İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի վախճանման Բ. տարելիցին առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ հրատարակուեցաւ յուշամատեան մը։

Հատորը կը բացուի Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի մեծադիր լուսանկարով, կենսագրութիւնով եւ ապա մահազդով։ Հատորը պատրաստուած է Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի կողմէ, որ գրի առած է նաեւ առաջնորդող խօսքը. «Համեստ փունջ մը Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր յիշատակին»։

Հատորը, որ կը բաղկանայ 21*21 սմ. չափերով 384 էջերէ եւ կ’ընդգրկէ Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր վախճանումէն մինչեւ քառասունք գրի առնուած պաշտօնական նամակներէ, տոմարի արձանագրութիւններէ, համացանցի կամ մամլոյ սիւնակներուն մէջ լոյս տեսած երկար կամ կարճ, հայերէն կամ այլալեզու գրութիւններէ։

Այս մասին խմբագիրը կ’ըսէ. «Խորհեցանք, որ Մեսրոպ Պատրիարքի նման գրասէր ու գրքասէր անհատականութիւն մը ոգեկոչելու լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլար գիրք մը հրատարակել՝ նոր գիրք մը աւելցնել Հայ գիրքի հինգ հարիւրամեայ հաւաքածոյին։ Ահաւասիկ իր երկրորդ տարելիցին առթիւ, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը, հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, այդ գրութիւններէն փունջ մը կը հրատարակէ, ձօնուած՝ իր մեծանուն գահակալի բարի յիշատակին»։

Իր ժողովուրդին, յատկապէս Ստանպուլահայ համայնքի կարօտցած հովուապետը յիշեցնելու նպատակաւ, գրութիւններու վերջաւորութեան կազմուած է լուսանկարներու հարուստ բաժին մը՝ Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր կեանքին զանազան շրջաններէն հաւաքուած։

Իսկ փակման խօսքն է քառասունքի առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագի քարոզը, որ խօսած էր Աթոռոյս այժմու գահակալը՝ այն շրջանի Գերշ. Տ. Սահակ Եպս.ը։

Հատորի կողքը պատրաստուած է Արիս Քարաֆիլի կողմէ, հիմք ունենալով նկարիչ-արձանագործ Էրօլ Սարաֆեանի պատրաստած դիմանկարը։

Այս հատորի նպատակն է անգամ մը եւս յիշել ու յիշատակը վառ պահել Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր։

Նկատի ունենալով, որ համավարակի պատճառաւ սահմանափակումները կը շարունակուին  ներկայիս կարելի չըլլար շնորհանդէս մը կազմակերպել։ Սակայն երբ առողջապահական պայմանները գոյանան պիտի կազմակերպուի շնորհանդէս, ծանօթացնելու համար ընթերցող մեր հասարակութեան։ 

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

… Սուրբ Աթոռոյս յիշատակ ընծայողաց Ինքն ողորմեսցի։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın