İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԱՍ ԷՕԶՔԱՅԱՅԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գալֆայեան Տան սաներէն Արաս Էօզքայա փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ վերջերս կազմակերպուած Թուրքիոյ Միջվարժարանային մտախաղերու առաջնութեան եզրափակիչ փուլին։ Ազգային կրթութեան նախարարութեան եւ «TÜBİTAK»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ծրագիր մըն էր այս մէկը։

Արաս Էօզքայա յաջողութեամբ դուրս եկած է մրցոյթի երեք հանգրուաններէն եւ Թուրքիոյ 26-րդը հանդիսացած։ Իր թուաբանութեան ուսուցչուհին է Սիպիլ Ելէկէն։

Կը շնորհաւորենք ու յաջողութիւն կը մաղթենք։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/16-04-2021-արաս-էօզքայայի-փայլուն-յաջողութիւնը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın