İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՌՈՒՊԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Սուրբ ԱստուածածինՎանքի այգին ու մասնակցեցաւ Դպրեվանքի ուսանողներուն կողմէ կատարուող ռուպիպատրաստութեան աշխատանքին:

Վեհափառ Հայրապետը դպրեվանեցիներուն հետ ունեցած իր մտերմիկ հանդիպման ընթացքինյիշելով իր ուսանողութեան շրջանին կատարուած նման աշխատանքները, շեշտեց թէ Դպրեվանքին մէջ ուսանողը ո՛չ միայն հայագիտական ու աստուածաբանական ուսում կը ստանայ, այլ՝ աշխատասիրութեան եւ կարգապահութեան ոգին կը կերտուի անոր մէջ: Ապա, Նորին Սրբութիւնըըսաւ. «Դպրեվանքը իր լայն կարելիութիւններով կը նպաստէ մեր ազգի զաւակներուն հոգեմտաւորու ֆիզիքական աճման ու զարգացման: Այն անձը, որ իր կեանքին մէջ կարգապահութիւն չունի, չի՛կրնար յաջողութիւն ձեռք ձգել: Պէտք է մեր իւրաքանչիւր օրը, ժամը եւ վայրկեանըբծախնդրութեամբ դասաւորենք, որպէսզի լաւագոյնս օգտուինք մեզի ընծայուած բարիքներէն: Հետեւաբար, դո՛ւք սովորական աշակերտներ չէք, այլ՝ այս սուրբ վայրին մէջ աշխատասիրութեան ուկարգապահութեան ոգիով թրծուող ուսանողներ՝ վաղը որպէս հոգեւոր ու կրթական մշակներերթալու մեր ժողովուրդին»:

Յայտնենք, որ խաղողահաւաքն ու ռուպի աշխատանքը շուրջ 40 տարիներէ ի վեր Դպրեվանքիգեղեցիկ աւանդութիւնը դարձած է: Ամէն տարի, Սեպտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթը, Դպրեվանքի Ընծայարան բաժնի ուսանողները հաւաքուելով Սուրբ Աստուածածին Վանքի մէջ հաստատուած ռուպի պատրաստութեան յատուկ աշխատավայրը՝ աղօթքներով ու երգերով կըպատրաստեն խաղողի հիւթէն պարտասուող ռուպը:

Աղբիւր։ https://www.facebook.com/holyseeofcilicia 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın