İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ.  Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, 6 Ապրիլ 2021, Երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին ընդունեցՊէյօղլուի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Սիմոն Չէքէմը եւ անդամներէն՝ Պէրրին Տայանը, որոնք Ս. Զատկի տաղաւարի առթիւ շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութիւնը։ Հանդիպումին ներկայ եղանՀոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Թաղային Խորհուրդի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան համար։Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը անցեալ տարի պատահած անցուդարձերու մասինյայտնեց իր անհանգստութիւնները։ Ատենապետ Սիմոն Չէքէմ մի առ մի պատասխանեց տրուածհարցումներուն եւ ցաւ յայտնեց որ առ այսօր կարելի չէր եղած ժողով գումարել եւ լսել նաեւ ԹաղականԽորհուրդի տեսակէտները։ Այցելուները արտայայտեցին, թէ իրենք բացարձակ յարգանք կը տածէինՊատրիարքական Աթոռին ու պատրաստ էին գործակցիլ Նորին Ամենապատուութեան հետ։ Նաեւպատրաստ են իրենց ծրագիրները ներկայացնել Պատրիարքական Աթոռին բարոյականվերահսկողութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց որ Պատրիարքական Աթոռի եւ Թաղային Խորհուրդիյարաբերութիւնները բնականոնացման հունի մէջ մտնելու կը սկսէին, տնօրինեց որպէսզի Պէյօղլուի զոյգեկեղեցիները վերաբացուին պաշտամունքի։

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան հայրական մերձեցման եւհոգածութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

http://Աղբիւր։ Պատրիարքութիւն Հայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın