İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկ. Կրօնական Ժողովը 3 Մայիս 2021, Երկուշաբթի ժամը 16.00-ին համացանցի վրայ գումարուեցաւ նախագահութեամբ Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր։

Ժողովական Հայրերը օրակարգի վրայ ունեցան վերջին օրերս համայնքային կեանքը յուզող իրադարձութիւնները։

Կրօնական Ժողովը, որպէս եկեղեցական ու հոգեւոր մարմին միշտ փափաքող է, որ համայնքային կեանքէն ներս տիրէ համերաշխութեան եւ իրերհասկացողութեան մթնոլորտ եւ իր կարողութիւններուն ներած չափով ալ ի պահանջել հարկին այս ուղղութեամբ կը ջանայ բերել իր ներդրումը։

Ուստի ժողովական հայրեր, ցաւով անդրադարձան, թէ Հայ Համայնքի Հիմնարկներու Միութեան (ԷՐՎԱՊ) հարթակի վրայ եղած վերջին գրութիւնները առիթ տուած էին, որ ձգտեալ մթնոլորտ մը յառաջանար Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հօր եւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի ու ԷՐՎԱՊի Ատենապետ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ, որ վերջինս հրապարակած էր «Լուսաբանութիւն» մը։

Ժողովական Հայրերը անդրադարձան, թէ Պատրիարքական Աթոռը որեւէ հարց չունէր Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան հետ եւ ամէն առիթով գնահատած էր Պէզճեան Աւանդին վերելքին ու առողջ հիմերու վրայ գոյատեւման ուղղութեամբ հոգաբարձութեան անդամներու տարած աշխատանքները։ Վերջին օրերուն յառաջացած ձգտեալ մթնոլորտը արդիւնքն էր դիւրազգածութեան։

Բոլորիս ծանօթ է, Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի բարերարութիւնը, զոր երկար տարիներէ ի վեր ի գործ կը դնէ ի նպաստ մեր կրօնական, կրթական, բարեսիրական ու մշակութային ձեռնարկներուն։ Նաեւ կը գլխաւորէ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը։

Հետեւաբար մեր համայնքային կեանքի յառաջադէմ մէկ անդամին «Լուսաբանութիւն» խորագրեալ գրութեան մէջ Նորին Ամենապատուութեան եւ Պատրիարքական Աթոռին հանդէպ եղած քննադատութեան սահմանները անդրացնող արտայայտութիւնները իսկապէս ցաւ պատճառած են ժողովական հայրերուն։ Դժբախտաբար սոյն արտայայտութիւնները վիրաւորած են առկայ բարւօք յարաբերութիւնները, որ ներհակ է մեր աւանդական վարչային սկզբունքներուն: Ուստի հաւատալով Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի ազնուութեան, կ՚ակնկալենք որպէսզի քայլեր առնէ յարաբերութիւնները վերստին բարւօք գծին վերադարձնելու ուղղութեամբ, ի սէր ապագային վերահաստատելի շինիչ յարաբերութեանց։

Մեր համայնքային կեանքէն ներս իրաւ է, թէ կը տիրէ տնտեսական պայմաններու բերմամբ յառաջացած նեղութիւններ։ Այս նեղութիւնները առաւել եւս ծանրակշիռ բնոյթ ստացած են Քովիտ 19 ժահրի յառաջացուցած համավարակի պատճառաւ։ Բաց աստի, նաեւ իրողութիւն է, թէ նօսրացած համայնքային շարքերէն ներս զգալի է նաեւ մարդուժի պակասը։ Եւ մեր հաստատութիւնները յաճախ նեղութիւնը կը զգան իրենց կազմերէն ներս ընկալելու նոր եւ մանաւանդ երիտասարդ անհատներ։

Ուստի երբ այս է անուրանալի իրողութիւնը, մեր համայնքային վարիչներ պարտին մէկ կողմ թողուլ դիւրազգածութիւնը եւ միանալ հասարակաց գաղափարի շուրջ, որ է համայնքային կեանքի առողջ գոյատեւումը։ Ժողովական հայրերը այսու մեր համայնքային կեանքի վարիչները կը հրաւիրեն շարժելու ողջմտութեամբ ի գլուխ ունենալով Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր եւ բարոյական ներկայութիւնը։ 

Համայնքային կեանքը համավարակի պատճառած հարցերէն ազդուած ըլլալով, կը պարտինք պահել համայնքային կեանքէն ներս միութեան իրերհասկացողութեան ոգին, բարձր պահելով Պատրիարքական Աթոռի եւ Իր Գահակալին բարոյական հեղինակութիւնը։

Ժողովական Հայրերը գոհունակութեամբ անդրադարձան, թէ Պատրիարքական Աթոռը յատկապէս համավարակի այս շրջանին երկու հիմնական առաքելութիւններով իր ներկայութիւնը զգալի դարձուցած էր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Պատրիարքական Աթոռը, հեռու կրաւորական դիրքաւորումէ իր կարելին ի գործ դրած է հասնելու հաւատացեալ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքները դիմագրաւելու հեռակայ դրութեամբ։

Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Պատրիարքական Աթոռի կայքէջէն սփռուած են եւ կը շարունակուին սփռուիլ Ս. Պատարագներ, քարոզխօսութիւններ եւ այլ արարողութիւններ։ Այս ծառայութեանց ընթացքին յայտնուած է, թէ սփռումները հասանելի դարձած են հազարաւոր ունկնդիրներու։ Այս առաքելութիւնը արժանացած է բազմաթիւ գնահատանքներու, թէ քաղաքիս եւ թէ գաւառի ժողովուրդներէն, ինչպէս նաեւ արտասահմանէն։

Դարձեալ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը յատկապէս համավարակի շրջանին գործակցելով եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու հետ հասած է աւելի քան հինգհարիւր կարիքաւոր ընտանիքներու։ Բնականաբար այս օրհնեալ առաքելութիւնը կը յաջողի համայնքային հաստատութիւններու եւ բարերարներու ներդրումով։ Յանձնախումբը իր աշխատանքներուն արդիւնքը թափանցիկ կերպով կը ներկայացնէ Պատրիարքական Աթոռին։ Հայ Քրիստոնեայ ընտանիքներէն փափաքողներուն նուիրուած է Սուրբ Գիրք, բան մը որ եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւններէն է։ Ժողովական հայրերը կարեւորութեամբ շեշտեցին նաեւ, թէ այս օժանդակութիւնները չեն կատարուիր որեւէ քաղաքական, անհատական եւ կամ այլ աշխարհիկ նկատումներով։

Ժողովական հայրերը կարեւորութեամբ ընդգծեցին, թէ Պատրիարքական Աթոռը ըլլալով հոգեւոր վերին իշխանութիւն, գլուխն է Թուրքիոյ Հայ համայնքին։ Չունի որեւէ մարմաջ զբաղելու աշխարհիկ զանազան հարցերով։ Սակայն եւ այնպէս որովհետեւ աշխարհիկ գործերու համար պաշտօնական որեւէ մարմին մը գոյութիւն չունի, համայնքային հարցեր կու գան հասնիլ Պատրիարքական Աթոռ, լուծման որոնումով։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը գիտակցելով հանդերձ, թէ իր հոգեւոր իշխանութիւնը չունի պարտադիր զօրութիւն աշխարհիկ հարցերու պարագային, կը ջանայ իր հայրական մերձեցումով լուծման ճանապարհներ որոնել եւ այս ուղղութեամբ ալ հարկադրաբար կը գումարէ ժողովներ, ճշդելու համար ելքի ճանապարհ մը։ Ճիշդ այս պատճառաւ էր, որ Նորին Ամենապատուութիւնը ընթացք տուած էր ԷՐՎԱՊի կազմութեան, այն յոյսով ու հաւատքով որ սոյն կազմակերպութեան հովանիին ներքեւ յանձնախումբերու գործունէութեամբ լուծումներ պիտի գտնուէին համայնքը յուզող խնդիրներուն։ Սակայն հակառակ բարի կամեցողութեան, համավարակի պատճառաւ կարելի չեղաւ հարկաւոր ժողովներով ի գործ դնել պարտն ու պատշաճը։ Ուստի պարզապէս այս պատճառով, էր որ անմիջական օժանդակութեան կարօտ վարժարաններու մատակարար մարմիններու Պատրիարքական Աթոռի դիմումը ընկալուեցաւ հայրական ու հովուապետական մերձեցումով։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը այս առումով էր որ օժանդակութեան դիմեց մասնագէտ հաշուակալներու, ստուգելու համար օժանդակութեան քանակը։ Առաջին գծի վրայ կարեւորը եղաւ մեր վարժարաններու այս անմիջական կարիքը դիմագրաւել։ Նորին Ամենապատուութիւնը հաւատացողներէն է, թէ համայնքային որեւէ հաստատութեան ապագային նկատմամբ պէտք է լայնախարիսխ ուսումնասիրութիւններ կատարել եւ մասնագէտներու տեղեկագիրներուն համաձայն պատշաճը տնօրինել համայնքային հասկացողութիւն մը գոյացնելով։

Ժողովական հայրերը, առաջի Աստուծոյ եւ առաջի ժողովրդեան իրենց վստահութիւնը կը յայտնեն Նորին Ամենապատուութեան, որ այս դժուարին պայմաններու տակ կը ջանայ իր կարելին ի գործ դնել հովուելու իր մականին գծով յանձնուած ժողովուրդը։ Նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն Պատրիարքական Աթոռի առաքելութեան առողջ գոյատեւման համար։

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

3 Մայիս 2021

12563

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/posts/1838254959667712

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın