ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակը կը շարունակուի նշուիլ աշխարհի տարածքին: Իտալիոյ մէջ, Հայաստանի դեսպանութեան կազմակերպութեամբ, այս տարի Հայաստանի անկախութեան տօնը իբրեւ յոբելենական տարեթիւ, նշանաւորուեցաւ յատկանշական կերպով:
Իտալիոյ մէջ Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակը տօնուեցաւ խորհրդանշական վայրի մը մէջ՝ 1836 թուականին հիմնուած Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի կամարներուն տակ: Ձեռնարկին Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեանի եւ Վենետիկի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Գագիկ Սարուխանեանի հրաւէրով մասնակցած է Իտալիոյ Ծերակոյտի փոխ-նախագահ Փաոլա Թաւերնա, որ իր գործունէութեամբ միշտ փաստած է իր հայամէտ կեցուածքը: Այլ հրաւիրեալներու շարքին էին ազգային եւ տարածքային իշխանութիւններու ղեկավարներ, Մխիթարեան միաբանութեան հայրեր, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, իտալացի բարեկամներ:
Ուրախալի է դեսպանատան միջոցով տեղեկանալ, թէ պատմական դպրոցի երդիքին տակ ինչ յուզիչ ձեռնարկ մը կազմակերպուած է՝ 44-օրեայ պատերազմի առաջին տարելիցէն օրեր առաջ: Ելոյթներ հնչած են 30-ամեայ անկախութեան արժեւորման եւ վերջին ցաւալի իրադարձութիւններուն մասին: Երկու երկիրներու քայլերգներէն ետք ելոյթներ ունեցած են Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, Ծերակոյտի փոխ-նախագահ Փաոլա Թաւերնա, Մխիթարեան միաբանութեան Հայրապետական պատուիրակ Լեւոն Արք. Զեքիեանը, Վենետիկի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Գագիկ Սարուխանեան: Անոնք իրենց ելոյթներուն մէջ շեշտած են հայ-իտալական յարաբերութիւններուն անցեալն ու զայն պահելու անհրաժեշտութեան կարեւորութիւնը:
Գեղարուեստական բաժնին մէջ ելոյթներ ունեցած են սոփրանօ Ելենա Առաքելեան, դաշնակահար Մարչելլօ տէ Վիտան, տուտուկահար Արամ Իփէքճեան: Երեկոն վարած է Վենետիկի Քա Ֆոսքարի համալսարանէն փրոֆ. Սօնա Յարութիւնեան:
Այս ձեռնարկէն օրեր ետք, կրկին հայ դիւանագէտներու կազմակերպութեամբ, Իտալիոյ Ծերակոյտի փոխ-նախագահը, Իտալիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, ծերակուտականներ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, արուեստագէտներ, լրագրողներ այցելած են Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզին՝ ծանօթանալու հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ պատմամշակութային ժառանգութեան։
ԱՆՑԵԱԼԻ ՈՒ ՆԵՐԿԱՅԻ ԿԱՊԵՐ
Խոր անցեալէն եկող այդ ժառանգութիւնը այսօր ալ պահելու, փայփայելու եւ աշխարհին ատով ներկայանալու հրամայականը ունի: Հայաստանի եւ Իտալիոյ հանրապետութիւններուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած են 17 մարտ 1992 թուականին, սակայն տակաւին հինաշխարհեան շրջանէն՝ Հռոմէական կայսրութեան եւ Մեծ Հայքի թագաւորութեան օրով գոյութիւն ունէին առընչութիւններ:
Ի սկզբանէ Հանրապետական Հռոմն ու թագաւորական Հայքը ունեցած են բարեկամական յարաբերութիւններ, սակայն հայոց թագաւորներու պարթեւամէտ քաղաքականութիւնն ու Հռոմի զաւթողականութեան դրսեւորումները որոշակի ապակայունացման հիմք հանդիսացան: Հայ-իտալական յարաբերութիւնները նոր ընթացք ստացած են Բիւզանդական կայսրութեան օրով։
867 թուականին հոս կը հաստատուի հայկական արքայատոհմը, որ ա՛լ աւելի կը սերտացնէ երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Այս շրջանին արեւմտեան բազմաթիւ գործիչներ իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ կը մատնանշեն երկու երկիրներու նմանութիւնները։ 1918-ին Իտալիան կը ճանչնայ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութիւնը։
Անջատ նիւթ մըն է Վենետիկի հետ ունեցած հայոց կապն ու առընչութիւնները: Վենետիկի հայ համայնքը կազմաւորուած է 13-րդ դարուն սկիզբը, երբ ծովային աշխոյժ առեւտրական յարաբերութիւններ կը հաստատուին Վենետիկի ու Կիլիկեան Հայաստանի միջեւ։ 1211 թուականին Լեւոն Բ. թագաւոր վենետիկցի առեւտրականներուն շնորհած է արտօնութիւններ, որոնք յետագային ընդլայնած են։ Փոխադարձաբար Վենետիկի մէջ հայերուն առանձնաշնորհներ ըրած են, եւ 13-րդ դարու առաջին կէսին հայերը Վենետիկի մէջ ունէին Հայոց տուն, որ նուիրած էր Վենետիկի Մարկօ Ծիանին տոճին։
1348 թուականին կը յիշատակուին Հայ եղբայրներու Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին եւ վանքը՝ քաղաքի Քասթելլօ թաղամասին մէջ, 1434 թուականին՝ հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցին՝ կառուցուած Կանթեղներու նրբանցքին վրայ, որ յետագային կոչուած է Հայոց նրբանցք (Կալլէ տէի Արմէնի), ցայսօր նոյն անունը ունի:
Հայերը ունէին գերեզմանատուն, որ կը գտնուէր Սուրբ Գէորգ (Սան Ճիորճիօ) կղզիին մէջ, 1970-ական թուականներուն կատարուած պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած է 1570 թուականի տապանաքար մը՝ հայերէն արձանագրութեամբ։
Վենետիկի հայ համայնքը իր բարգաւաճման հասած է 16-18-րդ դարերուն՝ մանաւանդ Հին եւ Նոր Ջուղայի վաճառականներուն գործունէութեան շնորհիւ, Վենետիկի մէջ առկայ Ջուղայեցիներու փողոցը այս պատմական դրուագին վառ ապացոյցն է: Նոյն դարերուն Վենետիկը դարձած է հայկական տպագրութեան կեդրոն։
1715 թուականին Վենետիկ հասած է Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացին՝ իր տասնվեց միաբաններով եւ երկու տարի ետք հաստատուած է Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ: 1789 թուականն կղզիին մէջ սկսած է գործել Մխիթարեան հայրերու հիմնած հայկական տպարանը։ 1836 թուականին Մխիթարեան միաբանութիւնը հիմնած է Ռափայէլեան (յետագային՝ Մուրատ-Ռափայէլեան) վարժարանը, իսկ 1843 թուականին՝ «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսը, որ ցայսօր կը շարունակուի, Մխիթարեաններու պատմական գործունէութիւնն է Սուրբ Ղազար կղզիի մէջ:
ԾՈՎԻՆԱՐ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ
Մեծապէս խորհրդանշական է, որ մեր պետականութեան այս կարեւոր հանգրուանը՝ անկախ Հայաստանի 30-ամեակը, կը տօնենք այստեղ՝ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանէն ներս: Չէ՞ որ այս կրթամշակութային օճախին մէջ ուսանած եւ դասաւանդած են այնպիսի մեծանուն հայեր, ինչպիսիք են՝ հայ բանաստեղծ, բանասէր, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, թարգմանիչ հայր Ղեւոնդ Ալիշան, արեւմտահայ բանաստեղծներ Դանիէլ Վարուժան, Թովմաս Թէրզեան, արձակագիր Արփիար Արփիարեան, դերասան Վահրամ Փափազեան, նկարիչներ Զարեհ Մութաֆեան եւ Էտկար Շահին, քանդակագործ Յակոբ Փափազեան եւ տակաւին բազմաթիւ այլ մեծեր, որոնք աշխարհին ներկայացուցած են հայն ու հայկականը։ Ներկայացուցած են այնժամ, երբ հայոց պետականութիւնը տակաւին գոյութիւն չունէր:
Չէ՞ որ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը Մխիթարեան միաբանութեան հետ համատեղ, իրենց բազմաբնագաւառ հայագիտական վաստակով, հասարակական ու հոգեւոր կեանքի մեծարժէք ուսումնասիրութիւններով, հայոց պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն տակ պահած ու փայփայած են ամէն հայկականն ու հասցուցած են մեզի։
Չէ՞ որ հոս կրթութիւն ստացած է անկախ Հայաստանի առաջին սերունդը, երբ 1991 թուականին վարժարանը իր յարկին տակ հիւրընկալած է Հայաստանէն ժամանած ուսանողները, որոնց կարգին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկու ապագայ դեսպաններ, ինչպէս նաեւ Վենետիկի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսը:
Սիրելի հիւրեր,
Ի դէմս Մխիթարեան միաբանութեան, աշխարհով մէկ սփռուած նման հաստատութիւններու գործունէութեան շնորհիւ է, որ դարեր շարունակ հայոց մշակոյթը կատարած է հայոց «բանակի», հայոց անվտանգութեան երաշխաւորի դերը։ Եւ այդ նոյն գործունէութեան շնորհիւ մեզի վիճակուած էր, մէկ հազարամեակ անց, վերականգնել մեր անկախ պետականութիւնը եւ աշխարհի քարտէսը գունաւորել Հայաստան կոչուող իրաւական ու ժողովրդավար պետութեամբ։
Բայց անկախութեան ձեռքբերմամբ այդ գործընթացը չ՚աւարտիր, կը սկսի աւելի բարդ՝ զայն պահելու եւ պահպանելու փուլը։
Հայաստանի բնակչութեան զգալի մէկ մասը ծնած կամ գոնէ իր կեանքին գիտակից մասը ապրած է անկախ պետութեան մէջ։ Մեզի համար պատիւ է անկախութիւնը արժեւորող եւ ամրապնդող սերունդ ըլլալը։ Մենք ունինք լայն ու առատ հնարաւորութիւններ մեր երկիրը կայուն եւ բարգաւաճ երկրի վերածելու։ Եւ այսօր, երբ մենք կը տօնենք մեր անկախութիւնը, մենք կը տօնենք մեր կատարած ընտրութիւնը՝ ազատ հասարակութեան, ժողովրդավարութեան ու օրէնքի ուղին:
Սակայն այսօր՝ մեր ժողովուրդին նետուած մարտահրաւէրներուն դիմակայելու համար, մեզի համար կենսական անհրաժեշտութիւն է համախմբուածութիւնն ու միասնականութիւնը։ Մենք՝ հայերս, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, աւելի միաբան ենք, երբ մեր պետութեան վտանգ կը սպառնայ: Ըսածիս վառ ապացոյցն է 44-օրեայ պատերազմը…
Պատերազմին ողջ ընթացքին ամէն հայ, աշխարհի բոլոր ծայրերէն, կրցած չափով իր նպաստը բերաւ Արցախին եւ Հայաստանին։ Բոլորը մէկ բռունցք դարձած, ոմանք սահմանին, ոմանք՝ թիկունքը, կ՚ընէին հնարաւորն ու անհնարը, պաշտպանելու Արցախը…
Օգտուելով առիթէն կ՚ուզեմ իմ երախտագիտութիւնս յայտնել իտալական իշխանութիւններուն՝ հաւասարակշռուած ու խոհեմ դիրքորոշման համար եւ իմ խորին երախտագիտութիւնս՝ եղբայր իտալացի ժողովուրդին արդարութեան հանդէպ այդ բարձր զգայնութեան համար։
Ձեզմէ շատեր, յարգարժան ներկաներ, այդ դժուար օրերուն ըրին իրենց կարելին՝ մեզի նեցուկ կենալու համար: Չեմ ուզեր նշել անուն առ անուն, ոեւէ մէկը զանց չառնելու համար, սակայն ձեզմէ իւրաքանչիւրին անունը իմ սրտիս մէջ է։ Անտեսելով այսրոպէական շահերը, դուք հաստատակամօրէն կանգնեցաք արժէքներու կողքին: Մեր պետականութիւնը զարգացած ու ամրացած է նաեւ ձեր շնորհիւ։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ նաեւ բոլոր այն մարդոց, որոնք հոս ներկայ չեն, սակայն այս կամ այն ձեւով սատար կեցած են մեզի եւ օգնած յաղթահարելու անկախ պետականութեան այս տարիներուն մեզի պատուհասած թերեւս ամենածանր մարտահրաւէրը։ Մեզի՝ հայերուս համար մանաւանդ կարեւոր է արժէքներով առաջնորդուող բարեկամներ ունենալը:
Յարգելի ներկաներ,
Այսօր աւելի քան կարեւոր է, որ մենք խաղաղ պայմանները նոյնպէս լիարժէք գործածենք ու միաբան ըլլանք նաեւ խաղաղութեան ժամանակ։ Մենք՝ հայերս, լաւ գիտենք խաղաղութեան արժէքը եւ մշտապէս խաղաղութեան կը ձգտինք: Բայց մենք պէտք է կարենանք նաեւ խաղաղութիւնը լեցնել բովանդակութեամբ ու վերածել յաջողութիւններու՝ առաջին կարգին՝ ընկերային-տնտեսական ասպարէզէն ներս:
Խօսքս ձեզի կ՚ուղղեմ, սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Հայոց պետականութիւնը մեր բազմաթիւ նախնիներու դարաւոր երազանքն է, մեր հայրերուն ստեղծածն ու փայփայածը, մեր բոլորիս զաւակը, որ այսօր, աւելի քան երբեւէ մեր հոգածութեան կարիքն ունի: Եւ այսօր, աւելի քան երբեւէ, մենք պիտի համախմբուինք՝ յաղթահարելու վերջին շրջանին մեզի պատուհասած փորձանքը, ամոքելու մեր վէրքերն ու առաջ ընթանալու:
Թէ ինչպէս կ՚ըլլայ մեր սիրելի Հայաստանը, կախեալ է մեզմէ իւրաքանչիւրէս: Հայաստանը կ՚ըլլայ այնպիսին, ինչպիսին զայն կը դարձնենք միասին:
Շնորհաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան 30-րդ տարեդարձը:
http://www.jamanak.com/content/ընկերա-մշակութային/30-09-2021-անկախութեան-տօնի-նշում՝-վենետիկի-մէջ
İlk yorum yapan siz olun