İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆՈՎ ԳԻՐՔ ՄԸ

Կը տեղեկանանք, որ Փարիզի մէջ լոյս տեսած է՝ Օսմանեան շրջանի Պալեան արքունի ճարտարապետներու գերդաստանի վերաբերեալ շահեկան գիրք մը, որու հեղինակն է բարերար ու սփիւռքահայ հասարակական գործիչ Հրաչ Քըրմըզըեան։ «Վերոն» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայւած է այս գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Arrivé d’ailleurs: Le destin d’une vie»։

Ինչպէս ծանօթ է, Հրաչ Քըրմըզըեան եւ իր եղբայրը՝ Յակոբ Քըրմըզըեան վերջին տարիներուն հովանաւորեցին կարեւոր ծրագիր մը, որով Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս Պալեան գերդաստանի շիրիմը վերակառուցուեցաւ՝ որպէս յուշադամբան։ Սա առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի հանրային կարծիքին մօտ հերթական անգամ հնչողութիւն ստանայ Պալեան գերդաստանին կողմէ Օսմանեան ճարտարապետութեան բերուած անփոխարինելի նպաստը, անգնահատելի նշանակութիւնով հանդերձ։

Ֆրանսերէնով հրատարակուած այս գիրքը ձօնուած է Քըրմըզըեան եղբայրներու բարեյիշատակ ծնողաց՝ ողբացեալ Վահրամ եւ Շնորհիկ Քըրմըզըեաններու յիշատակին։

Գիրքը ունի հետաքրքրական ու բազմակողմանի բովանդակութիւն մը։ Արդարեւ, Պալեաններու կեանքին ու գործունէութեան, համապատասխան հաշուեկշռին եւ այդ կապակցութեամբ Թուրքիոյ մէջ օրակարգի վրայ եկած զանազան բանավէճերու շուրջ դիտարկումներ եւ խորհրդածութիւններ ներկայացուած են Հրաչ Քըրմըզըեանի կողմէ։ Այդ բոլորին ածանցուած են հեղինակի յուշերը կեանքի զանազան շրջաններէն, ճանապարհորդութիւններու կան ծանօթութիւններու վերաբերեալ տպաւորութիւնները, որոնք ո՛չ միայն գործի մարդկային հէնքը կը պայմանաւորեն, այլ նաեւ կը ցոլացնեն հեղինակի մղումները՝ այս ծրագիրը յղանալու եւ կեանքի կոչելու ճանապարհին։

Մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ Հրաչ Քըրմըզըեան երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան շրջաններուն գտնուած է Իսթանպուլի եւ Պուքրեշի մէջ։ Կեանքի ոդիսականը զինք առաջնորդած է Փարիզ, ուր կ՚ապրի ցայսօր։ Վերջին տարիներուն Իսթանպուլի մէջ կ՚անցընէ նաեւ տարուայ կարեւոր մասը։

Գիրքի հրատարակութեան առթիւ կը շնորհաւորենք հեղինակը, որ իր լուման ներդրած է Պալեաններու թողած ժառանգի վերարժեւորման շնորհակալ գործին։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/15-04-2021-պալեաններու-մասին-ֆրանսերէնով-գիրք-մը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın