İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2021 Թուականի 4-րդ Թիւը

Արդէն համացանցին վրայ կարելի է կարդալ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2021-ի չորրորդ թիւը, որուն մէջ շեշտը կը դրուի հայոց մեծ ողբերգութեան նիւթին վրայ: Թերեւս այս տարի հայութիւնը աւելի մեծ յուզականութիւն եւ խռովք կ՛ապրի 106 տարի առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը վերյիշելով, որովհետեւ դժբախտ առիթը ունեցաւ իր մաշկին վրայ զգալու թրքական վայրագութիւնը, հայրենակիցներու եւ հայրենի տարածքներու կորուստի ցաւը:

Այս իրողութեան կ՛անդրադառնայ ամսաթերթի «Առաջնորդող»-ըմտահոգութիւն յայտնելով, որ, հայութեան Ցեղասպանութենէն չյագեցած թշնամիին յարձակողական նկրտումներու պայմաններուն մէջ, այսօր, օտար ազդեցութեամբ, հայրենիքին մէջ բուծանուած եւ իշխանութեան հասած է սերունդ մը, որ կը խաղայ այս երկրի ճակատագիրին հետ զայն ենթակայ դարձնելով թուրք-ազրպէյճանական կամքին:

«Դրօշակ»-ի հեղինակներէն Գէորգ Յակոբճեան մտահոգութիւն կը յայտնէ նոր յառաջ մղուող այն կեղծ թեզին գծով, ըստ որուն, կ՛առաջարկուի անտեսել Ցեղասպանութեան փաստը եւ ուշադրութիւնը սեւեռել հնարաւոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման հարցին: Ցեղասպանութեան թեմային այլ հետաքրքրական տեսանկիւնէ կ՛անդրադառնայ ցեղասպանագէտ Մարի Յովհաննիսեան: Ներկայացնելով միայն յօդուածի յուշող վերնագիրը«Ժխտումն ընտրութիւն է, որն ունի առաջացման մէկ պատճառ կամք: Մոռանա՞լ. ի՞նչը մոռանալ, ինչպէ՞ս մոռանալ», ընթերցողին կ՛ընձեռուի քաղաքական եւ ոչ միայն քաղաքական ժխտողականութեան, վերջինիս ազդեցութեան վերաբերեալ հեղինակին դատողութիւնները:

Հայոց ցեղասպանութեան թրքական քաղաքականութեան տարբեր դրուագներուն անդրադարձած են պատմաբաններ Անի Ոսկանեան եւ Դերենիկ Մելիքեան: Ասոնց կողքին, Անի Մելքոնեանի յօդուածը ամբողջական պատկերացում կու տայ Հայ դատի պայքարի ամբողջ ճանապարհին մասին:

Թեմային հետ անմիջական առնչութիւն ունի Սողոմոն Թեհլիրեանի յոբելեանին նուիրուած Գոհար Խանումեանի յօդուածը:

«Դրօշակ»-ի այս թիւը, սակայն, չի սահմանափակուիր միայն Ցեղասպանութեան թեմայով. ընթերցողը այնտեղ կը գտնէ նաեւ մեր օրերուն հայ ժողովուրդին դիմագրաւած հիմնահարցերուն մասին հրապարակումներ, ինչպէս նաեւ` տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական վերլուծութիւններ:

Հետաքրքրական է նաեւ Հայաստանի մէջ Լեհաստանի նախկին դեսպան Երժի Մարեկ Նովակովսքիի վերլուծութիւնը` արցախեան պատերազմին եւ անոր յաջորդած քաղաքական զարգացումներուն վերաբերեալ:

«Դրօշակ»-ի ապրիլեան թիւը ընթերցողին կը ներկայացնէ նաեւ այլ նիւթեր:

Թիւը կարելի է կարդալ` նեռբեռնելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2021/04/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-4-%D5%A1%D5%BA%D6%80%D5%AB%D5%AC-2021%D5%A9.pdf կայքէջէն:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.