İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՎԱՏՐՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՈՂՋՈՅՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Յունիս 2021, Հինգշաբթի առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Տ. Մարկոս Քհյն. Ֆավզիի առաջնորդութեամբ Ղպտի Եկեղեցիէն խումբ մը, որ քաղաքս ժամանած էր Եգիպտոսէն։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Սոյն քաղաքավարական այցելութիւնը կը շրջանցէր սովորական այցելութեան սահմանները, քանի հիւրերը Պատրիարք Հօր փոխանցեցին, Ղպտի Եկեղեցւոյ Ն.Ս.Տ.Տ. Թավատրոս Ս. Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները։ Հիւրերը, նախ աւելի մօտէն ծանօթացան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռին, առաքելութեան ու գործունէութեան։ Այս ուղղութեամբ ներկաներուն փոխանցուեցան պատշաճ տեղեկութիւններ, որոնց հիւրերը մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան։ Հանդիպման ընթացքին շեշտադրուեցաւ, թէ՝ Հայ եւ Ղպտի Եկեղեցիները, որպէս քոյր դաւանակից եկեղեցիներ, Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ամենէն պատմական ու աւանդական եկեղեցիներէն են։

Այցելութեան առիթով անոնք, Պատրիարք Հօր յանձնեցին Նորին Սրբութեան նամակը, որուն մէջ Թավատրոս Պատրիարքը Ս. Մարկոս Աւետարանչի օրհնութեամբ ու եղբայրական սիրով կ՚ողջունէր Պոլսոյ Սահակ Ս. Պատրիարքը՝ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետը։ Ինչպէս նաեւ հակիրճ ձեւով կ՚անդրադառնար Ղպտի Եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Այս առիթով, Նորին Ամենապատուութեան յանձնուեցաւ Թավատրոս Պատրիարքէ ուղարկուած Պատրիարքական գեղազարդ ասան։
Պատրիարք Հայրը նաեւ օրհնեց Ղպտի Եկեղեցիէն ժամանած հիւրերը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեանց մէջ։ Այցելութեան աւարտին, հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարք Հօր ընծայած հիւրասիրութեան համար։

Տեսակցութենէ յետոյ, այցելուները առաջնորդուեցան Աթոռոյս Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանը եւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցին, ուր Տ. Տրդատ Աւ. Քահանայէ տեղեկութիւններ ստացան ու գոհաբանական աղօթք կատարեցին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın