İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԴԺԲԱԽՏԱԲԱՐ Կ՚ԱՊՐԻ ԻՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՄԵՆԷՆ ԴԺՈՒԱՐ ՈՒ ԾԱՆՐ ՕՐԵՐԸ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի տագնապը կը շարունակուի։ Ճիշդ է, որ վերջին օրերուն զանազան հարթակներու վրայ փորձեր կը կատարուին, գոնէ տնտեսական «շունչ» մը տալու երկրին։ Բայց եւ այնպէս, տուեալները ցոյց կու տան, որ տագնապը բոլոր երեսակներով ունի խորքային դրդապատճառներ։

Զանազան առիթներով իմ այս սիւնակով անդրադարձած եմ Լիբանանի հարցերուն, միշտ հաշուի առնելով, որ այս երկրին դերն ու դիրքը մեծ հաշուով ունին կարեւոր նախադրեալներ՝ կառուցելու համար Մերձաւոր Արեւելքի նոր կարգավիճակ մը, որ պիտի շեշտաւորուի խաղաղութեամբ ու համակեցութեան օրինակով։

Լիբանանը, ի վերջոյ, փոքրիկ երկիր մը ըլլալով հանդերձ, ունի քաղաքական մեծ ազդակ դառնալու ամենահիմնաւոր դրոյթները, որոնք անմիջապէս կը կապուին արաբ-իսրայէլեան տագնապին, Սուրիոյ պատերազմին, ԱՄՆ-Իրան մեծ պարանաձգութիւններուն ու բանակցութիւններուն հետ։ Այս փոխազդեցութիւններու ընդհանուր հունին մէջ աւելի քան յստակ է, որ Լիբանանը միայն ազդուող երկիր մը չէ, այլ շրջանային քաղաքական գործընթացներու մեծ տարրալուծարանը։

Այս տուեալներու մասին աւելի յստակ պատկերացում մը ունենալու նպատակով վերջերս հեռավար հարցազրոյց մը ունեցանք Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի քաղաքագիտութեան դասախօս տքթ. Վերա Եագուպեանին հետ։ Անոր գաղափարները շօշափեցինք նաեւ երկրի քաղաքական հարցերուն, լիբանանահայ գաղութին ու վերջին զարգացումներուն կապակցութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Լիբանանի ներկայ վիճակը։ Այլ խօսքով առկայ տնտեսական տագնապը կրնա՞յ քաղաքացիական բախումներու վերածուիլ: Մտավախութիւններ ունի՞ք այդ առումով։

-Լիբանանը դժբախտաբար կ՚ապրի իր պատմութեան ամենէն դժուար ու ծանր օրերը քաղաքական՝ յատկապէս, տնտեսական մակարդակներուն վրայ: 1975 թուականի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին եւ անոր յաջորդող տարիներուն իսկ Լիբանան երբեք չէ դիմագրաւած նման սուր տագնապ, զոր լուծելու որեւէ հեռանկար գրեթէ գոյութիւն չունի այսօր: Արդեօք Լիբանանի համայնքային խախուտ դրութիւնը կրնա՞յ ներկայ տնտեսական տագնապը վերածել լուրջ խնդիրի, այո՛: Արդէն կը տեսնենք ու կը լսենք, թէ յաճախ տարբեր շրջաններու մէջ կը պատահին դէպքեր եւ կ՚ըլլան զոհեր, անոնք պետութեան բացակայութեան պարագային կրնան զարգանալ ու վերածուիլ լուրջ բախումներու: Պէտք է ըսել, որ մինչեւ օրս քաղաքական գլխաւոր ուժերը կրցած են զսպել իրենց համակիրները, բայց որեւէ պահուն կացութիւնը կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէ եւ վերածուիլ քաղաքական լուրջ բախումներու: 

-Կայ տեսակէտ, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական սուր տագնապը ունի նաեւ քաղաքական հիմքեր։ Այդ առումով ի՞նչ կը մտածէք։

-Անշուշտ, այս տագնապը ունի քաղաքական բազմաթիւ պատճառներ, որոնք թէ՛ ներքին են եւ թէ՛ արտաքին: Ներքին առումով՝ 2019 թուականի հոկտեմբերի ժողովրդային պոռթկումէն ետք, նշանակուած կառավարութիւնը չկրցաւ գոհացում տալ ժողովուրդի պահանջներուն, այլ ընդհակառակը վիճակը օրէ օր աւելի սրեց եւ ստեղծեց քաղաքական եւ տնտեսական անել կացութիւն: Լիբանանի ներքաղաքական բեմին վրայ գոյացած քաղաքական ուժերու բեւեռացումը պատճառ հանդիսացաւ, որ հնարաւոր չըլլայ նոր կառավարութիւն մը կազմել Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ, նաեւ աւելցնելով այլ պատճառներ՝ քորոնաժահրի ստեղծած դժուարութիւնը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, երկրի թղթոսկիի արագ անկումը եւ սուրիացի գաղթականներու մեծ թիւի ներկայութիւնը Լիբանանէն ներս: Արտաքին առումով՝ «Հիզպուլլահ»ի կապակցութեամբ Լիբանանի դէմ կիրառուած ամերիկեան պատժամիջոցները, որոնք կը բանեցուին քանի մը պատճառներով. «Հիզպուլլահ»ի սերտ կապերը Իրանի հետ, Իսրայէլին սպառնացող «Հիզպուլլահ»ի արդիական զէնքերը, անոր զինուորական ներկայութիւնը Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ։ Բաց աստի, «Հիզպուլլահ» կը հանդիսանայ միակ եւ գլխաւոր խոչընդոտը՝ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծման գործընթացին: Այս բոլորին վրայ անշուշտ կ՚աւելնայ տարածքաշրջանի մէջ քաղաքական մեծ ուժերու միջեւ մրցակցութիւնը. ինչպէս՝ Իրան-Սէուտական Արաբիա, Թուրքիա-Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս, սիւննի-շիի տագնապը եւ Իրան-Միացեալ Նահանգներ կորիզային բանակցութիւնները, որոնք ուղղակի ազդեցութիւն ունին Լիբանանի ներկայ վիճակին վրայ: Եթէ հետեւինք Լիբանանի պատմութեան հոլովոյթին, պիտի նկատենք, որ երկրի բոլոր ներքին տագնապները ունին արտաքին պատճառներ եւ յաճախ արտաքին ուժերը միայն կարողացած են լուծել Լիբանանի տագնապը: Կասկածէ վեր է նաեւ, որ Լիբանանի քաղաքական ներկայ խաւը տարիներու ընթացքին շահագործեց եւ սխալ ձեւով տնտեսեց երկրի նիւթական հնարաւորութիւնները, ինչ որ պատճառ դարձաւ նաեւ այս նոր տագնապին:

 -Երբ երկու տարի առաջ Լիբանանի մէջ ծայր առաւ ժողովրդային պոռթկումը, երկրի իշխանաւորները տապալելու միտում կար։ Բաւականին դժուար էր այդ մէկը, եթէ հաշուի առնուի Լիբանանի մէջ գործող համայնքային դրութիւնը։ Բողոքարարները՝ որոնք ցայսօր ալ կը շարունակեն պոռալ «բոլորը, այսինքն բոլորը…», յայտնուած են փակուղիի առաջ։ Ի վերջոյ ո՞րն է ելքը այս քաղաքական-համայնքային ճահճային վիճակէն։

-Բողոքարարները կարծեցին, որ «բոլորը այսինքն բոլորը» պոռալով կարելի պիտի ըլլայ փոխել երկրին վարչաձեւը: Երկրին վարչաձեւը կը փոխուի միայն պատերազմով, իսկ իմ կարծիքով՝ Լիբանան պատրաստ չէ նման քայլի մը երթալու այս հանգրուանին բազմաթիւ պատճառներով: Լիբանանի համայնքային դրութիւնը այս երկրին թէ՛ ուժն է եւ թէ՛ տկարութիւնը միեւնոյն ժամանակ, այսինքն՝ համայնքային այս մոզաիքը Լիբանանին տուած է այն իւրայատուկ դիմագիծը, որ տարածքաշրջանի մէջ գոյութիւն չունի: Այս դրութեան պատճառով Լիբանանի մէջ միասնաբար կը գոյակցին մօտաւորապէս 18 համայնքներ, կը վայելեն ազատութիւններ, կը կառավարեն իրենց ներքին հարցերը եւ անշուշտ այս բոլորը սահմանադրութեամբ ճշդուած, սահմանադրութիւնը կը յարգէ իւրաքանչիւր համայնքի իւրայատկութիւնը։ Այս դրութեան մէջ կրցած է ծաղկիլ լիբանանահայ համայնքը, քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ մշակութային մարզերու մէջ. երեւոյթ մը, որ տարածքաշրջանի այլ երկիրներու մէջ հայ համայնքը չէ վայելած: Միւս կողմէ սակայն, համայնքային այս դրութիւնը պատճառ հանդիսացած է Լիբանանի պատմութեան զանազան հանգրուաններուն ընթացքին, որ երկիրը գտնուի անել կացութեան առջեւ եւ մտնէ մութ փապուղիի մը մէջ, երբ այս համայնքները տարակարծիք ըլլան որեւէ խնդրի մը շուրջ, ինչպէս որ է վիճակը այսօր: Ինչպէս ըսի, Լիբանանի տագնապը երբեք պատերազմով լուծուելիք խնդիր մը չէ, այլ կը լուծուի երբ այս համայնքային դրութիւնը արդիականացուի եւ աւելի ուժեղ հիմերու վրայ դրուի: Այս խնդիրը դարձեալ դիւրին չէ, որովհետեւ կ՚ենթադրէ բոլոր կողմերէ ճիգ եւ բոլոր կողմերու պատրաստակամութիւնը:

-Հայկական գետնի վրայ լիբանանահայութիւնը ցայսօր ալ կը շարունակէ համարուիլ Մերձաւոր Արեւելքի աւազանի ամենէն կուռ եւ արմատական գաղութներէն մին։ Այսօրուան ընդհանուր վիճակը որեւէ ձեւով կը սպառնա՞յ լիբանանահայութեան կայուն եւ ամուր համայնք մը ըլլալուն։

-Այո՛, լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ մնալ Միջին Արեւելքի գլխաւոր գաղութներէն մին, բայց մեծ դժուարութիւններով: Լիբանանի եւ ընդհանրապէս տարածքաշրջանի քաղաքական, անվը-տանգութեան եւ տնտեսական տագնապները մեծապէս սկսած են սպառնալ լիբանանահայութեան կայունութեան եւ գոյութեան: Վերջերս երկրին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները՝ սկսեալ հոկտեմբեր 2019-ի բողոքի ցոյցերէն մինչեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը եւ լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումը, համայնքին մէջ ստեղծեցին ահաւոր վիճակ. օրինակ՝ մեր ժողովուրդին կարեւոր մէկ հատուածը դժբախտաբար դարձաւ անգործ եւ կարիքաւոր, լիբանանեան թղթոսկիի արագ անկումը եւ սննդանիւթի ու վառելանիւթի գիներու աննախընթաց ձեւով բարձրացումը՝ գաղութը դրած են մեծ տագնապներու դիմաց։ Բացի վերոնշեալներէն, դեղօրայքի պակասը, որ սկսաւ շատ ծանր կշռել ո՛չ միայն հայ գաղութին, այլեւ՝ ընդհանրապէս Լիբանանին վրայ: Մեր ազգային կառոյցները նոյնպէս այսօր կը գտնուին նիւթական հսկայ դժուարութիւններու դիմաց եւ զանոնք պահելը կը կարօտի շատ մեծ ճիգերու: Տնտեսութեան եւ անվտանգութեան այս վիճակը մեր երիտասարդները կը մղէ արտագաղթի առաջին իսկ հնարաւոր առիթին, բազմաթիւ հայ ընտանիքներ եւ երիտասարդներ արդէն կը լքեն երկիրը: Հայահոծ շրջաններուն մէջ հայկական վաճառատուներ կը փակուին կամ կը տրուին օտարներու. օրինակ՝ Պուրճ Համուտի նման հայահոծ շրջանի մէջ փակ վաճառատուներու տեսարանը ամէն հայու համար ցաւ եւ տխրութիւն կը պատճառէ. տակաւին չենք խօսիր հայկական դպրոցներու եւ հայ ուսուցիչներու մասին, այսօր բազմաթիւ ուսուցիչներ արդէն լքած են իրենց դպրոցները: Շատ հաւանական է, որ այս վիճակը աւելի սրուի եւ մենք գտնուինք այլ կացութեան առջեւ, երբ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ չկարենան իրենց զաւակները դպրոց ուղարկել վերամուտին: Այս վիճակը բնականաբար կը սպառնայ լիբանանահայ գաղութի կայուն եւ ամուր հայանք մը ըլլալու դրոյթին:

-Ի՞նչ դրուածքներու վրայ հիմնուելով Լիբանան կրնայ դուրս գալ այս մեծ տագնապէն եւ արդեօք այսօր առկայ տագնապին վերջը մօտալո՞ւտ է։

-Վերջերս Վատիկանի մէջ Պապը հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի տասն եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն հետ, քննարկելու համար երկրի քաղաքական եւ տնտեսական ներկայ իրավիճակը: Այս առիթով Վատիկանի Պապը կոչ ուղղած է Լիբանանի պատասխանատուներուն, որպէսզի վերջ տան Լիբանանի շահագործման ընթացքին՝ անձնական եւ արտաքին շահերու համար եւ առիթ տրուի լիբանանցիներուն, որպէսզի կառուցեն իրենց ապագան առանց արտաքին միջամտութիւններու: Անցեալի փորձառութիւնները ցոյց կու տան, որ Պապը թէեւ քաղաքական անձնաւորութիւն չէ, բայց մեծ ազդեցութիւն ունի միջազգային իրադարձութիւններուն վրայ եւ պէտք չէ անտեսել անոր դերակատարութիւնը: Վատիկանը իր յարաբերութիւններով կրնայ շատ լուրջ եւ վճռական դեր խաղալ աշխարհի տագնապներու լուծման մէջ: Այս իմաստով Վատիկանը յաճախ իր աշխատանքները կը համադրէ Եւրոպական Միութեան երկիրներու հետ յատկապէս՝ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ հետ, նաեւ այս ծիրին մէջ պէտք է կարեւորութեամբ շեշտել անցեալ երկուշաբթի օրուան հանդիպումը Պապի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի միջեւ: Այս հանդիպումին քննարկուած են՝ Լիբանանի թղթածրարը եւ Լիբանանի համար Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի որոշիչ դերերը երկրէն ներս տագնապը լուծելու իմաստով: Այս հանդիպումին Պլինքըն նկատել տուած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ հետ միասնաբար մեծ ճնշումներ պիտի բանեցնեն Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներուն վրայ, որպէսզի անոնք կազմեն նոր կառավարութիւն մը եւ լուծեն երկրի տագնապը: Հոս յատկանշական է, որ այս հանդիպումին միացած է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ նման հանդիպում յոյս կը ներշնչէ ու Վատիկանի միջամտութիւնը կամ նախաձեռնութիւնը կրնայ լուծել Լիբանանի բարդ խնդիրը: Անշուշտ այս ճիգերը կախեալ են Լիբանանի պատասխանատուներէն, որովհետեւ եթէ անոնք շարունակեն արհամարհել միջազգային ճիգերը եւ աւելի մխրճուին շրջանային խնդիրներու մէջ, հոս խօսքը կը վերաբերի «Հիզպուլլահ»ին եւ անոր դաշնակիցներուն, բնականաբար Լիբանան աւելի պիտի երթայ դէպի անդունդ եւ այս պարագային ոչինչ պիտի կարողանայ փրկել կացութիւնը:

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/10-07-2021-վերա-եագուպեան-«լիբանանը-դժբախտաբար-կ՚ապրի-իր-պատմութեան-ամենէն-դժուար-ու

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın