İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ՀՈՒՆԻՆ ՄԷՋ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին ամբողջ թափով ու կ՚ընթանան նախատեսուած հունին մէջ։

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս շրջանին վերստին անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան գաւառի մեր հարստութիւնները։ Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ու անցեալ շաբաթավերջի արարողութիւններէն վերջ, արդէն հերթը հասած է Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հերթական Ս. Պատարագին, որ ամէն տարի կը զուգադիպի Ս. Խաչի տօնի շրջանին։ Այս երկու իրադարձութիւններն ալ կը վերաբերին գաւառներու մեր՝ անցեալէ մնացած հարստութեան, իբր այդ լայն արձագանգի կ՚արժանանան։ Յամենայնդէպս, այդ ճարտարապետական կոթողները այժմ ունին թանգարանի կամ մշակոյթի կեդրոնի կարգավիճակ՝ վերջնականօրէն չդադրելով սրբավայր ըլլալու հանգամանքէն։ Իսկ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն, որովհետեւ գաւառներու մէջ հայութեան պատկանող, Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն մաս կազմող մեր հինգ սրբավայրերէն մին է։ Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ հովանաւորուած վաքըֆը ցայսօր համայնքային կառոյց կը համարուի, ղեկավարութիւնն ալ կ՚ըլլայ ընտրութիւնով։

Մօտաւոր անցեալին, երկար տասնամեակներ անմխիթար վիճակի մէջ մնացած ըլլալէ վերջ, Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին վերանորոգուած ու բացուած էր պաշտամունքի։ Համայնքէն ներս հոգեւոր հրճուանքի առիթ մը եղած էր այս երեւոյթը՝ Միջին Արեւելքի մեր մեծագոյն եկեղեցական համալիրի վերականգնումով։ Դժբախտաբար, յաջորդող շրջանին ահաբեկչական դէպքերով պայմանաւորուած բարդ մթնոլորտին մէջ եկեղեցին վերստին փլատակի վերածուեցաւ։ Քաղաքի պատմական պարիսպներէն ներս մնացած ուրիշ սրբավայրեր ալ տուժած էին այդ ժամանակ, սակայն, ընթացքին բոլորն ալ վերականգնուեցան։ Միայն հայկական եկեղեցին մնացած էր խոնարհուած եւ յապաղումը վերագրուեցաւ՝ անոր հսկայական տարածութեան։

Պատրիարքական Աթոռը միշտ ուշադրութեան կեդրոնին կը պահէ Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ վիճակը ու հետամուտ է անոր վերականգնման։ Աթոռը թէեւ պաշտօնապէս որդեգրած է այս ընթացքը, սակայն, զուգահեռաբար՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ անմիջականօրէն կը հետեւի անոր կացութեան։ Ծանօթ է, որ Նորին Սրբազնութիւնը մկրտուած է այդ եկեղեցւոյ մէջ եւ յաչս հաւատացեալներուն անոր մեծ բարոյական դեր մը կը վիճակի սրբավայրի պայծառութեան համար։ Մնաց, որ որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարած շրջանին ալ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան միշտ նախանձախնդիր վարուած է Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ նկատմամբ, ինչպէս գաւառի մեր միւս եկեղեցիներուն համար։

Գաւառի վերաբերեալ վերջին վառ իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ կապ հաստատեցինք՝ տեղեկանալու համար Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ վերաբերեալ վերջին տուեալներուն։ Այսպէս, ան մեզի յայտնեց, որ Բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ կեանքի կը կոչուի եկեղեցւոյ վերանորոգման նախաձեռնութիւնը։ Աշխատանքները այժմ նախատեսուած հունի մէջ կը գտնուին։ Շինարարութիւնը կը կատարուի այն ընկերութեան կողմէ, որ մօտաւոր անցեալին այս եկեղեցւոյ առաջին վերանորոգութիւնն ալ իրականացուցած էր։ Այժմու կանխատեսումներով, մինչեւ տարեվերջ վերանորոգման աշխատանքները աւարտած պիտի ըլլան։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան համոզուած է, թէ եթէ անակնկալ խոչընդոտներ չյառաջանան, նոյնիսկ տրամաբանական կաղացումներ որոշ յապաղումի մը պատճառ դառնան, ապա մեր այս եկեղեցին վերանորոգուած պիտի ըլլայ յառաջիկայ տարեսկիզբին։ «Արդէն մեր մօտ աւանդութիւն է, որ այսպիսի աշխատանքներէ վերջ օծումները կամ բացումները կատարուին գարունէ սկսեալ», մեզի յայտնեց Նորին Սրբազնութիւնը։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/2-09-2021-տիարպաքըրի-ս-կիրակոս-եկեղեցւոյ-նորոգութիւնը-կ՚ընթանայ-նախատեսուած

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın