İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԷՏՎԻՆ ԷՐՏԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆԱՌԹԻՒ

Ն.Ա.Տ. Մահակ Բ. Պատրիարք Հայրը Լոս ԱՆճելոսի Պոլսահայ Միութեան Ատենապետ՝ ԻրաւաբանԷտվին Էրտի Մինասեանի մահուան եւ կատարելի յուղարկաւորութեան արարողութեան առթիւցաւակցական պատգամ ուղարկեց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արքեպս. Տէրտէրեանի։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր ցաւակցականին մէջ ըսաւ.

«Տիար Էտվին Էրտի Մինասեան ծննդեամբ Պոլսեցի, հասակ նետած Պոլսեցի աւանդականընտանեկան երդիքի տակ, ի տղայ տիոց ապրած է իր ծննդավայրի բարքերն ու աւանդութիւնները, բան մը որ իր անդրադարձը ունեցած է ապագայի գործունէութեան։

Իր ընդգրկած իրաւաբանի ասպարէզը ի գործ դնելով յաջողութիւններ արձանագրած է, դառնալովհանրածանօթ անուն մը Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Իր իրաւաբանական գիտութիւնը ի պահանջելհարկին ի սպաս դրած է նաեւ յօգուտ համայնքային կեանքին, մանաւանդ Պոլսահայ Միութեանշրջաննակէն ներս։

Իր ազգանուէր ծառայութեամբ Պոլսահայ Միութեան մշակութային եւ կազմակերպչականձեռնարկներուն բերած է իր մասնակցութիւնը, ծառայութիւն մը՝ որ բնականաբար անմոռանալիըլլալով արձանագրուած պիտի մնայ միութեան պատմութեան էջերուն մէջ։

Որպէս Պոլսոյ Պատրիարք մեր նախորդներուն գծով միշտ կը գնահատենք Միութեանգործունէութիւնները, որոնք սփիւռքի պայմաններուն մէջ կապ կը պահեն իրենց ծննդավայրին հետ։Միութեան վարչութեան եւ անդամներուն ջերմ հետաքրքրութեան մէջ բաժին ունեցած է նաեւհանգուցեալը։

Այս առթիւ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ եւ ՀոգեւորականացԴասուն, համայնքային մարմիններուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կը յայտնենք մեր խորազգացցաւակցութիւնները եւ կ՚աղօթենք որ Աստուած լուսաւորէ հոգին եւ արժանացնէ երկնայինանթառամ պսակներուն, Սուրբ Հոգիով մխիթարէ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաները եւՄիութեան անդամները։ Կը մաղթենք, որ Միութիւնը շարունակէ ունենալ հանգուցեալի նմանազգանուէր ծառայողներ մեր արժէքներու անվթար պահպանման համար»։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın