İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդ Վեց Միաբաններ Արժանացան Ծայրագոյն Վարդապետութեան Աստիճանի

Շաբաթ, 10 ապրիլ 2021-ին, կիրակնամտից ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ձեռամբ Շահան արք. Սարգիսեանին եւ խարտաւիլակութեամբ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանի տուչութեան արարողութիւնը:

Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճի արժանացան` Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան, Արտակ վրդ. Արապեան, Հրանդ վրդ. Թահանեան, Շնորհք վրդ. Աշըգեան, Պօղոս վրդ. Թինքճեան եւ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան: Իսկ վեհափառին յատուկ արտօնութեամբ Վարդան վրդ. Թաշճեանն ու Պետրոս Մանուէլեանը ծայրագնութեան աստիճանը պիտի ստանան իրենց ծառայած թեմերուն մէջ:

Ապա ձեռնադրիչ սրբազան հայրը փոխանցեց օրուան խորհուրդէն եկող պատգամը: Ան իր քարոզին առանցքը դարձուց մեր ՏիրոջՅիսուս Քրիստոսի խօսքը արտասանուած Լերան քարոզի պահուն. «Պարզապէս ձեր այոն այո թող ըլլայ եւ ոչը ոչ. անկէ աւելին չարէն կու գայ» (Մտ 5.37): Ան յիշեցուց, որ Յակոբոս առաքեալ ընդհանրական իր նամակին մէջ նոյն խօսքն է, որ կ՛արտասանէ. սակայն աւելի վերլուծական ու խորունկ զայն կը ներկայացնէ Պօղոս առաքեալ` կորնթացիներուն գրած իր երկրորդ նամակին սկզբնաւորութեան եւ կը յայտարարէ, որ Աստուծոյ այոն մարդկութեան եւ աշխարհին համար նոյնինքն Տէր Յիսուս Քրիստոսն է, եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի անուններէն մէկն է այոն: Ան հնազանդեցաւ Իր Հօրը կամքին, խօսեցաւ Հօրը խօսքը, տարածեց մարդկութեան փրկութեան աւետիսը եւ Իր կեանքի գնով զայն պաշտպանեց:

Խօսելէ ետք վերոյիշեալ Քրիստոսի խօսքին մասին, սրբազանը իր խօսքը ուղղեց նորընծայ ծայրագոյն վարդապետներուն եւ ըսաւ, որ ձեռնադրութեան Մաշտոցը այնքան ամբողջական կերպով կը նկարագրէ եւ կը հրաւիրէ ձեզ, որ ոչ միայն հնազանդութեան, այլ ուխտաւորաբար շարունակելու ձեր այն առաքելութիւնը, որ Տէրը կտակեց Իր աշակերտներուն, Իր հետեւորդներուն եւ տուաւ զօրութիւնը, որպէսզի կարողանաք համարձակօրէն արտայայտուիլ եւ ուսուցանել:

Անդրադառնալով ներկայ կեանքի պայմաններունսրբազանը ըսաւ, որ այս օրերուն յատկապէս, երբ ամբողջ մարդկութիւնը տագնապներէ կ՛անցնի, մեր ժողովուրդն ու մեր եկեղեցին կարիքը ունին ո՛չ թէ խօսքին ճարտարութիւնը ունեցող անձերու, այլ համոզումը, հաւատքը, յանձնառութիւնը ու մանաւանդ խօսքը գործի վերածելու գիտակցութիւնը: Կը հաւատամ, որ այս նուիրական Սուրբ Աթոռին առաքելութիւնը այսպէ՛ս եղած է դարերու ընթացքին եւ այսպէ՛ս կը շարունակուի այսօր` առաջնորդութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Իր քարոզի աւարտին ձեռնադրիչ սրբազանը հրաւիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսը, որպէսզի իր հայրապետական օրհնութիւնը տայ նորընծայ ծայրագոյն վարդապետներուն: Այս առիթով հայրապետը իր հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ եւ թելադրանքները կատարեց նոր աստիճանակիր հայր սուրբերուն:

Նշենք, որ ուրբաթ, 9 ապրիլ 2021-ի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, գլխաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն, «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ ծայրագոյն վարդապետութեան թեկնածու միաբան հայրերու թեզերու պաշտպանութիւնը:

Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան ներկայացուց «Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ (ապաառաջնորդ) Թորգոմ արք. Գուշակեանի եւ Մամբրէ ծ. վրդ. Սիրունեանի (ապա արքեպիսկոպոս) նամակագրութիւնները Սահակ Բ., Բաբգէն Ա. կաթողիկոսներուն, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսի ընդհ. փոխանորդներուն եւ տեղապահներուն, եւ վերոնշեալ կաթողիկոսներուն նամակագրութիւններըԵգիպտոսի օրուան առաջնորդներուն» արխիւային նիւթը, Արտակ վրդ. Արապեան «Իսրայէլի հետքերով (ցեղ, ազգ, մշակոյթ եւ ինքնութիւն)», Հրանդ վրդ. Թահանեան«Սուրբգրային հակասութիւններ եւ ուղղափառ բանաձեւեր», Շնորհք վրդ. Աշըգեան «Չորս տարիներ գեհենի մէջ (նահատակաց յիշատակը օրհնեալ ըլլայ յաւիտեան)», Պօղոս վրդ. Թինքճեան«Սուրբգրային յունարէնի դասագիրք» եւ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան «Յունաստանի հայկական եկեղեցիները»: Նշենք, որ Վարդան վրդ. Թաշճեանին նիւթն է«Սուրբգրային ու կրօնաբարոյական վերլուծումներ եւ ուսումնասիրութիւններ», իսկ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանինը «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասունքները». անոնք չկարողացան ժամանել Անթիլիասի մայրավանք` իրենց ապրած երկիրներուն մէջ համաճարակին հետեւանքով սահմանուած պետական օրէնքներուն ու արգելափակումներուն պատճառով:

Թեզերուն նիւթերը ներկայացնելէ եւ զանոնք պաշտպանելէ ետք, վեհափառ հայրապետը կատարեց իր մատնանշումներն ու թելադրանքները եւ տուաւ համապատասխան ուղղութիւններ: Միաժամանակ ան իր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատասիրութիւններուն վերաբերեալ:

Աւարտին, առ ի գնահատանք Օշին վրդ. Չուալերթանեանին մայրավանքին ու դպրեվանքին մէջ կատարած ծառայութեան, կաթողիկոսը լանջախաչ կրելու իրաւունքը շնորհեց անոր:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.