İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵԿՆՈՒՄ՝ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՅՈՅՍՈՎ

Սփիւռքահայ նոր սերունդէն մտաւորականներ վերջին տարիներուն կանոնաւոր ձեւով հանդէս կու գան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակներուն մէջ։ Սա թերթիս համար կ՚ապահովէ զանազան առաւելութիւններ։ Նա՛խ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ներկայիս սփիւռքի մամուլին մէջ ամենաշատ հեղինակային նիւթերու տեղ գտած թերթերէն մին դարձած է՝ հաշուի առնելով, որ Պոլսոյ պայմաններով իսկապէս սով մը կը տիրէ արեւմտահայերէնով արտադրելու ընդունակ գրողներու տեսակէտէ։ Երկրորդ՝ սփիւռքի հիմնական օրրաններէն Լիբանանէն կամ Սուրիայէն հասած մեր երիտասարդ հեղինակները ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վրայ աւելի լայն շրջանակներու ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն՝ թերթս դադրեցնելով լոկ պոլսահայերու հետաքրքրութեան առարկայ դառնալէ։ Եւ երրորդ՝ մեր այս հեղինակները, ընդհանրապէս, իրենց ծննդավայրերէն Երեւան հաստատուած մտաւորականներ են եւ իրենց կեանքի փորձառութիւնով արդէն տարբեր աշխարհահայեացք մը ձեռք բերած են, ինչ որ եզակի խորք մը կ՚ապահովէ անոնց գրութիւններուն։

Մեր այդ երիտասարդ հեղինակներու շարքին է Պէյրութ ծնած մարդաբան Հրակ Փափազեան, որ վերջին տարիներուն Հայաստան հաստատուած էր եւ Երեւանէն ԺԱՄԱՆԱԿ-ին համար կարատած աշխատակցութիւնը մեր ընթերցողներու շրջանակներէն ներս արժանացած էր լայն համակրանքի։ Վերջին շաբաթներուն ան արդէն ակամայ ընդհատած է իր աշխատակցութիւնը թերթիս՝ նկատի ունենալով, որ այս իսկ շրջանին գիտական ծրագրի մը համար կը բռնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ճանապարհը։ Նոյնպէս Պէյրութ ծնած Ալէքս Սրկ. Գալայճեանի նման ոդիսականի մը կը պատրաստուի Հրակ Փափազեան։ Արդարեւ, Ալէքս Սրկ. Գալայճեան եւս Երեւան հաստատուելէ եւ այնտեղ երկար տարիներ ապրելէ վերջ մեկնած էր ԱՄՆ։ Ան երկար ատեն աշխատակցած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ին, սակայն տեղափոխութենէ վերջ ակամայ դադրեցուցած էր թղթակցութիւնը։ Նոյնիսկ իր ստորագրած յօդուածներու հիմքով հրատարակած է գիրքեր։ Ան միշտ ջերմ կապերը կը պահէ թերթիս ընտանիքին հետ։ Այժմ, նման հորիզոն մը ուրուագծուած է նաեւ Հրակ Փափազեանի առջեւ։ Ան եւս կ՚ուղեւորուի դէպի Միացեալ Նահանգներ՝ իր բարձրագոյն ուսման ծիրէն ներս գիտական աշխատանք մը իրականացնելու նպատակով։

Հրակ Փափազեան մասնագիտական գետնի վրայ ալ հետաքրքրական աշխատանք կը տանի ընդհանրապէս հայ իրականութեան ու մասնաւորապէս թրքահայութեան մասին։ Որպէս գիտնական՝ ան երկար ժամանակէ ի վեր խոշորացոյցի տակ առած է թրքահայութիւնը, հայ Պոլիսը։ Ան ուսումնասիրութիւններ ըրած է Հայաստանէն արտագաղթելով Թուրքիա եկած մարդոց մասին, իր պրպտումներուն առարկայ դարձած են նաեւ՝ Թուրքիոյ հայերու վերաբերմունքը Հայաստանի նկատմամբ, երկքաղաքացիութիւն ձեռք բերելու երեւոյթներով ու մղումներով հանդերձ։ Այս բոլորը նիւթեր են, որոնք քաղաքականութենէ սկսեալ, մինչեւ ինքնութիւն՝ կ՚առընչուին բազմաթիւ ոլորտներու, իսկ Հրակ Փափազեան այդ աշխատանքները կ՚իրականացնէ շատ լաւ ու տեղին սահմանումներով։

Վերջին օրերուն Երեւանի մէջ հետաքրքրական զրոյց մը ունեցան մեր շատ սիրուած աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանց եւ Հրակ Փափազեան։ Անուշ Թրուանց, որ ծնած է Հայաստանի Գորիս քաղաքին մէջ, Պէյրութ հարս երթալէ վերջ ընտանեօք վերադարձած է Երեւան։ Ան, ուրեմն, զրուցած է Պէյրութ ծնելէ վերջ Երեւան հաստատուած Հրակ Փափազեանի հետ։ Մեր երկու աշխատակիցներու շահեկան զրոյցին ժամանակ անոնցմէ մին գտնուած է զրուցավարի, իսկ միւսը՝ զրուցակիցի դերին մէջ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս եզակի զրոյցին մասին Անուշ Թրուանցի կողմէ պատրաստուած նիւթը, որով ան Հրակ Փափազեանի պարագան կը բնութագրէ՝ վերադարձի զգացողութեամբ Հայաստանէն մեկնում։ Հարցազրոյցի լուսանկարներուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Ֆոթոլուր» գործակալութեան։

*

Օքսֆորտի համալսարանէն վկայուած մարդաբանական գիտութիւններու թեկնածու Հրակ Փափազեանին հետ, որոշ ժամանակ, գործընկերներ էինք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ, բայց Հրակը շատոնց կը ճանչնամ՝ իր ծննդավայր Լիբանանէն, երբ ան տակաւին դպրոցական էր, հայկական պատանեկան թատրոնի մէջ կը խաղար եւ արուեստի բազմազան հետաքրքրութիւններ ունէր: Կեանքը, սակայն, Հրակը չտարաւ արուեստի ուղղութեամբ, այլ ան մասնագիտացաւ շատ հետաքրքրական գիտութեան մը՝ մարդաբանութեան մէջ, որ անոր հնարաւորութիւն տուաւ ուսումնասիրելու հայկական զանազան շերտեր Թուրքիոյ մէջ, գրելու ատենախօսութիւն եւ ստանալու տոքթորական աստիճան:

Հրակ Փափազեան վերջին շրջանին կ՚աշխատէր Հայաստանի աԱմերիկեան համալսարանին մէջ, բայց ահաւասիկ, ան կեանքի եւ գործունէութեան նոր հանգրուանի մը առջեւ է՝ տոքթորական նիւթը գիրքի վերածելու ծրագրով, մէկ տարիով, կը մեկնի ԱՄՆ՝ Գալիֆորնիոյ համալսարանի «The Promise Armenian Institute»ին մէջ աշխատելու, դադրեցուցած է նաեւ աշխատակցութիւնը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:

Գիրքը նուիրուած պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մէջ ապրող պոլսահայերուն, իսլամացած հայերուն, Հայաստանէն ներգաղթածներուն եւ անոնց զանազան հարցերուն: Տեղեկացանք, որ անպաշտօն պայմանաւորուածութիւն մը կայ անիկա թրքերէնի թարգմանելու եւ հեղինակը փափաք ունի, որ ապագային նաեւ հայերէնի թարգմանուի:

Երեւանի մէջ զրուցեցինք Հրակին հետ թէ՛ իր յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ թէ՛ հետազօտութեան ընթացքին ի յայտ եկած որոշ գաղափարներուն շուրջ:

-Հրա՛կ, Թուրքիոյ մէջ զանազան հայերու հետ հաղորդակցած ես: Ո՞ր շերտը տպաւորած է քեզ:

-Բոլորն ալ: Չէի զատեր: Բայց զգացական իմաստով ամենատպաւորիչ պատմութիւնները, որ լսած եմ, երեւի թէ իսլամ եւ ալեւի հայերու շրջանակին մէջ եղած են, որովհետեւ իրենց պատմութիւնը, տեսակ մը կիսածածկուած ըլլալով, մէկ կողմէն իրենց կրած հոգեբանական վնասուածքով, միւս կողմէն ժամանակակից ճնշումներով, խտրականութեամբ եւ միաժամանակ այն քաջութեամբ, որ իրենք իրենց մէջ գտած են՝ ատկէ դուրս ելլելու, իսկապէս տպաւորիչ է: Իսկ մշակութային իմաստով ինծի, որպէս քրիստոնեայ (թէկուզ եւ ոչ աքթիւ քրիստոնեայ) հայ, այդ մշակոյթին մէջ մեծցած, բնականաբար, պոլսահայերն են հոգեհարազատ ու այդ առումով ամենամօտիկն են: Անոնք թէ՛ արեւմտահայ են, թէ՛ քրիստոնեայ հայ են, թէ՛ Հայաստանէն դուրս են: Անոնք իրենք զիրենք սփիւռքահայ չեն համարեր, ես ալ զիրենք սփիւռքահայ չեմ նկատեր, չնայած կայ փոքր խումբ մը, որ կ՚ըսէ, թէ՝ մենք սփիւռքահայ ենք: Եւ առհասարակ, ինծի համար հայը ան է, որ կ՚ըսէ, որ ինքը հայ է, ոչ թէ ան, որ հայ չի զգար, բայց որուն մեծ մայրը, մեծ հայրը կամ բոլոր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը հայ են:

Օրինակ, ես բոլոր համշենցիները չէ, որ հայ կը համարեմ եւ բոլոր համշենցիները չէ, որ գիրքին մէջ պիտի ներգրաւեմ, այլ անոնք՝ որոնք իրենք զիրենք հայ կը զգան եւ որպէս հայ կը հաղորդակցին այլոց հետ:

-Այս նիւթերուն շուրջ շատ մարդիկ հետազօտութիւններ կատարած են: Քու հետազօտութիւնդ ինչո՞վ առանձնայատուկ է, ի՞նչ կարեւոր բանով կը զատուի միւսներէն:

-Կ՚երեւի ամբողջականութեան առումով իմ հետազօտութիւնը տարբեր է, որովհետեւ ինչքան գիտեմ, մինչեւ իմ աշխատութիւնս չէ եղած ուրիշ մէկ աշխատանք, որ ուսումնասիրած է Թուրքիոյ մէջ երեք տեսակի հայկական շերտաւորումները միաժամանակ եւ համեմատական իմաստով: Այսինքն, եղած են զատ ուսումնասիրութիւններ պոլսահայերուն մասին, եղած են իսլամ հայերուն, համշենցի հայերուն, Թուրքիա գաղթած հայաստանցի հայերուն մասին ուսումնասիրութիւններ, բայց երբեք այդ երեքը միաժամանակ չէ եղած եւ մանաւանդ այդ երեքին՝ իրարու հանդէպ պատկերացումները, իրարու մասին կարծիքները եւ իրարու հետ յարաբերութիւնները կամ յարաբերութիւններուն բացակայութիւնը չէ ուսումնասիրուած: Այդ է իմ աշխատութեանս բերած նորարարութիւնը կամ առանձնայատկութիւնը: Իսկ ինչո՛ւ այդ մէկը կարեւոր է, որովհետեւ ատիկա ինծի հնարաւորութիւն կու տայ քննարկելու, խօսելու, բարձրաձայնելու, մտածելու հայկականութեան մասին ընդհանրապէս: Երբ կը համեմատես զանազան տեսակի հայկականութիւններ եւ հայերը իրարու մէջ եղած բախումին մէջ կ՚ընկալես, դուն արդէն շատ բան կը հասկնաս ոչ միայն իրենց մասին, այլ հայկականութեան մասին. այն մասին, թէ հայկականութիւնը եւ հայ ինքնութիւնը ինչքա՛ն փոփոխական, պայմանական, պայմաններու բերումով, զանազան կերպով հասկցուող, այլազան ինքնութիւն եւ իրողութիւն է:

-Այսինքն խորապէս ուսումնասիրելով հայկականութիւնը՝ հայկական բնոյթը, հոգեբանութիւնը, եղա՞ծ է, որ հիասթափած ըլլաս հայկականութենէն: Մանաւանդ մեր վերջին ապրածներէն ետք, շատեր կ՚ըսեն՝ «Երանի՜ հայ չըլլայի»: Դուն ունեցա՞ծ ես նման մտածումներ:

-Չեմ թաքցներ, եղած են իմ մէջս ալ այդպիսի միտքեր եւ ճիշդ այդ նախադասութիւնը իմ միտքէս ալ անցած է այս պատերազմէն ետք: Այդքան ցաւ ապրեցանք թէ՛պատերազմին ընթացքին, թէ՛ նաեւ ներհայկական իրավիճակէն բխած, որ, զգացած եմ, թէ կը տանջուիմ, որովհետեւ հայ եմ: Բայց, անշուշտ, այդ մէկը անցողիկ միտք է, միտք մը չէ, որ իմ մէջս մնացած ու արմատաւորուած է, չէի ուզեր յիշել:

-Այսինքն նոյն բանը չե՞ս մտածած Լիբանան ապրած ժամանակ, երբ հայութեան շրջանակէն ներս յաճախ ջարդուածի, տեղահանուածի պատմութիւնները կը շրջանառուէին եւ օրակարգերը անոնց շուրջ կը դառնային:

-Այդ ընկալումը կայ, բայց ես, որպէս զոհի սերունդ, բարդոյթ չեմ ունեցած: Հարկաւ գիտցած եմ այդ մասին, բայց ատիկա բարդոյթաւորուած չէ եղած իմ մէջս, այսինքն թոյլի, վատի, հալածուածի զգացողութիւնները չեմ ունեցած: Ընդհակառակը, պահանջատէրի, վերապրածի, նոյնիսկ ատկէ ետք յաղթանակ կերտածի (յաղթանակ, որ հիմա շուռ եկաւ) ապրումներ եղած են: Ասիկա՝ ի տարբերութիւն պոլսահայերուն, որոնց քով բարդոյթը աւելի շեշտուած է, որովհետեւ անոնք ոչ միայն ժառանգորդն են այդ զոհերուն, այլ զոհ են նաեւ իրենց այսօրուայ կեանքին մէջ, սկսած խտրականութենէն, ժխտումէն, որ կ՚ապրին եւ այլն:

-Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն շատ ներգաղթեալ կայ դէպի Հայաստան, պոլսահայերը այդ ծիրէն ներս, կարծես բացառութիւն կը կազմեն: Քու ուսումնասիրութիւններովդ ի՞նչ պարզուած է պոլսահայերուն՝ Հայաստան գալու եւ ապրելու տրամադրութիւններուն մասին:

-Այս նիւթին շուրջ վերջերս՝ անցնող տարուայ ընթացքին, ուսումնասիրութիւն մը ունեցած էի, նոյնիսկ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ շարք մը հրատարակեցի: Չկայ այդ միտումը, բայց նաեւ կայ: Նոր երեւոյթ է, 2015-2016-էն շեշտուած եւ թափ հաւաքած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայ քաղաքացիներուն՝ դէպի Հայաստան գաղթի երեւոյթը: Բայց տակաւին համեմատելի չէ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, այլ երկիրներէն գաղթի ալիքին հետ: Համեմատած այդ երկիրներուն հետ, Թուրքիոյ պարագային՝ ուշացած է: Խօսքը այստեղ թէ՛ ներգաղթի, թէ՛ երկքաղաքացիութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ձեռք ձգելու մասին է: Վերջին առումով ալ շատ քիչ է պոլսահայերուն թիւը, բայց 2015-2016-էն սկսեալ աճած է: Ուշացման պատճառը ընդհանրապէս Թուրքիոյ հայերուն մէջ հայկականութեան եւ Հայաստանին հետ կապի՝ պատմականօրէն թապու ըլալլն է: Հանգամանքներու բերումով պոլսահայերը տարանջատուած են այլ երկիրներու մէջ ապրող հայերէն, նաեւ հեռացած են Հայաստանէն, քիչ խօսած են, քիչ կարդացած են, քիչ գացած-եկած են Հայաստան եւ միշտ ալ՝ զգուշութեամբ, որ հակազդեցութիւններ չըլլան իրենց երկրին մէջ:

Վերջին հինգ տարին աշխուժացաւ, որովհետեւ 2000-ականներէն սկսեալ, Թուրքիոյ մասնակի եւ ժամանակաւոր ժողովրդավարացման գործընթացին իբրեւ հետեւանք, նախ այդ թապուն կոտրեցաւ, թապուները կոտրեցան ընդհանրապէս: Նաեւ պէտք է խօսիլ 2008-ի ֆութպոլային խաղին եւ այդ իրադարձութիւններուն մասին, եւ Հայաստանի մասին խօսիլը, երթալ-գալը աւելի դիւրին ու մատչելի դարձան: Ոչ միայն թապուն կոտրեցաւ, այլ իրենք կարիքը ունեցան դուրս ելլելու, ճիշդ այնպէս, ինչպէս սուրիահայերը, աւելի կանուխ իրաքահայերը, շատ աւելի առաջ ալ իրանահայերը կարիք ունեցան կամ ստիպուած եղան իրենց երկիրներէն դուրս ելլելու եւ Հայաստան գալու:

Շատ-շատ հարցերու պառճառով պոլսահայերն ալ այլընտրանքային ճանապարհի մը կարիքն ունեցան եւ ատիկա եղաւ նաեւ Հայաստանը, որուն հանդէպ հոգեբանական արգելքը իրենց համար մասամբ արդէն կոտրուած էր: 2016-էն սկսեալ Հայաստանի քաղաքացիութեան դիմումները կտրուկ աճ արձանագրած են: Այս հետազօտութիւնս կատարած եմ թուրք մարդաբան, հետազօտող Այքութ Էօզթիւրքին հետ, ուսումնասիրած ենք Հայաստանի քաղաքացիութեան դիմելու գործընթացները եւ պոլսահայերուն՝ Հայաստան տեղափոխելու փորձերը:

-Այս հարցերը այսօրուայ Հայաստանին քաղաքական օրակարգէն կարծես դուրս են: Պոլսահայերը, անոնց տեղաշարժը, Հայաստանի հետ կապը Հայաստանի իշխանական օրակարգին մէջ չկան, ինչպէ՞ս կը բացատրես:

-Ես ոչ միայն այս իշխանութիւններուն, այլ ընդհանրապէս, իշխանութիւններուն չէի կապեր: Ոչ միայն քաղաքական մակարդակով չկայ, այլ ընդհանրապէս, Հայաստանի հասարակական մակարդակին մէջ պոլսահայերուն, Թուրքիոյ հայերուն մասին գիտելիքը կը բացակայի կամ շատ չափաւոր է:

1990-ականներուն Հայաստան եկած պոլսահայերը ինծի պատմած են, որ երբ կ՚ըսէին, թէ Թուրքիայէն եկած են, մարդիկ կը ցնցուէին, նախ չէին հաւատար, որ հայ են, ըսելով, թէ Թուրքիոյ մէջ հայ չկայ, բոլոր հայերը զոհուած են: Մարդիկ տեղեակ չէին, որ հոն համայնք կայ իր եկեղեցիներով, դպրոցներով: Այսօր, հարկաւ, ընկալման այս կացութիւնը քիչ մը փոխուած է, որովհետեւ երեսուն տարի անցած է, լրատուամիջոցներ կան, Հրանդ Տինքին անունը կայ, պոլսահայութիւնը աւելի լսելի դարձած է, ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը կայ, որ անկախութենէն ետք տեւական կը լուսաբանէ երկկողմանի հարցեր: Բայց այդ պակասը այնուամենայնիւ կայ եւ պետութեան դերը կարեւոր է նաեւ, թէկուզ դպրոցներու, դասագիրքերու ընդմէջէն ուսուցանելու Պոլսոյ, Թուրքիոյ հայոց վերջին հարիւր տարուայ պատմութիւնը եւս: Պէտք է փոխել մօտեցումները, պէտք է ճանչնալ նաեւ Թուրքիոյ հայութիւնը եւ ընդհանրապէս, հայը պէտք է ճանչնայ հայը՝ հասկնալ կարենալու համար:

Երկրորդ, քանի որ պոլսահայերուն մէջ շարժը դէպի Հայաստան աճած է, գացող-եկողները շատցած են, կարեւոր է, որ տեղի հայութիւնը ճանչնայ պոլսահայերը՝ հասկնալու համար, թէ ինչ կրնայ ակնկալել իրենցմէ: Պարզ օրինակ մը. չզարմանայ, երբ իրենց մականունները եան-ով չտեսնէ եւ խտրականութեան չենթարկէ զանոնք: Պետութեան գործն է նաեւ այս մէկը՝ նպաստել Հայաստան-սփիւռք, Հայաստան-արտերկիր փոխազդեցութեան:

-Վերջին իրադարձութիւններէն ետք կարծես աւելի դժուարացա՞ն այս հարցերը:

-Բնականաբար, հիմա Հայաստանը այդ վիճակին մէջ չէ, վերականգնողական շըր-ջանի մէջ է, մահաթմբիրէն դուրս ելլելու շրջան է հիմա:

-Այս յետպատերազմական իրավիճակը՝ Հայաստանի մէջ պատերազմէն ետք Թուրքիոյ մասին քննարկումները եւ նմանատիպ հարցեր, կրկին քու ուսումնասիրութիւններուդ մէջ տեղ պիտի գտնե՞ն:

-Այո, վերջին ուսումնասիրութիւնս արդէն այդ է՝ Հայաստանի մէջ յետպատերազմեան Թուրքիոյ ընկալումը հասարակական մակարդակի վրայ, ինչպէս նաեւ «թուրք» բառի շահարկումը քաղաքական դաշտին մէջ: Ճեղքումներ արդէն կային եւ պատերազմը ա՛լ աւելի ետ տարաւ ամէն ինչ:

-Ինչէ՞ն պէտք է սկսիլ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կայացնելու համար:

-Նայած ինչ նկատի ունինք յարաբերութիւններ ըսելով: Դիւանագիտական մակարդակով շփումը միշտ կարելի է ունենալ, նոյնիսկ առանց որեւէ մէկ կէտի շուրջ համաձայնելու: Ատիկա պէտք է ըլլայ: Բայց նկատենք, որ այս յարաբերութիւններուն հարցով Թուրքիան ինքն ալ չափազանց շատ շահագրգռուած չէ, այսպէս կը կարծեմ:

-Դուն կեանքիդ մեծ մասը ապրած ես Լիբանան: Մտադիր չե՞ս հետազօտութիւն մըն ալ լիբանահայութեան մասին ընելու, քանի որ հոն այսօր նոյնպէս սրած հարցեր կան՝ մնալու, գաղթելու, դժուարութիւններ յաղթահարելու, ինքնութիւնը պահպանելու առումով:

-Հարկաւ, կարելի է ընել եւ պէտք է, բայց զիս այդքան չի գրաւեր, որովհետեւ ծանօթ է շատ: Կը զգամ, որ քիչ մը ձանձրալի պիտի ըլլայ ուսումնասիրել իմ գիտցածս: Կարծես ես զիս ուսումնասիրեմ, իմ մասիս գրեմ:

-Ինչպէ՞ս կը տեսնես Հայաստանի ապագան:

-Հայաստանի ապագան մշուշոտ կը տեսնեմ, լաւատես չեմ: Աշխարհաքաղաքական ահաւոր բարդ իրավիճակի դէմ դիմաց ներքին դիմադրողականութեան մակարդակը բաւական անհամարժէք է: Քաղաքական դաշտը բոպիկ է եւ ապառողջ, դժբախտաբար հասարակութիւնն ալ եղաւ այդ քաղաքական դաշտը վերստեղծողը, չկրցաւ դուրս գալ ատոր տակէն, առնուազն այս ընտրութիւններով: Քիչ առաջ կ՚ըսէինք, թէ կը լսուի՝ «Երանի հայ չծնէինք» արտայայտութիւնը, ատոր պատճառը ո՛չ հայութիւնն է, ո՛չ ինքնութիւնն է, այլ աշխարհաքաղաքական այն իրավիճակը, ուր հայերը պատմականօրէն գտնուած են ու մինչեւ հիմա կը գտնուին: Այսօր Աւստրալիա, Նոր Զելանտա, Լոս Անճելըս ապրող հայերը այս խնդիրները չունին, այնտեղ ապրողին ճակատագիրը հայու ճակատագիր չէ այնքան, ինչքան այս տարածքաշրջանին մէջ ապրող մարդու ճակատագիր: Չեմ կարծեր, թէ մեզմէ աւելի տարբեր են քիւրտերը, պաղեստինցիները, ոչ հայ լիբանանցիք, նոյն ազէրիները: Այս տարածքաշրջանը՝ Մերձաւոր Արեւելքը մինչեւ Կովկաս շատ անկայուն է, որովհետեւ խոշոր աշխարհաքաղաքական հարցերու բախման կէտ է: Այս շրջաներուն մէջ բնակող ժողովուրդները, անկախ իրենց կրօնական եւ ազգային պատկանելիութենէն, այս ճակատագիրը ունին: Եթէ ուրիշ ժողովուրդներ բերենք եւ հոս բնակեցնենք նորէն նոյն ճակատագիրը պիտի ունենան:

-Հայաստանեան միջավայրը, այդքանով հանդերձ, ի՞նչ լաւ բաներ տուած է քեզի:

-Շատ բաներ: Առաջինը, կը կարծեմ, ինծի աւելի մարդ դարձուցած է, որովհետեւ մասամբ ազատագրած է նոյն հայու դժուար վիճակէն, քանի որ սփիւռքի մէջ, եթէ հայութենէդ չես ուզեր հրաժարիլ, ամէնօրեայ պայքարի, տագնապի մէջ ես ձեւով մը, քանի որ ապրածդ իրական կեանքին հետ մասնակիօրէն անհաշտ վիճակ մըն է: Մտովի կամ հեռատեսիլով, գիրքերով, ուրիշ միջոցներով տեւական կապի մէջ ես այլ տարածքաշրջանի մը հետ, որ Հայաստանն է կամ պատմական Հայաստանը, եւ այդ մէկը հոգեբանօրէն եւ ֆիզիքապէս այնքան ալ հաշտ եւ կայուն վիճակ չէ, քանի որ ֆիզիքապէս ուրիշ տարածքաշրջանի մը մէջ ես: Իսկ Հայաստան փոխադրուելով, դուն այլեւս այդ հայութենէն կտրուելու վախը չունիս եւ կրնաս ապրիլ որպէս սովորական մարդ՝ այդ մասին չմտածելով, բայց եւ այնպէս, մնալով հայ: Հայաստան գալով հայ ըլլալս աւելի բնականացնելու գործընթաց մը եղած է եւ առիթ տուած է աւելի մարդկային հարցերու մասին մտածելու:

-Իսկ որպէս հետազօտողի, Հայաստանի միջավայրը տուա՞ծ է այն, ինչ փնտռած ես հոս իբրեւ մարդաբան:

-Եթէ անկեղծ ըլլամ՝ ո՛չ: Ընդհանրապէս, ընկերային եւ հումանիտար գիտութիւնները Հայաստանի մէջ բաւական թարմացման կարիք ունին: Նաեւ այդ է պատճառը, որ հիմա ստիպուած եմ Ամերիկա երթալու: Իմ դասաւանդած համալսարանիս մէջ չկայ մարդաբանութեան ամպիոն, պետական համալսարանին մէջ կայ, բայց «ազգագրութիւն» կը կոչուի գիտութիւնը, որ թէեւ շատ մօտիկ է այս գիտութեան, բայց ազգագրութիւնը արդէն հին հասկացութիւն է եւ արեւմտեան աշխարհի մեծ մասին մէջ ատոր արդէն փոխարինած է «մարդաբանութիւն» եզրը: Հիմա չեմ մտածեր, թէ ինչ տուած է ինծի հայաստանեան գիտական միջավայրը, այլ կը մտածեմ, թէ ե՛ս ապագային ի՞նչ պիտի տամ՝ անոր կայացման ճանապարհին: Այդ առումով, նպատակս է՝ դուրսը աւելի կայանալ եւ հոս գալով (մշտական թէ առնուազն կապ պահելով) օգտակար ըլլալ:

-Զանազան հայկական միջավայրերու մէջ եղած ես, կա՞յ մէկ ընդհանուր բան մը, որ կը կապէ բոլոր հայերը:

-Թերեւս անկարեւոր թուի, բայց ես շատ կարեւոր կը նկատեմ ինքզինք հայ համարելը: Այդ մէկը անկիւնաքարային է, հիմնական է, անփոխարինելի է եւ շատ ազդեցիկ: Երբ մէկը կու գայ, կ՚ըսէ, թէ ինքը հայ է, գիտնալով, որ դուն ալ հայ ես, այդքանը բաւական է, որ ինք կ՚ուզէ քեզի հետ հաղորդակցիլ որպէս հայ, ինքը ընդհանրութիւն կը տեսնէ եւ դուք, որպէս ընկերային էակներ, ընդհանուր բան մը ունիք: Մնացածը ատկէ կը բխի եւ ատկէ ետք է, որ կը յարաբերուիս, տարբերութիւնները եւ նմանութիւնները կը տեսնես: Գիտակցական մակարդակի վրայ ալ ընդհանուրը այն է, որ բոլորին մօտ կայ այն միտքը, որ մենք սփռուած ժողովուրդ ենք, հալածուած ենք, վերապրած ենք եւ վերապրելու կարիք ունինք եւ պէտք է իրարու հետ կապ պահենք: Լեզուն չեմ կրնար ըսել, թէ ընդհանուր է, եկեղեցւոյ հետ կապն ալ տարածուն է, բայց ամէն տեղ չէ: Մշակութային գիծերը, ապրած ձեւը մարդկային են եւ շատ կը փոխուին տեղէ տեղ: Ինչ որ չի փոխուիր եւ կը պահէ սահմանները ինքնութեան՝ գիտակցութիւնն է, ինքնութեան մաս ըլլալու գիտակցութիւնը:

-Ի՞նչ զգացողութիւններով կը մեկնիս Հայաստանէն:

-Տարբեր են զգացողութիւններս, բայց ամենակարեւորը՝ վերադարձի զգացողութիւնն է, կրկին ետ գալու, հոս բան մը ընելու, նոր հետազօտութիւններ կատարելու: Չորս երկրի մէջ ապրած եմ, ամենաշատը՝ Լիբանան, երկու տարի՝ Պոլիս, երկու տարի՝ Անգլիա, չորսուկէս տարի՝ Հայաստան: Եւ եթէ ապագան պիտի պատկերացնեմ եւ տեղ մը կայ, որ կ՚ուզեմ գալ, ապրիլ, ապա Հայաստանն է: Հիմա ժամանակակից կեանքի ձեւն ու աշխարհը ընդհանրապէս փոխուած են, կարելի է ըլլալ հոն եւ հոս: Եթէ նոր հետազօտութիւն պիտի ընեմ, հետազօտոթեանս վայրը միշտ ալ Հայաստանն է, եթէ դուրսը աշխատանք ալ գտնեմ, մեծ է հաւանակութիւնը, որ դաշտային հետազօտութիւններու վայրը Հայաստանը ըլլայ: Ես ասանկ կը պատկերացնեմ եւ նաեւ կ՚երազեմ՝ ապագայի մասին մտածելով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F13-09-2021-մեկնում՝-վերադարձի-յոյսով

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın