İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏՕՆ ԱՒԵՏՄԱՆ

Այսօր Ապրիլ 7։ Տօն է Աւետման։ Այսօր Գաբրիէլ Հրեշտակապետը Սուրբ Կոյս Մարիամի կ՚աւետէ, թէ Փրկչին մայրը պիտի ըլլար։ Սուրբ Աւետարանի այս բաժինը շատ լաւ կը բացատրէ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր խոնարհութիւնը Աստուծոյ կամքին առջեւ։

Այսօր սկիզբն է Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդի յայտնութեան, զոր պիտի տօնենք 2022ի Յունուար 6ին։

ԱՒԵՏՈՒՄ ՅԻՍՈՒՍԻ ԾՆՈՒՆԴԻՆ (Ղուկաս; 1.26-38)

Վեցերորդ ամսուն մէջ Գաբրիէլ հրեշտակը Աստուծմէ ղրկուեցաւ Գալիլիայի մէկ քաղաքը՝ որուն անունը Նազարէթ էր, Կոյսի մը՝ մարդու մը նշանուած, որուն անունը Յովսէփ էր, Դաւիթին տունէն։ Այն կոյսին անունը Մարիամ էր։ Հրեշտակը անոր երթալով՝ ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է։ Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես»։ Մարիամ զանիկա տեսնելով, անոր խօսքին վրայ շփոթեցաւ ու ինքնիրեն կը մտածէր թէ ի՞նչպէս բան պիտի ըլլայ այս ողջոյնը։ Հրեշտակը անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Մա՛րիամ, վասն զի Աստուծմէ շնորհք գտար։Ահա պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։ Մարիամ ըսաւ հրեշտակին. «Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այդ բանը, որովհետեւ ես այր մարդ չեմ գիտեր»։ Հրեշտակը պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ. ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։ Ահա քու ազգականդ Եղիսաբէթ՝ անիկա ալ իր պառաւութեան ատենը արու զաւակով մը յղի է։ Ասիկա այն ամուլ ըսուածին վեցերորդ ամիսն է,  վասն զի Աստուծոյ քով բնաւ անհնարին բան մը չկայ»։ Մարիամ ըսաւ. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Ու հրեշտակը անոր քովէն գնաց։

https://www.facebook.com/krikor.damadyan/posts/2927368607498321

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın