İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ցաւ եւ ուրախութիւն

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Իրաւունք ունի՞նք ուրախ ճաշկերոյթներ եւ պարահանդէսներ կազմակերպելու: Այս պարահանդէսները կը զանազանուի՞ն թագաւորական հարսանիքներէն, չէ՞ որ դեռ մեր տղոց բազմաթիւ դիակներ չեն գտնուած կամ տակաւին անճանաչելի են: Չէ՞ որ տակաւին մեր աչքերուն արցունքները չեն չորցած…

«Մեր» ըսի, շեշտելու համար «Մենք» հասկացողութեան իմաստը: Եթէ մեր «Ես»ը չկարենանք նոյնացնել հաւաքական «Մենք»ին հետ, պիտի դադրինք ազգ ըլլալէ, ուրեմն եւ ազգային հարց պիտի չունենաք, մնացածը կեղծ պիտի ըլլայ:

-Մարդիկ արդէն դժբախտ են, քիչ մը ուրախանալնին շա՞տ կը տեսնես:

Մարդիկ արդէն դժբախտ են, եւ ես իրաւունք չունիմ ըսելու.- Ինչո՞ւ կ’ուրախանաք: Իրականութեան մէջ սակայն պարահանդէսային ուրախութիւնները յաճախ շատ հեռու են մասնակիցներուն իրաւ հրճուանք պատճառելէ, անոնց դերը կը սահմանափակուի ցուցադրական, կեղծ ուրախութեան մէջ:

-Տեսա՞ր մեր նկարները:

-Տեսա՞ր նոր հագուստս:

-Քա՛, այսինչին աղջիկը այսինչին հետ պիտի նշանուի եղեր: Ուրտեղէն- ուր..

-Տեսա՞ր որքան նուիրատուութիւն ըրաւ, պատերազմէն հարուստներէն է, դրամը իրեն ձրի կու գայ…

-Մեր պարահանդէսը ձերինէն շատ աւելի ճոխ էր:

Ըսողներ պիտի ըլլան.-Չե՞ս գիտեր, մեր միութիւններուն տնտեսական ներկայ վիճակը, դուն շատ լաւ գիտես, որ անոնք ինչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն կարենալ օգնելու համար մեր կարօտեալներուն, որոնց տոկոսը գաղութին 90% -էն աւելի է:

Այո՛, շատ լաւ գիտեմ մեր միութիւններուն դժուարին կացութիւնը, շատ լաւ գիտեմ նաեւ մեր կարօտեալներուն թիւը եւ անոնց վիճակին չափազանց ծանրութիւնը, գիտեմ նաեւ սակայն, որ մեր միութիւնները իրենց կազմակերպած պարահանդէսներու եկամուտէն չէ՛ որ բաժին կը հանեն մեր ժողովուրդին: Գալով նուիրատուութիւններուն, հաւատացէ՛ք, որ առիթ պէտք չէ՛ , միշտ ալ կարելի է դիմել ունեւորներուն, որոնք եթէ կ’ուզեն որ մարդիկ գիտնան իրենց նուիրատուութիւններուն մասին, փառք Աստուծոյ, հիմա պարահանդէսներու դահլիճներէն շատ աւելի լայն դաշտ կայ այդ մասին համայն աշխարհին տեղեկացնելու:

Հարցին միւս երեսն ալ կայ. Շա՞տ լաւ բան մըն է, կերուխումի սեղաններուն նկարներով խճողել ֆէյսպուք-դիմատետրի էջերը, այդ 90%-ը կ’ուզէք զարմացնել, թէ՞…

Ուրախանալը բոլորին իրաւունքն է, ո՛վ որ կրնայ ուրախանալ, թող ուրախանայ, բայց այդ ուրախութեան մէջ թող չըսէ՛, որ մեր երկրին կորուստը, իր ալ կորուստն է, թող չըսէ՛, որ մեր մայրերուն ցաւը բոլորիս ցաւն է. ասիկա, եթէ չըսեմ ստախօսութիւն է, ապա չեմ կրնար չըսել, որ շողոքորթութիւն է, երկերասինութիւն: Ինչպէ՞ս կարելի է պարել, ճւճւալ եւ ցաւիլ (եթէ այդ ցաւը նոր կօշիկի պատճառաւ չէ), չէ՞ որ այս երեւոյթը ինքնին կը ստիպէ մոռացութեան տալ ցաւը, իսկ հաւաքան ցաւը մոռնալ կը նշանակէ հրաժարիլ այդ ցաւի պատճառ հանդիսացող իրողութենէն, կը նշանակէ մոռնալ, որ մեր ժողովուրդը պահանջք ունի, պահանջք թուրքէն, ազերիէն, նաեւ հաշիւ ունի այլ պետութիւններու հետ…

Հաւաքականութեան Ցաւը մոռնալ կը նշանակէ, դարիլ այդ հաւաքականութեան մասնիկը ըլլալէ:

Բոլորս, ո՛չ միայն դժգոհեցանք Հայաստանի մէջ կատարուած դարի հարսանիքէն, թագաւորական խրախճանքէն, այլ մեր սարսափն ու զարհուրանքը արտայայտեցինք, անոր կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն հանդէպ, մինչ Ծաղկազարդի եւ Զատկուայ մեր պարահանդէսները նոյն այդ հարսանիքին մանրակերտերը չէի՞ն:

Ո՛վ, որքան կրնար այդքան ծախսեց:

Ծաղկազարդը տօնեցինք, արդարանալով, թէ՝ մանուկները ուրախացնելու համար էր…

Զատկուայ խրախճանքներուն համար ալ ըսինք.- Մարդիկ տխուր են, քիչ մը թող ուրախանան խեղճերը:

Ուրախացա՞ն խեղճերը.-Ո՛չ, չուրախացան խեղճերը, անոնք աւելի խեղճացան, աւելի տխրեցան, տեսնելով մեր ճոխ սեղանները, որոնցմէ զուրկ են իրենք:

Դիմատետրի էջերուն մէջ մեր պարահանդէսներու նկարները տեսնող դրսեցիներէն ըսողներ եղան.- Շատ լաւ վիճակ մը ունիք, մեզմէ ալ լաւ կ’ապրիք, կը բաւէ՛ մեզմէ օգնութիւն ուզէք:

Չխաբուիք այս նկարներէն, գաղութին ցաւերը նոյնն են, գաղութին խնդիրներէն ոչ մէկը լուծուած է, տնտեսական ծանր կացութիւնը նոյնն է, օրէ օր ստիպողական ծոմապահութիւնը կ’աւելնայ, երիտասարդ տղաքը կը շաղթեն, մնացողներուն մեծամասնութիւնն ալ այլեւս հոս վստահելի ապագայ չի տեսներ, եւ կը մնայ պարզապէս երթալիք տեղ չունենալուն համար: Միակ մխիթարութիւնը մեր Համայնքային կեանքի շարունակականութիւնն է՝ թատերախումբերու, պարախումբերու, երգչախումբերու, նկարչական եւ երաժշտական դպրոցներու գործունէութիւնն է, ուսանողական եւ սկաուտական խումբերու աշխուժութիւնը, այս բոլորը, թէեւ կենդանի կը պահեն գաղութը, սակայն անհատներու դժբախտ կեանքին պարզապէս մխիթարական երանգ մը կրնան տալ:

Դառն է մեր իրականութիւնը, իսկ Արցախեան վերջին պատերազմին պատճառած ցաւը չի կրնար համատեղուիլ մեր թուացեալ արտաքին ուրախութիւններուն հետ:
Այդ ցաւը ճշմարիտ մորմոք է, որ կրնայ իր սպեղանին գտնել միմիայն պայքարի միջոցով, միմիայն իւրաքանչիւրիս քով- քովի եկող, քով-քովի բերող՝ նոյնացող, հաւաքական դարձող զոհողութեամբ:

Մենք պարտուած ազգ ենք, պարտեալը պէտք է իրականութեան նայի բաց աչքերով, առանց ջայլամութիւն ընելու, որպէսզի տեսնէ իր սխալները, հաւաքէ ինքզինք, կարենալու համար դուլս ելլել իր ընկճուածութենէն, կարենալու համար ուժերը լարել եւ պատրաստուիլ երկարատեւ մարտնչումի:

Ընկճուածութենէ դուրս գալու միջոցներէն մէկը պարահանդէսը չէ՛, ի ցոյց դրուած կեղծ ուրախութիւնը չէ՛:

Որքան որ ուրախացանք Զատկուած տօներուն, նոյնքան ալ կը տխրինք Ապրիլ քսանչորսեան սգոյ տօներուն: Անշուշտ, կը յիշատակենք նաեւ Արցախեան վերջին պատերազմի հազարաւոր զոհերը, անոնց համար ալ մոմ կը վարենք, գերեզմաններ կ’այցելենք, մտովին կը բարձրանանք Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր, կը հայհոյենք թուրքին, ազերիին, ազգի դաւաճաններուն, որոնց թիւը ուղիղ համեմատական է, մեր հատուածական պատկանելիութեան մաս չկազմողներու թիւին հետ.-Ո՛վ, որ մեզմէ չէ՛, դաւաճան է նշանաբանով…

Այս ամէնէն ետք, մենք մեզմէ գոհ, կրկին կը մտնենք մեր ընկոյզի կեղեւին մէջ եւ որպէս ամենագէտ անհատ, որպէս անզուգական միութենական, կուսակցական, քաղաքագէտ, մեր պարտականութիւնները լիուլի կատարածի խղճի նախանձելի հանգստութեամբ կը շարունակենք մեր սրբազան առաքելութիւնը, այն է՝ հաւատալ եւ հաւատացնել մենք մեզի, որ մենք նախանձելի ազգ ենք՝ ամենալաւ ազգն ենք:

Ի՛նչ լաւ կ’ըլլար, եթէ մեր ցանկութիւնները իրականութիւն ըլլային…

Մանուէլ Քէշիշեան

Լաթաքիա-Սուրիա, 20 Ապրիլ 2021


https://www.civilnet.am/news/600474/%d5%ac%d5%a1%d5%a9%d5%a1%d6%84%d5%ab%d5%a1%e2%80%a4-%d6%81%d5%a1%d6%82-%d5%a5%d6%82-%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%a1%d5%ad%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%ab%d6%82%d5%b6/

Yorumlar kapatıldı.