İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ԴՈՒՔ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՅԻՇՈՒԻՔ ՈՐՊԷՍ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ՅԱՐԳՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

24 Ապրիլ 2021-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով հրապարակած իր պաշտօնական խօսքին մէջ 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ Օսմանեան-թուրք պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութիւնը բնութագրեց իր ճշգրիտ, պատմական եւ իրաւական անուանումով՝  ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ։

Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութեան ու գնահատանքի նամակ մը յղեց նախագահ Պայտընի, ուր Նորին Սրբութիւնը յատկապէս ըսաւ.- «Ջերմօրէն կ՚ողջունեմ ու բարձրօրէն կը գնահատեմ Ձեր կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ իմ նախորդներուս, որոնց պարտադրուեցաւ հեռանալ Հայ Եկեղեցւոյ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանէն, ինչպէս նաեւ աշխարհի բոլոր կողմերը ցրուած Ցեղասպանութեան վերապրողներուն կողմէ»: Շարունակելով իր խօսքը՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.- «Դուք, Ձեր ընտրական խոստումը յարգելով յոյս ներշնչեցիք Ցեղասպանութեան զոհերուն, որոնց իրաւունքը տակաւին կը մնայ անտեսուած, եւ աւելի՛ն, Դուք վերահաստատեցիք արդարութեան, մարդկային իրաւանց եւ հաշուետուութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը»։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց նախագահ Ճօ Պայտընին «խօսքէ անդին աշխարհաքաղաքական շահերը շրջանցելու քաջ նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհի քաղաքագէտներուն ուղղուած մարտահրաւէրը թէ՝ ընտրական խոստումները պատասխանատու յանձնառութիւններ պէտք է դառնան ի խնդիր արդարութեան եւ ոչ թէ ընտրութիւնը ապահովելու միջոցներ»:

https://www.facebook.com/holyseeofcilicia/posts/4016698598351832

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın