İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանի յարակից պողոտան կ՛անուանափոխուի Ռոստոմ Ոսկանեանի ի պատիւ

«Ալիք» կը հաղորդէ, որ Հայ Մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան համալիրին յարող պողոտան՝ նախկին «Աֆթաբ»-ը անուանափոխուած է իրանահայ ճարտարապետ, քանդակագործ, նկարիչ Ռոստոմ Ոսկանեանի ի պատիւ:

Թեհրանի իշխանութիւնները վերանուանման մասին որոշում կայացուցած են, երբ անցեալ տարի այցելած են «Արարատ» մարզաւան եւ ծանօթացած Ռ. Ոսկանեանի հեղինակած Ս. Խաչ մատուռի պատմական շինութեան հետ:

Ռոստոմ Ոսկանեանի նախագծած շինութիւնները բազմաթիւ են՝ հասարակական ու բնակարանային շէնքեր, որոնցմէ՝ «Արարատ» մարզաւանը, Հայ ակումբը, ՀՕՄ-ի Ծերունի Գասպարեանի անուան մանկապարտէզը՝ Թաւրիզի առաջնորդարանի կեդրոնական այգիին շրջափակին մէջ:


CIVILNET

Yorumlar kapatıldı.