ քանի գիրք ունի՞ք եւ ամենէն կարեւորը ի՞նչ ապագայ ծրագիրներ կան վէպաստեղծութեան ուղղութեամբ: Ի՞նչ սպասենք ձեզմէ:

 -Տպագրած եմ վեց գիրք. «Բիւրեղապակեայ ծաղկամանը», «Սարերում պահուած գաղտնիքը», «Քառակուսի մենակութիւն», «Սէր եւ իմիգրացիա», «Քրտնաձուկ» եւ վերջինը վէպ՝ «Սէրը լուսնաեզրին»: Երբ կը վերջացնէի իմ հերթական գիրքս, արդէն յաջորդ գիրքը գոնէ 50 տոկոսով կար, բայց այս անգամ, վերանշուած բոլոր հանգամանքներուն հետ կապուած, ես ինքզինքս կը գտնեմ, որպէս մտաւորական, ինչ որ փակուղիի մը մէջ: Ունեցած եմ անձնական կորուստներ, կորսնցուցած եմ ծնողներս, բայց այնուհանդերձ անանձնական վիշտը եւ անանձնական տառապանքը կը գերակայէ անձնականին: Բայց ես կը նայիմ առ Աստուած, եւ կը գտնեմ, որ ես կ՚ամբողջականանամ եւ կու գան նոր ստեղծագործութիւններ: Ես թեւաւոր խօսք ունիմ «տառապանքը կարող է մարդուն կործանել, իսկ շատերուն կարող է մօտեցնել Տէրոջը եւ տայ արարման թեւեր», ես դեռ յոյս ունիմ, որ մեր ժողովուրդը եւ մեր պետականութիւնը ունենան արարման թեւեր: Մարդկային առումով պետական այրերէն վաղուց արդէն հիասթափուած եմ, բայց ես հիասթափուած չեմ Տէրոջմէ, ան բոլոր ժամանակներու Աստուածն է: Քաջ գիտեմ, որ կու գան ճիշդ փոփոխութիւններ, ճի՛շդ ժամանակին, ճիշդ մարդու միջոցով: Յոյս ունիմ, որ կու գայ այդ պետականամէտ մտածող, պայծառ այնպիսի անձնաւորութիւնը, որ իր անձնական եւ կուսակցական շահերը կը ստորադասէ հայոց պետականութեան շահերուն:

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/2-10-2021-մարգարիտ-տէրանց-«ես-դեռ-յոյս-ունիմ-որ-մեր-ժողովուրդը-եւ-մեր-պետութիւնը-կ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın