İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Լոյս Տեսաւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հրապարակումներու երկհատորեակը

Հայոց Ցեղասպանութեան 1890-1922 թուականներու գծով Ամերիկեան մամուլին մէջ տեղ գտած անդրադարձներուն վերաբերեալ, ընդհանուր առմամբ, արդէն տպագրուած են 7 հատորներ: Կազմողները կը նախատեսեն լոյս ընծայել 3 հատորներ եւս:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ 1890-1922 թուականերուն գործադրուած հայերու կոտորածներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ամերիկեան հեղինակաւոր թերթին՝ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի անդրադարձերը եւ հրապարակումները համալրուած են «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Նախերգանք Եւ Յետ Գրութիւն, Հաղորդումներ Ամերիկեան Մամուլին Մէջ. «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի 1890-1922 Թուականներու Հրապարակումները» երկու հատորէ բաղկացած գիրքին մէջ, զոր կազմած են Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Վահան Ծ. վրդ. Օհանեան եւ Արա Քեթիպեան:

16 Ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ընթացքին հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան ըսաւ, որ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի` 1890-1922 թուականներուն հրապարակած` Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող յօդուածներէն բաղկացած հատորները հսկայական եւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը պարունակեն հետազօտողներուն ու ընթերցողներուն համար:

«Այդ տարիներին եւ այդուհետ` Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածների նկատմամբ ԱՄՆ կառավարութեան ու ժողովրդի դրական վերաբերմունքը պայմանաւորուած էր նաեւ կոտորածներին ամերիկեան մամուլի խորը անդրադարձերով», նշեց Մարութեան:

Ըստ հատորներուն համահեղինակներէն մէկուն՝ Արա Քեթիպեանի, «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի առանձնայատկութիւնը` իբրեւ Ամերիկայի մայրաքաղաքին մէջ լոյս տեսնող թերթ, քաղաքական բնոյթ ունենալն է:

«Այն, ինչ ԱՄՆ Կոնգրեսում խօսուել է հայերի մասին` թերթում արձագանգ է գտել: Յատկանշական է, որ այդ տարիներին դիւանագիտական ու քաղաքական գաղտնիքներն այնքան խստօրէն չէին պահպանւում, որքան` ներկայում: Շատ յօդուածներ կան, որոնցում տեղ են գտել Թուրքիայում ԱՄՆ դեսպանութեանը Վաշինգտոնից ուղղուած նամակներ», ըսաւ Արա Քեթիպեան՝ աւելցնելով, որ երկհատորեակը կ՛ամբողջացնէ ամերիկեան մամուլին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադարձին վերաբերող նախորդ 5 հատորները:

Հայոց Ցեղասպանութեան 1890-1922 թուականներու գծով Ամերիկեան մամուլին մէջ տեղ գտած անդրադարձներուն վերաբերեալ, ընդհանուր առմամբ, արդէն տպագրուած են 7 հատորներ: Կազմողները կը նախատեսեն լոյս ընծայել 3 հատորներ եւս:

Շնորհահանդէսին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեան եւ Հայկ Մկրտչեան համառօտ կերպով ներկայացուցին երկհատորեակի բովանդակութիւնը:

Առաջին հատորին մէջ յատկապէս ներկայացուած են «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի հրապարակումները` Թուրքիոյ մէջ 1890-1900ականներու կոտորածներուն մասին: Երկրորդ հատորին մէջ տեղ գտած են 1200 յօդուածներ՝ 1916-1922 թուականներուն Հայոց Ցեղասպանութեան, հայերու ու հայկական թեմաներուն վերաբերեալ:

https://www.vaticannews.va/hy/world/news/2021-04/hy-washington-post-volume-genocidio-armeno.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın