İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Պատառիկ Մը Մշակոյթ

Գէորգ Թորոյեան

Երեւանը մշակութային քաղաք է եւ այս իրողութիւնը կարելի է զգալ եւ ապրիլ իւրաքանչիւր քայլափոխի: Քաղաքին մշակութային կեանքն ու շունչը չեն սահմանափակուիր միմիայն տարբեր փողոցներու վրայ տարածուած արձաններով, համերգներու կամ թատրերգութիւններու ծանուցումը կատարող պաստառներով կամ յայտարարութիւններով, այլ գրեթէ ամէնօր, քիչ մը ամէն տեղ, կարելի է հանդիպիլ ինքնաբուխ մշակութային բացօթեայ ձեռնակներու կամ երեւոյթներու: Այդ միջոցառումները կրնան անհատական կամ խմբային ըլլալ: Երկու պարագային ալ անոնք տպաւորիչ են եւ անցորդները, տեղացի թէ զբօսաշրջիկ, անտարբեր չեն անցնիր։ Կը պատահի նոյնիսկ որ անցորդներ կանգ առնեն եւ իբրեւ հանդիսատես վայելեն ներկայացուող երգը կամ երաժշտական գործիքի մը կատարումը եւ երբեմն կը պատահի որ անոնք ալ մասնակից դառնան, երբ ներկայացուածը հոգեհարազատ է:

Չեմ գիտեր թէ այդ երգերն ու երաժշտական կտորները ներկայացնողները որքան արհեստավարժ են, յամենայնդէպս, անոնք բարձր մակարդակի կը կատարեն իրենց երգն ու երաժշտութիւնը, որով կը հմայեն անցորդները;

   Նմանօրինակ երեւոյթներու շատ անգամներ ականատեսը եղած եմ, որոնց քովէն յաճախ անտարբեր անցածեմ: Օրեր առաջ ներկայ եղայ խմբային երգիմը կատարումին, որ ուսանելի եւ օրինակելի պատգամներ կը փոխանցէ թէ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի հայութեան:

   Կոմիտասի այգիէն դուրս գալով պիտի հատէի Սայաթ Նովա փողոցը, հասնելու համար ժամադրութեանս։ Լուսացոյցի տակ առջեւս կանգնած էին ութէն տասը տարեկան մօտաւորապէս քսան երեխաներ եւ միջին տարիքի երկու կանայք։ Երեխաներուն դիմելաձեւէն հասկցայ որ աշակերտներ են, իսկ այդ կանայք՝ իրենց ուսուցչուհիները: Բոլորով անցանք փողոցը։ Երեխաները կարելի է ըսել երջանիկէին: Անդադար կը խօսէին, կը ծիծաղէին եւ տարբեր չարաճճիութիւններով արագ արագ կը շարունակէին իրենց ճամբան: Թեթեւաշարժ եւ ինքնավստահ քայլերով անոնք ինձմէ աւելի քան տասը -տասնըհինգ քայլ առաջ ինկած էին: Անոնց աղմկոտ, զուարթաձայն քայլերթը կը գրաւէր բոլոր անցորդներուն ուշադրութիւնը, որոնք ինծի պէս գոհունակ դէմքով եւ հետաքրքրասէր հայեացքով կը հետեւէին անոնց: 

Արդէն հասած էինք Օփերայի Ազատութեան հրապարակը:

   Երեխաները հասնելով հրապարակէն դէպի Հիւսիսային Պողոտայի գետնանցումին, անոր մուտքին, առանց ուսուցչուհիներու ցուցմունքին շարուեցան եւ երգչախումբի տեսք ստացան։  

   Հասնելով իրենց,  նստայ հրապարակը եզերող նստարանին վրայ ու հետաքրքրութենէ մղուած սպասեցի թէ ինչ պիտի ներկայացնեն։ Քանի մը ակնթարթ անորոշ լռութենէ ետք, անոնք սկսան երգել։

   Ծանօթ երգ մըն էր: Ես ալ այդ նոյն  երգը սորված էի դպրոցական հասակիս: Տարբեր ժամանակներու ձայնասփիւռէն կամ ձեռնարկներու ընթացքին լսած էի։ Բայց առաջին անգամն էր որ զայն կը լսէի Հայաստանի մէջ կենդանի կատարողութեամբ եւ մանուկներու մեկնաբանութեամբ: 

   Սակայն այս անգամ երգը ուրիշ տեսակ կը հնչէր իմ ականջիս: Մինչեւ այդ պահը ես շատ սիրած էի անոր երաժշտութիւնը եւ բնաւ ուշադրութիւն չէի դարձուցած բառերուն: Հիմա սակայն մանուկներուն բերնէն ելլող իւրաքանչիւր բառ արձագանք գտնելով հայրենի հողին, երկինքին, օդին եւ բնութեան հետ, կը թափանցէր սիրտիս, հոգիիս եւուղեղիս մէջ:  Անոնք աւելի ու աւելի հնչեղ կը դառնային: Ոգի կար երգին մէջ, որ մինչ այդ  չէի ընկալած։ Վստահ եմ ինքը, բանաստեղծը, իր գրած բառերուն իմաստի հզօրութիւնը այդքան չէ զգացած գրելու պահին, որքան որ անոնք կը հնչէին այս մանուկներուն բերնէն: Իւրաքանչիւր բառ, նախադասութիւն, նոյնիսկ ստորակէտ, միաձուլուելով մեղեդիին աւելի եւ աւելի կ’իմաստաւորուէր:

   Հայրենի հողին վրայ հասակ նետող մատղաշ սերունդի ապրած ցաւերուն եւ լուսաշող ապագային նայող մանուկները կեանք եւ ոգի դրած էին երգին մէջ: Ոչ մէկ տեղ հայերէն եւ մասնաւորաբար հայրենասիրական երգը այդքան հարազատ, ուժեղ, հպարտ եւ իմաստալից չի հնչեր, որքան հայրենի հողին վրայ; Ի վերջոյ երգն ու երաժշտութիւնը այդ հողէն ծնունդ կ՝առնեն եւ անոնց ոգեղէնութիւնը հողին վերադառնալով կը վերածուի կեանքի, երազանքի, ապրումի եւ լուսապայծառ ապագայ ունենալու տեսլականի: 

   Այն տպաւորութիւնը ունեցայ որ այս մանուկներուն համար գրուած է այս երգը;

   Երեխաները պիտի աւարտէին իրենց խրոխտ երգեցողութիւնը: Ակամայ ոտքիելայ: Պէտք էր հասնէի ժամադրութեանս: Նորէն նայեցայ անոնց ուրախ, կեանքով լեցուն ոհպարտութիւն  առթող դէմքերուն եւ անոնց աչքերուն մէջ ակներեւ էր հայու չխոնարհուող հայեացքը:

   Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Թումանեանը, հոգեկան աննկարագրելի գոհունակութեամբ պիտի ունկնդրէր այս մանուկներուն ոգեշնչող մեկնաբանութիւնը եւ պիտի ընղունէր որ ոչ մէկ տեղ եւ ոչ մէկը այդքան հարազատ կերպով չէր կրնար երգել այս երգը, որքան հայ մանուկները երգեցին հայրենի հողին վրայ:

Քայլերս ուղղեցի դէպի Թումանեան փողոց եւ տակաւին չհասած այնտեղ, ականջիս հասան երգին վերջին բառերը որոնք կը թնդացնէին օդը: Այդ բառերը մեր հայրենիքին մերօրեայ ցաւերուն մէջէն յառնելու եւ լուսաշող Հայաստան կերտելու անհուն հաւատքին եւ յոյսին համար ճառագայթող արեգակներն են:

Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած,
Հազա՜ր-հազար լուսապայծառ հոգիներով ճառագած,
Ու երկնահաս քո բարձունքին, Արարատի սուրբ լանջին,
Կենսաժըպիտ իր շողերը պիտի ժըպտան առաջին,
Ու պոէտներ, որ չեն պըղծել իրենց շուրթերն անէծքով,
Պիտի գովեն քո նոր կեանքը նոր երգերով, նոր խօսքով,
Իմ նո՜ր հայրենիք,
Հըզօ՜ր հայրենիք․․․


CIVILNET

Yorumlar kapatıldı.