İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏԱՌՄԱՆ

Ծանօթ է, թէ համավարակի պատճառաւ երկրի առողջապահական պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներով կատարուած սահմանափակումները կը շարունակուին ներկայիս։ Այս սահմանափակումներու կարգէն ըլլալով 29 Ապրիլ 2021, Հինգշաբթի, ժամը 19.00-էն մինչեւ 17 Մայիս 2021, ժամը 05.00 փողոց ելլելու արգելք յայտարարուած է պաշտօնապէս։

Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ մեր եկեղեցիները վերոյիշեալ օրերուն 11.00-16.00 ժամերու միջեւ մոմավառութեան եւ անհատական աղօթքի համար բաց կը մնան եկեղեցիներէ քալելու հեռաւորութեամբ բնակող հաւատացեալներու համար։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ

28 Ապրիլ 2021

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/posts/1834597736700101

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın