İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԼՈՅՍ» ՄԷՏԻԱՅԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 20 Սեպտեմբեր 2021, Երկուշաբթի, առաւօտ, Պատրիարքարանիմէջ ընդունեց «Լոյս Մէտիա»յի Վարչութեան Ատենապետ Արամ Քուրանն ու Ընդհանուր ՏնօրէնՅարութիւն Քուրանը։

Այցելուներ, Պատրիարքարան փութացած էին վերջերս տեղի ունեցած ուրախառիթ զարգացում մը, Պատրիարք Սրբազան Հօր անձամբ փոխանցելու եւ իր օրհնութիւնը ստանալու տրամադրութեամբ։Անոնք յայտնեցին, թէ՝ Լոյսը, որպէս մամլոյ միջոց իր գործունէութեան սկսած էր որպէս թերթ։Յաջորդաբար, ան իր գործունէութեան դաշտը ընդլայնելով սկսած էր նաեւ որպէս հեռուստակայանսփռումներ կատարել։ Իսկ, վերջերս տեղի ունեցած զարգացումին համաձայն, յայտնի կը դառնար, թէ՝ Լոյսը ապահոված է որպէս հեռուստակայան, արբանյակային սփռումներ կատարելուպաշտօնական իրաւունք։ Այլապէս, 15 Հոկտեմբերէն սկսեալ Լոյսը, որպէս Թուրքիոյ հայերէնովսփռում կատարող առաջին կայանը, իր սփռումները պիտի կատարէ նաեւ D-Smart 160. Կայանի էջէնեւ Turksat Արբանյակէն։ Հիւրերը, Մեր Հոգեւոր Պետին թէ՛ զարգացումի մանրամանութեանց մասինտեղեկութիւններ փոխանցեցին, եւ թէ՛ ծրագիրներու մասին զրուցեցին։ Պատրաստակամութիւնյայտնեցին նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ հետ միատեղ աշխատութիւններ եւս կատարելու։      

Պատրիարք Հայրը, սոյն զարգացումի կապակցութեամբ իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ որպէսհամայնքային մամլոյ միջոց Լոյսի կատարած գործունէութեան անդարադարձաւ։ Մեր ՀոգեւորՊետը, ներկայ դարուս տեսալսողական միջոցներու կարեւորութիւնը շեշտելով, յայտնեց թէ՝ նմաննախաձեռնութիւնները համայնային կեանքը ծանօթացնելու համար լաւ առիթներ էին։ Այս առիթով, յիշեցուց նաեւ թէ՝ Պատրիարքական Աթոռոյ Տեղեկատուական Բաժանմունքը եւս նման նպատակովտեսալսողական միջոցները օգտագործելով Աթոռոյս ձայնը կը դառնայ եւ ըստ տեղեկութեանց սոյնառաքելութիւնը կը շրջանցէ Ստանպուլի սահմանները ու կը հասնի մինչեւ հեռաւոր ափերը։ Այսառիթով յիշեցուց, թէ՝ Լոյսի գործունէութեան Պատրիարքական Աթոռը եւս հարկաւորպարագաներուն պատրաստ է իր օժանդակութիւնը բերել։ Պատրիարք Հայրը, այցելու վարիչներունանձերուն մէջ, իր օրհնութիւնը տուաւ հաստատութեան գործունէութեան եւ մաղթեց, որ նորզարգացումը պտղատու դառնայ մեր համայնքային կեանքին։

Հարկ է յիշեցնել, թէ՝ վերջերս Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, Աղթամարի Ս. ԽաչԵկեղեցւոյ մէջ եւ Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. Պատարագները, Պատրիարք Սրբազան Հօր օրհնութեամբ Աթոռոյս «Լրաբեր» Կայանի եւ «Լոյս» Ընկերութեանհամագործակգութեամբ սփռուած ըլլալով, տարբեր երկիրներէ հազարաւոր ակնդիրներուն հասածէին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın