İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՄԵՆՔ՝ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ»Ի ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ՅՈՒՇԵՐ ՏԵՂԱՓՈԽԵՑԻՆ ԴԷՊԻ ՆՈՐՕՐԵԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՐՄԱՐԱ-Ի ՄԷՋ՝ «ՄԵՆՔ՝ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ» ԷՋԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՅՈՒՇԵՐ ՏԵՂԱՓՈԽԵՑԻՆ ԴԷՊԻ ՆՈՐՕՐԵԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Երէկ գիշեր «ՀայԹերթ»ի նախաձեռնութեամբ համացանցի վրայ սփռուեցաւ հետաքրքրական յայտագիր մը։ Այս յայտագիրը ձօնուած էր նորոգ հանգուցեալ Րաֆֆի-Հերմոն Արաքսի յիշատակին։

Մեր ընթերցողները կը յիշեն որ մօտիկ անցեալին, 1979-1980 թուականին երիտասարդները մշակութային գետնի վրայ համախմբելու նպատակով, Մարմարա-ի երդիքին տակ հաստատուած էր յատուկ էջ մը՝ «Մենք – նոր սերունդ» անունով։ Այդ էջերու գլխաւոր պատասխանատուներէն այժմ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժնի խմբագիր՝ Բագրատ Էսթուքեան, համայնքային գործիչ եւ «Հրանդ Տինք» հայաստանեան դպրոցի հոգաբարձու՝ Տիկին Դալար Հորոզօղլու եւ անուանի ծաղրանկարիչ՝ Սարգիս Փաչաճը երէկ գիշուայ յայտագրի մասնակիցներն էին։ Հաղորդավարի պաշտօնը ստանձնած էին Սեւան Աթաօղլու եւ Թամար Գարասու, նաեւ որպէս համակարգող՝ Այտա Էրպալ։ Յայտագրի մասնակիցները իրենց յիշատակները պատմեցին «Մենք՝ նոր սերունդ»ի պատրաստութեան օրերէն, ինչպէ՞ս կը միանային Մարմարա-ի խմբագրատան մէջ, ի՞նչ էր իրենց նպատակը, ինչպէ՞ս կը խմբագրէին ու կը հայթայթէին լուրերը, այսինքն ձայնը կը դառնային նորահաս սերունդին։ Շահեկան էին Բագրատ Էսթուքեանի պատմածները այն մասին թէ ինչպէս լուր հայթայթելու համար ինք կþերթար Իսթանպուլի մէջ Ռուսաստանի հիւպատոսարան, ուր մուտքին շարուած կþըլլային Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներէն օրաթերթեր ու պարբերականներ, հոնկէ կը գտնէր Հայաստանեան հրատարակութիւնները եւ անոնցմէ օգտուելով լուրեր կը հրատարակէին Հայաստանի ու հայաստանեան կեանքի մասին։

Յայտագրի ուշագրաւ բաժիններէն մէկն ալ դրուատանքի այն խօսքերն էին, զորս մասնակիցներէն Բագրատ Էսթուքեան ու Դալար Հորոզօղլու ունեցան մեր վաստակաշատ խմբագիր՝ Ռ. Հատտէճեանի մասին։ Բագրատ Էսթուքեան յայտարարեց որ Ռ. Հատտէճեան խանդավառութեամբ դիմաւորած էր ներքին երկու էջերը պարբերական դրութեամբ երիտասարդութեան տրամադրելու առաջարկը։

Բագրատ Էսթուքեան սապէս շարունակեց իր ելոյթը. «Ասիկա ցոյց կուտայ Ռ. Հատտէճեանի՝ որպէս անձ, որպէս մարդ մերձեցման դրսեւորումը, լաւատեսութիւնը, դէպքերուն դրական տեսանկիւնէն մօտենալու կերպը։ Թէեւ Սարգիս Փաչաճը նշեց որ մենք բոլորս ծայրայեղ ձախակողմեան գաղափարներ կը պաշտպանէինք, բայց ատիկա լիովին այդպէս չէ, այո՛, Րաֆֆին, ես, Սարգիսը, ունէինք այդպիսի որոշ հակումներ, բայց մեր խումբի միւս անդամներու համար գաղափարներն ու առաջնահերթութիւնները տարբեր էին։ Օրինակի համար այդ օրերուն մեծ խանդավառութեամբ էջերուն վրայ արձագանգ եղած էինք 1 Մայիսին, Կիներու միջազգային օրուան։ Հիմա այդ թէմաները այլեւս «փակ» թէմաներ չեն, բայց այդ տարիներուն ասոնք աւանգարդ բաներ էին։ Եթէ Ռ. Հատտէճեան մեզի տէր կանգնած չըլլար, հաւանաբար ծանր կը հալածուէինք։ Եթէ «Մենք՝ նոր սերունդ» էջը Մարմարա-ի սիւնակներուն մէջ չըլլար, աւելի ծանր կը հալածուէինք այս համայնքի պահպանողական շրջանակներուն կողմէ։ Ակնարկեցի արդէն «շրջահայեաց» բառով իրենք զիրենք բացատրող, ամէն բանի համար մեծ զգուշութիւն վատնող խելացի մարդոց, որոնց համար մենք վտանգաւոր տարրեր կրնայինք նկատուիլ։ Մեր քննադատած բոլոր վարչականները միշտ ալ ա՛յս մերձեցումը ունեցած են։ Ըսած են որ մենք մեր ղեկավարած հաստատութիւնները վտանգէ զերծ պահել կþուզենք։ Մինչդեռ մենք վտանգաւոր բաներ չէ որ պիտի առաջարկէինք, բայց իրենց մերձեցումը միշտ այդպէս եղաւ։ Այսինքն այս համայնքին մէջ տիրող հիմնական սկզբունքը պահպանողականութիւնն է։ Մի գուցէ այս ալ հասկնալի է, Թուրքիոյ նման երկրի մէջ ինքնութիւնը պահել ջանացող փոքրամասնութիւնը ինքնաբերաբար պահպանողական դիրքի պիտի մատնուի, ասիկա հասկնալի է, բայց վերջապէս պահպանողականութեան մէջ նոր ծիլեր արձակելը անկարելի է, պահպանողականութեան մէջ նոր միտքեր ստեղծել անկարելի է, մեզի յառաջ տանելիքը այդ նոր միտքերն են, այլ ոչ թէ պահպանուածները, պահպանուած, սրբութեան վերածուած սկզբունքները։ Թերեւս սերունդի տարբերութիւն էր, էջի խորագիրն ալ ատո՛ր կþակնարկէր։ «Մենք՝ նոր սերունդ» խորագիրն իսկ մանիֆէսթօ է, հրապարակ իջնելու եղանակ մը։ Շատ բաներ հո՛ն անգամ իրենք զիրենք զգացնել կուտան»։

Դալար Հորոզօղլու եւս սրտախօսիկ արտայայտութիւններ ունեցաւ Ռ. Հատտէճեանի մասին։ «Անկարելի է գնահատալից տողերու չխօսիլ Պր. Հատտէճեանի մասին։ Իր ըրածը իրօք թէ բարեկամեցողութեան, թէ երիտասարդութիւնը քաջալերելու մօտեցում էր։ «Մենք՝ նոր սերունդ»ի էջերու հրատարակութեան ընթացքին քննադատողներ կային։ Մեր նպատակը միայն հայ գրականութիւն, հայ համայնքի խնդիրները գրել չէր, մենք կը հետապնդէինք շարժում մը ստեղծելու նպատակը, կþուզէինք արդիական գաղափարներ ներշնչել, համայնքը աւելի լաւ տեղ մը առաջնորդելու ջանքը ունէինք։ Այո՛, վստահաբար մեր գրածները կրնային կարգ մը անձերու կամ շրջանակներու անհանգստութիւն պատճառել։ Կրնամ ըսել որ Ռ. Հատտէճեան յառաջամիտ գաղափարներու պաշտպան էր ու ատոր համար է որ 1979ին, երկրի քաղաքական պայմաններու տակ կարեւորութիւն տուաւ նոր սերունդի ձայնին։ Գրութեան մը մէջ գրած էի, այո՛, սերունդներու միջեւ խնդիրներ կային, հիմա ալ նոյնն է պարագան։ Մեզի ալ կþըսէին որ փորձառութիւն չունէինք, մեզ կþարհամարհէին, բայց  Ռ. Հատտէճեան ապագան կը տեսնէր մեր մէջ, մեր խանդավառութեամբ կþուրախանար, հայ մամուլի հանդէպ մեր փարումը կը գնահատէր, կը գնահատէր խաւարը ցրուելու մեր ջանքերը։ «Մենք՝ նոր սերունդ»ի էջերուն վրայ կար «Նամակ խմբագրապետէն» սիւնակը։ Ան այդ սիւնակով մեզ կը քաջալերէր, մեզ կը զգուշացնէր չար եւ նախանձ քննադատութիւններէ, կը քաջալերէր մեզ, հարկաւ կը սրբագրէր մեր գրութիւնները, շինիչ քննադատութիւններ կþընէր, մեզ թերթ կը հրաւիրէր, էջի հրատարակութեան նախորդ օրը խմբագրատուն կþերթայինք ու էջադրութիւնը միասին կþընէինք։ Հոն գրաշարութիւնը կը դիտէինք, թերեւս Ռ. Հատտէճեան մեզ գործի խոհանոցին մէջ աշխատցնելով, մեզմէ մէկ քանին լրագրող պատրաստել կը ջանար, ինչպէս Բագրատն ու Րաֆֆին, կամ Սարգիսը։ Թերթի գրասենեակի մէջ աշխատանքը հաճելի էր ու կարեւոր, մենք կը զգայինք որ այս գործը սկիզբէն մինչեւ վերջ մեր գործն էր։ Եթէ Ռ. Հատտէճեան կը լսէ, կþուզեմ հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնել իրեն մեզ քաջալերելու, մեր գործունէութիւնը խրախուսելու համար»։

Այս շահեկան ձեռնարկի համար կը շնորհաւորենք ձեռնարկի բոլոր մասնակիցները, հաղորդավարներն ու համակարգողը, որոնք անցեալէն յուշեր տեղափոխեցին նորօրեայ իրականութիւն։

***         Դիտել տանք որ «Մենք՝ նոր սերունդ»ը լոյս տեսած է 17 Հոկտեմբեր 1979-12 Յունիս 1980 թուականներու միջեւ։ Աշխատակցած են նաեւ Հրանդ Գալաթաշ, Փանոս Ալարեան, Կիւհէր Եոլտաշ, Կարպիս Փուլուր, Լորիս-Արման Պարտիզպանեան, Գաբրիէլ Պապիկեան, Սարգիս Էքմէքճի ¤Հացպանեան_, Յակոբ Հերկէլեան, Յովհաննէս Կէօզմէն, Գրիգոր Մարգարեան, Մինաս Օֆլազ, Սարգիս Պահարօղլու, Մկրտիչ Թորոս ¤Արծիւեան_։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın