İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

24 ԱՊՐԻԼԻ ՄԱՍԻՆ ԱՄԵՆ. Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ

«Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ,

որ հիմա պիտի յայտնուի։

Միթէ զանիկա պիտի չգիտնա՞ք» 

(Եսայի, 43.19)

24 Ապրիլ 1915 թուականով սկսած ցաւառիթ ընթացքին եւ իր ազդեցութիւններուն բերմամբ Հայ ժողովուրդին մօտ գոյացած է ակնարկները դէպի անցեալ սեւեռելու սովորութիւնը, որ անխզելի կերպով կը շարունակուի մինչեւ ցայսօր։ Դիւրին չէ, մեր ժողովուրդին կէսէն աւելին կլանող Մեծ Եղեռնը մեր ընկերային ծիներուն ներմուծուած ըլլալով, սերունդէ սերունդ փոխացուած է ցաւերու բոլոր երանգաւորումներով եւ իր յառաջացուցած բարկութիւնն ու արդարութեան պահանջքը գրեթէ վերածուած է ազգային նկարագրի։ Այնպէս որ, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ Հայոց դէմ հանդիման մնացած բոլոր հարցերուն ընկերաբանական վերլուծման պարագաներուն, Մեծ Եղեռնը անպայման կ՚ընկալուի որպէս սկզբունքային հիմնակէտ։ 24 Ապրիլը մեզի համար եղած է սկզբնակէտի դժբախտ թուական մը։ Հայեր, ժամանակի հաշուարկման պարագային նկատի կ՚առնեն Մեծ Եղեռնը նախորդող եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանները։ 

Բնականաբար այս պարտադրեալ ցաւին ծանր հաշուեցուցակի անդրադարձը ցոլացած է Հայոց հոգեկան ներաշխարհին վրայ։ Ցաւը, շատ անգամներ բնական գոյացութեան չարտօնէր։ Որովհետեւ ցաւը իմաստաւորելը ամենադժուարին հարցերէն մին է։ Սակայն հարկադրուած էք զայն իմաստաւորել։ Որովհետեւ միշտ ունիք քալելու ճանապարհներ, ընելիք գործեր, պարտաւորութիւններ եւ ցանկութիւններ։ Որքան ատեն որ ցաւը կը գոյատեւէ, կը մնայ որպէս բանտարկեալ անխօս ապստամբութեան ծիրէն ներս։ Ան, ներկան անցեալի բոլոր սեւ երանգաւորումներով կը գունաւորէ եւ ի վերջոյ դուք ձեզ կը դատապարտէք մոխրագոյն եւ տժգունած կեանքի մը տիրանալու վիճակին։ Ցաւերը, ի մասնաւորի մեծ ցաւերը կը ներկայանան որպէս մեծագոյն խցան, արդիւնաբերութեան եւ նոր սկիզբներու առջեւ։ 

Անցեալի աղէտներուն յառաջացուցած վէրքերու յորձանքէն պէտք է ուշ կամ կանուխ ձերբազատուիլ։ Սուգ պահելը ապաքինման ընթացք մը ըլլալով հանդերձ, զայն կարելի չէ ընկալել որպէս ընդմիշտ շարունակելի վարմունք։ Ահաւասիկ հազարաւոր տարիներ առաջ նման հարուածներու տակ տուայտող Իսրայէլացիներ երբ անցեալի դառն յիշատակներէն չէին կրնար ձերբազատուիլ, Աստուած Հին Ուխտի մարգարէներէն Եսայիի միջոցաւ կը յայտնէր, թէ սխալ էր իրենց որդեգրած յոռետես կեցուածքը եւ զանոնք կը հրաւիրէր յուսադրուելու. 

«Առաջուանները մի՛ յիշէք, ու հին բաները մտքերնիդ մի՛ բերէք։ Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի յայտնուի։ Միթէ զանիկա պիտի չգիտնա՞ք։ Ես անապատի մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամ Ու անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի բղխեցնեմ։ (Եսայի, 43.18-19)

Այս փառաւոր տիեզերքը ամէն օր նորանոր հնարաւորութիւններով, բոլորովին նոր հորիզոններու կը բացուի։ Ժամանակը միայն անցեալէն ու ներկայէն չէ որ կը գոյանայ։ Ապագան, հազարումէկ անակնկալներով պատրաստ է անհատներն ու ազգերը օրհնելու։ Անսպասելի անկիւններէն յոյս կը բղխի։ Բաւ է որ սերմը կարենայ ապրիլ. ան, ժայռերու մէջ անգամ իր ճանապարհը կը գտնէ։ Տիեզերքի արդար Տէրը հարկաւ թէ հալածուածներու համար «անապատի մէջ ճամբայ, անջրդի երկրի մէջ գետեր» պատրաստած է։ Իւրաքանչիւր օր կը ծնի նոր արեւածագով եւ նորանոր առիթներով։ Որպէսզի կարենանք սորվիլ մեր ներոյժին վստահիլ, լաւագոյնս գիտակցիլ մեր ի ձեռին ունեցած արժէքներուն, եւ գոհութիւն ու փառք տալ Աստուծոյ անսահման ողորմութեան փոխարէն, պարտինք անցեալի նեղութիւնները պահ մը մոռնալ։ 

Ահա այս իմաստութեամբ Հայ Առաքելական Եկեղեցին 2015 թուին, 24 Ապրիլի վրայէն հարիւր տարուան սուգի քօղը վերցնելով զայն վերածած է արժանաւորապէս տօնելի Սրբոց Նահատակաց տօնակատարութեան։ 

Այսօր մենք կը յիշատակենք Ա. Համաշխարհային Պատերազմի օրերուն իրենց կեանքը կորուսած մեր ժողովուրդի եկեղեցական եւ աշխարհական զաւակները, որոնք սրբադասուած ըլլալով կը դիմենք անոնց բարեխօսութեան: Տօնակատարման օրն է այսօր անհուն անհամար նահատակներու ծաղկապսակ յիշատակը պանծացնելու: Սուրբ Եկեղեցին որոշեց ու վճռեց իր խորաթափանց իմաստութեամբը պայծառակերպել բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը, սրբադասելով զանոնք օրացոյցի նոր տնօրինումով մը եւ իրենց արեան կարմիրը օծելով երկնային լուսաճաճանչ կապոյտով: Սուրբե՜ր են բոլորը. Արժա՛ն եւ իրա՛ւ:

Բայց եւ այնպէս գիտենք, թէ շատեր չունին այս Աստուածատես հայեացքը եւ կ’ուզեն մխրճուիլ ու մնալ ընդմիշտ Եղեռնի անել լաբիւրինթոսներու մղձաւանջին մէջ: Բայց մենք կենդանի ազգ մըն ենք. ունինք քալելիք ճամբաներ ու կապոյտ հորիզոններ, հասնելիք եւ կերտելիք փայլատեսիլ ապագայ մը: Մեր Եկեղեցին երբ 24 Ապրիլի վրայէն սուգի քօղը վերցուց, հոն միայն աւերում, արձունք, կորսուած կեանքեր չգտանք, այլ գտանք նաեւ ողբերգութեան ճնշումով գոյացած մարդկութեան ադամանդները. տոկունութիւն, իր մոխիրներէն վերստին յառնելու ճարպիկութիւն, հակառակ ամէն ինչի գոյատեւելու կամք եւ «սուրի մնացորդացներէն» իսկ բազմանալու անսպառ արտադրողականութիւն, որոնք շատ քիչ ժողովուրդի վիճակած են։ Ուստի, երբ մեր ժողովուրդի ներկան եւ ապագան կ՚արժեւորենք, պէտք է գիտնանք նաեւ հպարտանալ անցեալէն մեզի մնացած այս ժառանգով ։

Պէտք է յիշենք եւ յիշեցնենք անցեալը ոչ թէ այնպէս, ինչպէս՝ կարծես թէ երէկ պատահած անբուժելի հարուածներ են անոնք, այլ անհերքելի փաստարկները՝ մեր ազգային ու կրօնական զօրութեան, տոկունութեան, կենսունակութեան ու գոյատեւման եռանդին: Պիտի յիշենք եւ ուրիշներուն պիտի յիշեցնենք 24 Ապրիլը որպէսզի չկրկնուին անմարդկային նման դէպքեր: 

Սակայն պարտինք յիշել նաեւ այն մեծագոյն ճշմարտութիւնը, ըստ որում մեր ապրած աշխարհագրութիւնը պարտադրած է, որ բազում ազգեր կողք կողքի, իրարու հետ եւ իրարու մէջ ապրին։ Անցեալէն մեզի հասած հարցերը այս լոյսին տակ պէտք է ձեռք առնուին։ Մեր բոլորին եւ ի մասնաւորի քաղաքական գործիչներու պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ բարեկամական կամուրջներ կերտել, մշակութային եւ առեւտրական յարաբերութիւնները զարգացնել եւ աշխարհագրութիւնը բոլորին համար շահաբեր ու օրհնալից սեղանի մը վերածել։ Ասոր այլընտրանքը ցամքած աշխարհագրութիւն մըն է, ուր բաղխումներու եւ պատերազմներու հետեւանքով ժողովուրդներ զիրար կը սպառեն եւ հետզհետէ կ՚աղքատանան։ Դար մը առաջ, 1914ին, քաղաքագէտներ հարցերու լուծումը պատերազմի մէջ որոնեցին։ Իրենց ժողովուրդները համոզեցին, թէ պատերազմը անխուսափելի էր։ Հետեւանքը, մարդկութեան համար եղաւ ամօթի պատմութիւն մը։ 

Թուրքերու եւ Հայերու միջեւ հաշտութեան, բարեկամութեան եւ խաղաղութեան գոյացման համար մենք եւս, նման՝ հոգելոյս պատրիարքներու, պիտի շարունակենք ներկայանալ մեր բարի մաղթանքներով։ Պիտի քաջալերենք, յարաբերութիւններու հասարակաց դրացնութեան եւ շահու յայտարարներու վրայ անյապաղ վերականգնումը, որ կարելի պիտի ըլլայ կեանքի կոչել հարիւրվեց տարի առաջ պատահած դէպքերը հազարամեայ հասարակաց պատմութեան ցաւալի մէկ բացառութիւնը ընկալելով։ 

Թուրքիա եւ Հայաստան երկու դրացի պետութիւններ են։ Այս առումով երկու երկիրներ հարկադրուած են իրենց աշխարհագրական դիրքերը պահելով միասնաբար ապրիլ։ Մենք կը հաւատանք, որ Թուրք եւ Հայ յարաբերութեանց մէջ հաստատուած եղբայրութեան եւ սիրոյ երանելի պահը պիտի ողջունենք Աստուծոյ կամքով։ Մարդոց համար անկարելին, Աստուծոյ համար կարելի է։ Եթէ կ՚ուզենք այս պահը ողջունել պարտինք ունենալ բարի կամեցողութիւն, որմէ անբաժան պէտք է մնայ մեր առ Աստուած առաքած աղօթքները։

Երկու ժողովուրդներ ունին դրացնութեան կապեր, որոնք այս հողերուն մասնայատուկ ըլլալով, գոյութիւն ունին աւանդութեանց մէջ։ Մենք կը նախընտրենք յոյսով ակնկալողներէն ըլլալ, որ այս կապերը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի պաշտօնական մարմիններու միջեւ եւս կենդանանան։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Պատմութեան մէջ Վսեմաշուք Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղան եղաւ եզական դէմքը, որ թէ՛ անցեալին որպէս վարչապետ եւ թէ՛ յետագային որպէս հանրապետութեան նախագահ, այս յիշատակութեանց առթիւ հրապարակեց պատգամներ։ Այս պատգամներուն մէջ դրսեւորուած է ցաւակցական ոգի, նաեւ տարագրութեան դժբախտութիւնը ապրելով իրենց կեանքերը կորուսած մեր ազգի զաւակներու յիշատակներուն նկատմամբ արտայայտուած՝ յարգանք։ Ըստ մեզի այդ բոլորը տեղին կ՚ըլլայ արժեւորել որպէս դրական քայլեր, որոնք կրնան ապագային զարգանալ ի նպաստ բաղձալի մերձեցումին։ Երանի՜ թէ Նորին Վսեմութեան առաջարկած հասարակաց պատմութեան յանձնախումբը կարելի ըլլար կազմել, բան մը որուն միջոցաւ կարելի կ՚ըլլար գոնէ տասնեւհինգ տարուան յառաջացում մը արձանագրել։ Երանի՜ թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մշակուած համաձայնագրերը կեանքի կոչուած ըլլային, սահմանները բացուէին։ Գուցէ Լեռնային Ղարապաղի բաղխումներու լուծումը կարելի կ՚ըլլար տարբեր միջոցներով որոնել։ Յամենայն դէպս կը մտածենք թէ տակաւին ուշ չէ։ Մեր Վսեմաշուք Նախագահին, Կովկասի համար առաջարկած եւ վեց պետութիւններու մասնակցութեամբ հաշտութեան միջավայր գոյանացնելու ծրագիրը այս շրջանի ժողովուրդներուն կրնայ մատուցել ներկայ դարու խաղաղութիւնը։ 

Շինիչ երկխօսութեան յառաջացումը պիտի դիւրանայ, երբ կողմերը բծախնդրօրէն արտայայտուելու ոճ մը որդեգրեն, եւ խուսաբին՝ ազգային արժանապատուութիւնները վիրաւորող արտայայտութիւններէն։ Մենք խորապէս կը յուզուինք, երբ կը տեսնենք թէ մեր ժողովուրդին ցաւը եւ մեր հայրերու սուրբ յիշատակը կարգ մը երկիրներու կողմէ առօրեայ քաղաքական նպատակներու որպէս գործիք կը ծառայէ։ Տասնամեակներէ ի վեր այս հարցը զանազան խորհրդարաններու օրակարգին վրայ կը բերուի, բան մը որ դուռ կը բանայ ձգտեալ կացութեան մը ստեղծումին, եւ չի ծառայեր երկու ժողովուրդներու մերձեցման։ Ընդհակառակը թշնամական զգացումներու հրահրմամբ, պատճառ կը դառնայ հաշտութեան յապաղումին։ Նախ եւ առաջ պէտք է բարեկամութեան եւ մտերմութեան կամուրջներ կառուցել։ Միայն այսպիսի միջավայրի մը մէջ իրագործուած պատմական դէպքերու արժեւորումները կրնան շատ աւելի շինիչ եւ գոհացուցիչ ըլլալ։ Կ՚ակնկալուի, որ երրորդ կողմի երկիրներ այս ուղղութեամբ ունենան քաջալերիչ ներդրումներ։ 

Ա. Համաշխարհային Պատերազմի տարագրութեան դժբախտ եւ ցաւառիթ դէպքերու հետեւանքով մեր ժողովուրդի զաւակներուն կրած նիւթական եւ բարոյական կորուստները երբ կը յիշենք, մեզի համար քաղցր պարտականութիւն է յիշել բարի, ազնիւ եւ աստուածավախ այն Օսմանեան պետական պաշտօնեաները եւ անոնց ոգիով ընթացած խղճամիտ ոչ-Քրիստոնեայ անձերը, որոնք նոյնիսկ իրենց կեանքերը վտանգելով տէր կանգնած են տարագրեալ ընտանիքներու, որքանով որ կարելի էր։ Անոնց ցուցաբերած մարդասիրական կեցուածքը արժանի է գնահատանքի այնչափ, որչափ արժանի են Քրիստոնեայ բարեսիրական կազմակերպութիւնները։ Ուրախ ենք որ խղճամիտ կեցուածք որդեգրածներ կը յիշատակուին իրենց անուրանալի մարդասիրութեամբ։

Թող Աստուած ներգործէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հայրենակիցներու սրտերէն ներս, որպէսզի զգան թէ որքան կարեւոր է դրացիական բարի յարաբերութիւնները: Կերտեն միասնաբար բարին ու գեղեցիկը ու վայելեն անոնց բարիքները միասնաբար։ Վստահինք Աստուծոյ եւ Անոր շինարար միջամտութեան։ Կ՚աղօթենք մեր հարեւաններուն համար։ Մեր հարեւաններն ալ թող աղօթեն մեզի համար, որպէսզի Թուրք եւ Հայ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական կամուրջ մը հաստատուի։

Երբ կը շարունակենք ապրիլ Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան աւետիսի ուրախութիւնը, թող Ամենաբարին Աստուած Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի, եկեղեցւոյ հին եւ նոր, ծանօթ եւ անծանօթ բոլոր սուրբերու բարեխօսութեամբ լսէ մեր աղաչանքներուն ձայնը։ Այլեւս վերջ գտնեն աշխարհաւեր պատերազմները, մարդկային իրաւունքներու սպառնացող կռիւները։ Աստուծոյ սէրը, ողորմութիւնը եւ շնորհները յաւիտեան թագաւորէ ի շինութիւն եւ ի բարօրութիւն համայն աշխարհի մարդկութեան, առանց ցեղի, ազգի եւ կրօնքի խտրութեան. Ամէն։

ՍԱՀԱԿ Բ.

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք

Գումգաբու, Ստանպուլ

23 Ապրիլ 2021 

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/posts/1830557707104104

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın