İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան «Եռաբլուր»-ի մէջ յետմահու պարգեւատրուեցաւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով :

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը յանձնեց Կ. Քեպապճեանի տղուն եւ ըսաւ, որ«Կարօ Քեպապճեանի կեանքը ինքնին եղած է մեր ժողովուրդին պատմութեան արտացոլացումը: Անոր ծնողները մազապուրծ ազատած են Ցեղասպանութենէն, գացած ու հաստատուած են Լիբանան, ուր ապրած եւ արարած են: Կ. Քեպապճեանի հայրը եղած է անուանի խմբապետ եւ կատարած է բազմաթիւ սխրագործութիւններ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ինքնապաշտպանական գործի ընթացքին: Նոյնպիսի եռանդով Կարօ Քեպապճեան մասնակցած է այդ գործին: Ան նաեւ շատ աւելի կարեւոր ներդրում ունեցած է մարմնամարզութեան միջոցով համախմբելով նոյնիսկ տարբեր քաղաքական տեսակէտներ ունեցող հայկական ուժերը», նշեց Դաւիթ Բաբայեան:

Նախարարը նաեւ մաղթեց, որ մայր հողը փափուկ ըլլայ Եռաբլուրի մէջ բոլոր ննջողներուն համար, իսկ մեզի` ողջերուս, պայքարողներուս համար պինդ ըլլայ եւ ամուր մնայ, որովհետեւ իրենք իրենց մարմիններով պէտք է պնդացնեն մեր հողը, իսկ մենք պէտք է շարունակենք մեր մաքառումներն ու պայքարը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան ընդգծեց, որ արցախեան ազատամարտի առաջին իսկ օրերէն ընկեր Կարոն Հայաստանի արցախեան հատուածին մէջ, առաջարկելով իր ծառայութիւնները, կարողութիւնները, գիտելիքը եւ հմտութիւնները` կոփելով զինուորները, մնայուն կերպով խրախուսեց եւ քաջալերեց զանոնք:

«Եւ զարմանալի չէ, որ 1999-էն ի վեր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի ներկայացուցիչը հաւատացած էր Արցախին ու Արցախի յաղթանակին: Ան իր խօսքով եւ գործով Արցախը կը փափաքէր դարձնել երջանիկ քաղաքի: Մասթըրը թերեւս այն առաջին ներդրողներէն եղաւ, որ Շուշիի մէջ ներդրում կատարեց եւ հիւրանոց հիմնեց», ըսաւ Խաչատրեան:

Ան իր խօսքը եզրափակեց` նշելով, որ ընկեր Կարոյի հետ վերջին անգամ ծրագիրներ քննարկած են Քարվաճառի մէջ. «Ունէինք երկար եւ մեծ ծրագիրներ, որոնք կրնային Քարվաճառի կեանքը աւելի բարելաւել, բայց, ցաւօք, չհասցուցինք: Իսկ եթէ մեզի համար ընկեր Կարոյին յիշատակը թանկագին է, ուրեմն պարտաւոր ենք անոր ծրագիրները իրագործելու», շեշտեց Արթուր Խաչատրեան:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.