İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ, 4 Ապրիլ 2021, Ս. Յարութեան Տաղաւարին, առաւօտեան Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի ձեռամբ տաղաւարի Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։ Արարողութեան ներկայ եղաւ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Բրկ. Մուրատ Կ.Սրկ. Կոստանեան, Բրկ. Արեգ Ուր. Դպ. Թաշճեան եւ Բրկ. Արի Ուր. Դպ. Էօզտէր։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Թագաւոր Դպրաց Դասու խումբ մը դպիրներու կողմէ առաջնորդութեամբ՝ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։ Քորոնա Համավարակի սահմանափակումներու պատճառաւ արարողութիւնը դռնփակ կատարուեցաւ։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, պատարագիչ Հայր Սուրբը ներկաներուն խօսեցաւ իմաստալից քարոզ մը եւ Ս. Յարութեան Տաղաւարի տօնական արարողութեան համար փառք տուաւ Աստուծոյ։ Հայր Սուրբը, յայտնեց թէ համավարակը Ս. Զատկի տօնին իր դասերը կը ներկայացնէր հաւատացելոց։ Քորոնա Համավարակը ցոյց տուած էր թէ՝ մարդիկ հարուստ եւ կամ զօրաւոր ըլլալով հանդերձ զրկուած էին իրենց կամքը կատարելէ։ Սա մեծ յիշեցում մըն էր թէ՝ մեր մարմինները մեզի չէին պատկաներ եւ այս պատճառաւ մենք չէինք կրնար մեր բոլոր ուզածները մեր մարմնով կատարել։ Մեր կեանքի ընթացքին, կամայ եւ ակամայ արգելքներ կ՚ելլեն եւ մենք դաժանօրէն կը յիշենք այս իրականութիւնը։ 

Հետեւաբար, պէտք է կեդրոնանանք մեզի պատկանող հոգիին, որուն փրկութիւնը կախեալ է մեր ազատ կամքէն։ Այս առիթով, յայտնեց թէ՝ Ս. Յարութեան Տօնին, մեռելներէ յարութիւն առած Յիսուսը, լաւագոյն ապաւէնը պիտի ըլլայ մեր հոգիներուն փրկութեանը եւ խաղաղութեանը համար։ 

Հայր Սուրբը, ապա յիշեց Քորոնայի շրջանին ընտանիքներու մօտ տիրապետող նիւթական եւ հոգեբանական նեղութիւնները։ Այս առումով յայտնեց թէ, պատմութեան ընթացքին Քրիստոնեաներ բազում նեղութիւններ ունեցան եւ նեղութեանց դիմագրաւեցին Յարութեան յոյսով։ Անոնք, նոյնիսկ իրենց մարմինները ընծայաբերեցին Աստուծոյ, դառնալով՝ եկեղեցւոյ սուրբեր։ Այլապէս յայտնեց թէ, աշխարհի նեղութիւնները կրնան անփոփոխ մնալ, սակայն անձեր կրնան փոխուիլ Քրիստոսով։ Ս.Յարութեան Տաղաւարը, այս առումով լաւ առիթներէն մին ներկայացուց եւ ըսաւ որ, ի հոգեւորս զօրանալու համար լաւ օգտագործենք Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը եւ «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց» աւետիսին մէջ գտնենք մեր մխիթարութիւնը։

Ս. Պատարագի աւարտին, Հայր Սուրբն եւ Տէր Հայրը, եկեղեցւոյ մէջ կատարեցին Զատկական Տնօրհնէքը։ Նկատելով որ Քորոնա Համավարակի պատճառաւ ժողովորդը եկեղեցւոյ մէջ ներկայ չէր, այս մէկը առիթ եղաւ որ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ օրհնութիւնը տարածուի թաղի հաստատութիւններէ եւ ընտանիքներէ ներս։ Միասնաբար երգուած «Գովեա Երուսաղէմ» շարականով առաւել եւս բարձրացաւ տօնական ոգեւորութիւնը եւ Հայր Սուրբին արտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով իր աւարտին հասաւ տօնակատարութիւնը։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın