İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հրաժեշտ Օշին Չիլինկիրին

ԳՐԻԳՈՐ ԵԹԷՐՕՂԼՈՒ

«Ակօս»ի հրա­­տարա­­կու­­թեան առա­­ջին օրերն էին։ Առա­­ջին ան­­գամ հոն հան­­դի­­­պեցայ Օշին Չի­­լին­­կիր անու­­նին։ Սուրբ Խաչ Դպրե­­վան­­քի աշա­­կեր­­տութեանս շրջա­­նին ու­­սուցիչս եղած եւ ապա մին­­չեւ մա­­հը բա­­րեկա­­մու­­թիւնս շա­­րու­­նա­­­կած Թոր­­գոմ Պե­­շիք­­թաշլեանին հար­­ցուցի իր մա­­սին, ար­­դեօք կը ճանչնա՞ր։ Թոր­­գոմ Պե­­շիք­­թա­­­շեալ պատ­­մեց որ ան ալ իր նման Լճե­­ցի է եւ ազ­­գա­­­կանա­­կան կապ մըն ալ ու­­նին։ Իր­­մէ ստա­­ցայ տան հե­­ռախօ­­սը։ Աւե­­լի մօ­­տէն ծա­­նօթա­­լաու հա­­մար զան­­գա­­­հարե­­ցի, բայց իր փո­­խարէն կի­­նը վեր­­ցուց հե­­ռախօսը եւ անոր պատ­­մե­­­ցի թէ որ­­քան կը գնահատեմ իր միտ­­քե­­­րը եւ իր գրի­­չը։

Աւե­­լի քան չորս տա­­րիներ գրեց «Ակօս»ին եւ յե­­տոյ հե­­ռացաւ։ 30 Մարտ 2002-ին «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան կազ­­մա­­­կեր­­պած գի­­նեձօ­­նին Թոր­­գո­­­մին հետ միասին գա­­ցած էինք։ Հոն է որ ծա­­նօթա­­ցայ իր հետ առա­­ջին ան­­գամ։ Գիր­­քը իմ անու­­նովս ստո­­րագ­­րե­­­լը մեծ ու­­ծա­­­խու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռած էր։ Կը յի­­շեմ որ ինչպէս կը վի­­րաւո­­րուէր հա­­մես­­տութիւ­­նը երբ զա­­նազան­­ներ գո­­վասան­­քով կ՚ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւէին անոր գրա­­կան յատ­­կութիւննե­­րուն մա­­սին։

Գի­­տէր որ ես ալ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւններ կը մրո­­տեմ, ամէն հան­­դիպման կը հարցնէր «Նոր քեր­­թո­­­ւած­­ներ ու­­նի՞ս»։ Բե­­ղուն գրիչ մը չէի։ Ցան­­ցառ էր գրա­­կան ար­­տադրու­­թիւնս, որուն հա­­մար կը քննա­­դատէր զիս եւ կը խրա­­խու­­սէր աւե­­լի շատ գրե­­լու հա­­մար։ Եթէ չեմ սխա­­լիր 2019-ին էր Գա­­տըգիւ­­ղի կողմներն էի եւ ու­­զե­­­ցի իրեն հետ հան­­դի­­­պիլ։ Կնո­­ջը հետ եկած էր։ Մօ­­տայի ծո­­վափին եր­­կար զրու­­ցած էինք գրա­­կանու­­թե­­­նէն, քա­­ղաքա­­կանու­­թե­­­նէն եւ հին յի­­շատակ­­նե­­­րէն։ Այդ հան­­դի­­­պու­­մէն ետք յա­­ճախ հե­­ռախօ­­սով զրու­­ցե­­­ցինք։ Հի­­ւան­­դութիւ­­նը լսե­­լէ ետք ու­­զե­­­ցի զինք այ­­ցե­­­լել, բայց միշտ ար­­գելք մը եղաւ յե­­տաձ­­գե­­­լու ստի­­պուե­­ցայ ու վեր­­ջա­­­պէս ալ մա­­հուան գոյ­­ժը ստա­­ցայ։ Այ­­սօր կ՚ափ­­սո­­­սամ այդ յե­­տաձ­­գո­­­ւած օրե­­րուն հա­­մար։

Օշին Չի­­լին­­կիր իր գրա­­կան վաս­­տա­­­կի կող­­քին հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչ մըն էր նաեւ։ Եր­­կար տա­­րիներ պաշ­­տօն ստանձնած էր Թուրքիոյ Ճար­­տա­­­րապետ­­նե­­­րու եւ Ճար­­տա­­­րագէտ­­նե­­­րու Միու­­թեան վար­­չութեան մէջ։ Այ­­սօր իր մա­­հով ոչ միայն հա­­րազատ­­նե­­­րը, այլ Դպրե­­վան­­քի բո­­լոր սա­­ները եւ ըն­­թերցող­­նե­­­րը մեծ կո­­րուստ ապ­­րած են։

Յի­­շատա­­կը ան­­մար կը մնայ իմ մօտ։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/25556/hrajyeshd-oshin-chilingirin

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın