İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ՝ «ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ – KİTAB-I MUKADDES’TEN – FROM THE HOLY BIBLE» ԳԻՐՔԻՆ

Պատրիարքական Աթոռը, վերջերս հանրութեան ուշադրութեան յանձնած էր, թէ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ, լոյս տեսած էր «ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ – KİTAB-I MUKADDES’TEN – FROM THE HOLY BIBLE» գեղատիպ հատորը, որ ձօնուած էր, Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան 350 ամեակի յոբելեանին։ 

Աթոռոյս հիմնադրութեան տարեդարձին եւ Ս. Էջմիածնի տօներուն յաջորդող բարեբաստիկ շրջանին, աշխատութիւնը կ՚որակուէր, որպէս՝ հայատառ Ս. Գրքին մատուցուած ծառայութիւն։ Դժբախտաբար, թագաժահրի (Coronavirus) համավարակի շրջանին կարելի չէր եղած աշխատութիւնը հանրութեան ուշադրութեան յանձնել եւ ակամայ յապաղում տեղի ունեցած էր։ Իսկ միւս կողմէ, սահմանափակումներու դրական նոր զարգացումներուն լոյսին տակ կարելի դարձաւ կատարել շնորհահանդէս մը։

Նախագահութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր եւ կազմակերպութեամբ Աթոռոյս Հրատարակչական Բաժանմունքին, 12 Յունիս 2021, Շաբաթ, ժամը 15.30-ին, Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գրքի շնորհահանէսը։ Հանդիսութեան ներկայ եղան Աթոռոյս միաբանները, Պատկառելի Կրօնական Ժողովի անդամները, Աթոռոյս ժառանգաւոր սաներն ու Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամները։ Բաց աստի, ներկայ էին Ս. Գրոց Ընկերութեան Տնօրէն Թամար Քարասու, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ գրքի հրատարակութեան աշխատանքով ու բարոյապէս օժանդակողներ։   

Դահլիճին կեդրոնը՝ գրակալի վրայ կը գտնուէր, Ոսկանեան Աստուածաշունչէն օրինակ մը, որուն ներքեւ կանոնաւորապէս դիզուած էին նաեւ նորատիպ հատորէն օրինակներ։ Հանդիսութիւնը սկսաւ Պատրիարք Հօր արտասանած Տէրունական Աղօթքով եւ բարեմաղթանքով։ Ապա, բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ՝ Հրատակչական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Հայր Սուրբը, յայտնեց թէ Հայ Մշակոյթի կարեւոր դէպքերէն ու հանգրուաններէն մին՝ Աստուածաշունչի Հայերէն առաջին տպագրութեան յիշատակը պանծացնելու համար հաւաքուած էին Պատրիարքարանի երդիքին ներքեւ ու շարուանակեց ըսելով. «Քանի Պատրիարքական Աթոռս ունէր հրատարակչական բաժին մը ու կը փորձէր Ոսկանի արծարծած կրակը վառ պահել, չէր կրնար անտես թողուլ այս հանգրուանը: Ուստի, զանազան գաղափարներու ընդմէջէն աւելի առինքնող դարձաւ մարմնաւորել այդ մէկը, որ այսօր ունինք մեր ձեռքին: Մեր հիմնական մերձեցումը այն եղաւ, թէ Ոսկանեան տպագրութեան աշխարհացրիւ սակաւ օրինակները անմատչելի էին ընթերցողին եւ պէտք էր Հայ մշակութասէր ընթերցողը հաղորդ դարձնել մշակութային այս կոթողին»:

Յաջորդաբար, Տեղեկատուական Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգշ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին Ս. Գրքի Հայերէն տպագրութեան 350-ամեակին առթիւ հրապարակած կոնդակը, որ լոյս տեսած է նաեւ նորատիպ հատորին մէջ։

Վեհափառ Հայրապետի տողերուն մէջ նշուած է Ս. Գրքի տպագրական աշխատութիւնը հետեւեալ ձեւով. «Գրքի, ուսման ու գիտութեան հանդէպ անսահման սէր ունեցող մեր ժողովուրդը ոչինչ չխնայեց, որպէսզի տպագրութեան ճանապարհով լուսաւորութիւնը առաւել տարածուի մեր երկրում: Յատկապէս անհրաժեշտութիւն էր Սուրբ Գրքի տպագրութիւնը, որի նպատակով Յակոբ Դ. Ջուղայեցի Կաթողիկոսի կողմից Եւրոպա առաքուեց Սուրբ Էջմիածնի միաբան Ոսկան Երեւանցի վարդապետը: Լուսամիտ եկեղեցականը նիւթական շատ ծանր պայմանների ու զրկանքների մէջ բազմաթիւ դժուարութիւններ ու խոչընդոտներ յաղթահարեց, օգնութիւն գտնելու ակնկալիքով այցելեց եւրոպական տարբեր քաղաքներ ու հայաշատ բնակավայրեր եւ անխոնջ ջանքերով 1666 թուականին Ամստերդամում հրատարակեց հայերէն առաջին Աստուածաշունչը»:

Ապա բարձրախօսը յանձնուեցաւ Հրատարակչական բաժանմունքի վարիչ եւ հատորը պատրաստող Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանին։ Ան, հակիրճ կերպով խօսեցաւ գրքի մասին եւ անդրադարձաւ, Ամենայն Հայոց Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի եւ Ոսկան Եպս. Երեւանցիի վաստակին, Ս. Գիրքի Հայերէնով տպագրութեան ծիրէն ներս։ Հայր Սուրբը պատմական ակնարկ մը նետեց ու յայտնեց թէ առաջին տպագրուած Հայ Գիրքէն 154 տարի յետոյ Հայերէն Ս. Գիրք կը տպուէր Ամսթէրտամ քաղաքին մէջ։ Ամփոփիչ տեղեկութիւններ տալէ յետոյ, հասաւ Ս. Գիրքի Հայերէն Տպագրութեան հանգրուանին ու Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած Ս. Գրային հրատակարակութիւններու թիւերը յիշեցուց։ Բաց աստի, Ոսկանեան Աստուածաշունչի մէջ լոյս տեսած նկարներու հեղինակին եւ անցեալին անդրադառնալով յայտնեց թէ, աւելի քան 150 փորագրեալ նկարները ամենայն գեղեցկութեամբ նկարուած ու լոյս տեսած են տպագրեալ առաջին Աստուածաշունչին մէջ եւ ահա այդ նկարները Պոլսոյ Աթոռոյ ներդրումով դարեր յետոյ վերստին կ՚օգտագործուի յօգուտ Ս. Գիրքին։

Հայր Սուրբը, իր խօսքերուն մէջ նշեց նաեւ թէ՝ 300-ամեակին առթիւ, 50 տարիներ առաջ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի նախագահութեամբ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցած էին, որոնց շարքին այցելութիւն տրուած էր եկեղեցւոյ կից ննջող՝ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսին, որ ծանօթ է նաեւ «Հոգեւոր Տէր» անունով։ Այս հանգրուանին Ս. Գրոց Ընկերութիւնը Հայոց Պատրիարքութեան նուիրած էր, Ոսկանեան Աստուածաշունչէն օրինակ մը, որ այդ Ս. Գիրքը այսօր տեղադրուած էր դահլիճի կեդրոնը։ 

Խօսքի աւարտին Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին եւ Արուսեակ Սաֆա-Ճէմիլապատիին, որոնք Անգլերէնի թարգմանութեանց եւ խմբագրութեան ներդրում բերած էին։ Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանին, արուեստագէտ Գրիգոր Սահակեանին, Պատրիարքարանի երիտասարդ աշխատողներէն Արիս Քարաֆիլին եւ Սարվէն Տանէին եւ բոլոր ներդրում ունեցողներուն։

Ատենախօսութիւններէ յետոյ, Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ, Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամները երգեցին «Այսօր Ժողովեալ Սրբոց», «Կենդանարար Աստուած», «Որք Զարդարեցին» եւ «Ուրախ Լեր» շրականները։ Այս պահուն, Աթոռոյս Օրմանեան Մատենադարանի Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան հանգստեան աղօթքով մի առ մի յիշատակեց Ոսկանեան Աստուածաշունչի յիշատակարանին մէջ նշուած բոլոր նուիրեալները, սկսեալ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսէն մինչեւ Ոսկան Վրդ. Երեւանցի եւ իր ծնողները։ 

Հանդիսութեան աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը արտասանեց հուսկ բանքը եւ իր գնահատութիւնը յայտնեց Հայ գիրին ու գիրքին ի պատիւ եղած սոյն հանդիսութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ համավարակի շրջանին զգացուած մեծագոյն զրկանքն էր մշակութային հանդիսութիւններու ակամայ բացակայութիւնը։ Երկար ժամանակ յետոյ, Պատրիարքարանի երդիքին ներքեւ նման հանդիսութիւն կազմակերպելն ու հանրութեան ներկայանալը ուրախութիւն էր Աթոռոյ համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը յիշեցուց, թէ Ս. Գիրքը այն եզակի գիրքն է, որուն այլափոխիչ զօրութիւնը պատմութեան ընթացքին տեսանելի եղած է ազգերու մէջ։ Մշակոյթներ ձեւաւորուած են Ս. Գիրքի ազդեցութեամբ, որոնց շարքին է նաեւ Հայ ժողովուրդը։ Պատրիարք Հայրը, Թարգմանչաց շարժումի եւ Ս. Գիրքի հայերէն տպագրութեան աշխատութիւններու միջեւ նմանողութիւնները ներկայացնելով ըսաւ. «Ս. Սահակ Հայրապետ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին վստահած էր հայկական այբուբենով Ս. Գիրքը թարգմանելու եւ ժողովուրդին հասկնալի դարձնելու աշխատութիւնը։ Այս աշխատութեան նպատակն էր Ս. Գիրքը աւելի հասկնալի դարձնել Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն մօտ։ Իսկ, 17րդ դարուն, երբ Հայ Եկեղեցին կը դիմագրաւէ բազմաթիւ հարցերու, Յակոբ Ջուղայեցի Հայրապետը Ս. Գիրքի հասանելիութեան կարեւորութիւնը կը տեսնէ ժողողովուրդին մօտ եւ այս առթիւ Մայր Աթոռոյ միաբան Ոսկան Վրդ. Երեւանցիին կը վստահի տպագրութեան աշխատութիւններու հետեւելու եւ Ս. Գիրքը բազմացնելու պաշտօնը։ Հետեւաբար, տարբեր դարերուն, մեր եկեղեցւոյ հարցը եղած է Ս. Գիրքը ժողովուրդին ներկայացնել տարբեր ձեւերով ու մեթոտներով։ Պատրիարքութեան այս վերջին հրատարակութիւնը եւս կը միտի նոյն կամքը. Ս. Գրային նկարները վերհրատակել, զանոնք առաւել եւս արդիականացնելով ու զանոնք յանձնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն»։

Այս առումով, Պատրիարք Հայրը ուրախութեամբ շեշտեց թէ՝ Պատրիարքական Աթոռը յոբելենական հանգրուանը չէ զիչած ու Ս. Գիրքի Հայերէն տպագրութեան 350-ամեակին ձօնուած աշխատութիւնը կը յանձնէ պատմութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը, շնորհակալութիւն յայտնեց հրատարակչական յանձնախումբի անդամներուն, որոնց կը գլխաւորէ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետը, գիրքը պատրաստող՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղային եւ բարոյապէս իրենց ներդրումը բերողներուն։ Այս առթիւ յատուկ ձեւով ընդգծեց Ս. Գրոց Ընկերութեան մեկենասութիւնը, որուն համար շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերութեան տնօրէնուհի Թամար Քարասուին։ Մեր Հոգեւոր Պետը, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներուն եւ ներկայ մամլոյ սպասաւորներուն։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած Տէրունական Աղօթքով։ Ապա, ներկաներ մի առ մի մօտեցան Պատրիարք Հօր եւ իրմէ ստացան գիրքի առաջին օրինակները։

Յիշեցնենք, որ համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ շնորհանդէսը կայացաւ սեղմ շրջանակի մէջ։ Իսկ 13 Յունիս, Կիրակի, յետ միջօրէին Պատրիարքական Աթոռոյս կայքէջէն եւ տեղեկատուական «Լրաբեր» էջէն հանդիսութիւնը ամբողջութեամբ պիտի սփռուի, որով շնորհանդէսին կատարելապէս հետեւելու առիթը պիտի ունենան մեր ժողովուրդի զաւակները։

https://www.facebook.com/127576530735572/posts/1868951339931407/?d=n

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın