İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Փայլան Հայաստանի Հետ Թուրքիոյ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Մասին Յստակացում Կը Խնդէ

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլանի գրասենեակէն կը տեղեկանանք, թէ երեսփոխանը Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին վերջերս նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան կատարած յայտարարութիւններուն մասին հարցումներ հասցէագրած է հանրապետութեան փոխնախագահ Ֆուատ Օքթային եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուին։

Փորձելով հասկնալ, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ Անգարա ինչպիսի՛ ճանապարհ մը պիտի որդեգրէ՝ Փայլան նամակին մէջ կ՛ըսէ․ «Թուրքիա, 1991ին Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցող առաջին երկիրը ըլլալով հանդերձ, Ղարաբաղեան պատերազմին պատճառով 1993էն մինչեւ այսօր փակ կը պահէ Հայաստանի հետ իր սահմանը՝ չհաստատելով նաեւ դիւանագիտական ու քաղաքական յարաբերութիւններ։ 1993էն ետք քաղաքական իշխանութիւնները Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կապեցին հայկական զինեալ ուժերու Ատրպէյճանի տարածքէն հեռանալուն հետ։ Անցեալ տարուան Ղարաբաղեան պատերազմի աւարտին հաստատուած հրադադարի պայմանագիրին հիման վրայ, հայկական ուժերը նահանջեցին այն տարածքներէն, զորս տասնամեակներէ ի վեր կը պահէին իրենց ձեռքը։ Վերջին շրջանին թէ՛ հանրապետութեան նախագահ Էրտողան, թէ՛ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան կատարեցին յայտարարութիւններ, որոնք Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ կոչեր կը պարունակէին։

«Այս առումով.

«1. Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ ինչպիսի՞ ճանապարհ մը պիտի որդեգրէք։

«2. Հայաստանի սահմանադուռը ե՞րբ պիտի բանաք։

«3. Ե՞րբ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատէք Հայաստանի հետ։

«4. Հայաստանի հետ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու համար ի՞նչ քայլերու պիտի ձեռնարկէք։

«5. Ցամաքային ու երկաթագծային փոխադրութեան հաստատման համար Հայաստանի հետ բանակցութիւններու ձեռնարկա՞ծ էք։

«6. Դէպի Հայաստան ուղիղ թռիչքներու սկսելու համար նախաձեռնութիւն յանձն պիտի առնէ՞ք»։

Asbarez.com


CIVILNET

Yorumlar kapatıldı.