İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Փութին-Փաշինեան Հանդիպում` Մոսկուայի Մէջ

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ երէկ` չորեքշաբթի, 7 ապրիլ 2021-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Ռուսիա եւ Քրեմլինի մէջ հանդիպում ունեցած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ:

Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը կարեւոր գործօն է շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան համար` աւելցնելով, որ այս ծիրին մէջ յոյս ունի Ռուսիոյ նախագահին հետ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի, անոր շուրջ, Հայաստանի եւ ընդհանուր առմամբ շրջանին մէջ անվտանգութեան համակարգի կառուցման վերաբերեալ Փութինի տեսլականը: Փաշինեան ըսած է, թէ Ռուսիոյ նախագահին հետ պիտի քննարկէ յատկապէս հայ-ռուսական միասնական զօրախումբի եւ հակաօդային միասնական համակարգի գործունէութեան հետ կապուած որոշ պատկերացումներ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է նաեւ, որ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու հարցը լուծելու առումով Հայաստանի ու Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ տարընթերցումներ չկան:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր խօսքին մէջ նշած է, որ շրջանին մէջ ամէնէն կարեւոր բաղադրիչը առեւտրական-տնտեսական կապերու եւ փոխադրական ուղիներու, ճամբաներու վերականգնման կարելիութիւնն է, որպէսզի Հայաստանը զարգացման համար նոր առիթներ ունենայ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.