İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՍՈՐՒՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Ապրիլ 2021, Հինգշաբթի, ժամը 15.30-ին, հիւրընկալեց Ստանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի Ասորւոց Առաջնորդ եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս ԵուսուֆՉէթին Մետրոպոլիտը, որուն կ՚ընկերանար Ասորի Պատրիարքական Փոխանորդարանի ԴիւանապետՄէլֆոնո Զէքի Տէմիր Սարկաւագը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական ՓոխանորդԱրժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տեղեկատուական Բաժանմունքի Վարիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Դիւանապետի օգնական Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։

Մոր Ֆիլիւքսիոն Մետրոպոլիտը, Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հայրերու կողմէ եւառաջնորդուեցաւ դահլիճ, ուր երկու հոգեւոր առաջնորդներ զիրար ողջունեցին եւ Ասորւոց ԱռաջնորդըՀայոց Ս. Յարութեան Տաղաւարին առթիւ Ասորի համայնքին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց։Պատրիարք Հայրն ու Ասորւոց Առաջնորդը, զրուցեցին երկու եկեղեցիներու հետ առընչուած հարցերուշուրջ ու մասնաւորապէս կանգ առին թագաժահրի (քորոնա) համավարակի ստեղծած նեղութեանց վրայ։Համայն աշխարհին ազդող այս համարակը պատճառ դարձած էր, որ եկեղեցիներու թէ՛ ծառայութեանց մէջընդհատումներ ըլլալ եւ թէ՛ ակամայ կաղան եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցած փոխ այցելութիւններն ույարաբերութիւնները։ Այս առումով, Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդը Հայոց Ս. Զատկի առիթովփափաքած էր Պատրիարքարան այցելել եւ յանուն իր համայնքին Հայոց Պատրիարքին իր եղբայրականշնորհաւորութիւնները անձամբ փոխանցել։ Երկու հոգեւոր պետեր, այս առիթով իրենց համայնքներունեկեղեցական եւ համայնքային կեանքի մասին զրուցեցին ու համայնքներէ ներս տիրող դրականերեւոյթներու մասին արտայայտուեցան։ Այս առիթով մաղթեցին, որ համավարակի ազդեցութիւնը ի մօտոյհեռանայ մարդկային իրականութենէն եւ եկեղեցիներ իրենց ծառայութիւնը կարենան շարունակելբնական հունին մէջ։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, շնորհաւորական սոյն այցելութեան առիթովշնորհակալութիւն յայտնեց Մոր Ֆիլիւքսիոն Մետրոպոլիտին եւ իր անձին մէջ Ասորի համայնքին մաղթեցխաղաղ ու օրհնեալ օրեր։ Մեր Հոգեւոր Պետը շեշտեց ի Քրիստոս եղբայրութեան կարեւորութիւնը եւյայտնեց թէ՝ յատկապէս այսօրուան դժուարին շրջանին առաւել եւս մխիթարական կը դառնար այսեղբայրութեան գոյութիւնը։

Պատրիարք Հայրը, յայտնեց թէ այս տարի համավարակի պատճառաւ արարողութիւնները դռնփակկատարուած էին։ Սակայն Աթոռոյս «Լրաբեր» տեսալսողական ծառայութեան շնորհիւ բոլորարարողութիւնները Աթոռոյ ընկերային ցանցերուն մէջ ուղիղ տեսասփռուած եւ արարողութիւններըհազարաւոր անձերու հասած էին։ Այս մէկը Աթոռոյս համար մեծ գոհունակութիւն ու մխիթարութիւն էր այսշրջանին։

Մեր Հոգեւոր Պետը, այս այցելութեան առիթով նաեւ գեղեցիկ անակնկալ մը ըրաւ Մոր ՖիլիւքսիոնՄետրոպոլիտին։ Յայտնեց, թէ վերջերս Աթոռոյս կողմէ պատրաստուած էր Երանաշնորհ ՄեսրոպՊատրիարքին ձօնուած յուշամատեան մը, որուն մէջ լոյս տեսած էին նաեւ հոգեւոր առաջնորդներէգրութիւններ, ինչպէս նաեւ Մեսրոպ Պատրիարքի բազմաթիւ նկարները։ Ի փոխարէն այս յուշամատեանին, Սրբազան Մետրոպոլիտը իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ երանութեամբ յիշատակեց Երանաշնորհ ՄեսրոպՊատրիարքը։

Այցելութեան աւարտին, Ասորւոց Մետրոպոլիտը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած հիւրասիրութեանհամար եւ հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın