İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 23 Սեպտեմբեր 2021, Հինգշաբթի, ժամը 14.30-ին այցելեց ՅունացՊատրիարքարան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան՝ Դիւանապետի Օգնական՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանեւ Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Նախ քան ընդունելութիւնը, Նորին Ամենապատուութիւնը ու հետեւորդները այցելեցին Աթոռանիստ Ս. Գէորգ Տաճար, ուր առաջի Ս. Սեղանոյ կատարեցին աղօթասացութիւն։ Ապա, Պատրիարք Հայրըհանդիպում ունեցաւ, Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթողոմէոս Պատրիարքի հետ։

Քաղաքավարական այս այցելութեան ընթացքին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց ՆորինՍրբութիւնը իր ծննդեան եւ քահանայական ձեռնադրութեան տարեդարձերուն առթիւ, նաեւշնորհակալութիւն յայտնեց անհանգստութեան օրերուն ցուցաբերած եղբայրական ջերմհետաքրքրութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը տեղեկացած ըլլալով, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլուի գործողութեան ենթարկուած էր. յայտնեց արագ ապաքինմանիր մաղթանքները։

Ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընդացքին երկու հոգեւոր պետերգաղափարի փոխանակումներ ունեցան միջեկեղեցական առօրեայ եւ ընթացիկ նիւթերու շուրջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր հետեւորդները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուածընդունելութեան համար եւ հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın