İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

6-7 սեպտեմբեր 1955-ի հարցով Փայլան նոր առաջարկութիւն մը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ Խորհրդարանին

Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան 6-7 սեպտեմբեր 1955-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն առնչութեամբ հետաքննութիւն իրականացնելու մասին անգամ մը եւս առաջարկ մը ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարանին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Նոր Մարմարա» օրաթերթը։

Փայլան, ելոյթ ունենալով, ըսած է, որ ինք ամէն տարի այս հարցը կը բերէ խորհրդարանի օտակարգ, սակայն «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» եւ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւններու խորհրդարանական խմբակցութիւնները կը մերժեն այդ առաջարկը։

Փայլան հիմնաւորելով 6-7 սեպտեմբերի յանցագործութիւնները բացայայտելու անհրաժեշտութիւնը, նշած է, որ անպատիժ մնացած բոլոր յանցագործութիւնները կը կրկնուին։ Այս առումով, ան յատկապէս յիշեցուցած է նախորդ ամիս Անգարայի մէջ սուրիացի փախստականներու դէմ կատարուած յարձակումները։


CIVILNET

Yorumlar kapatıldı.