İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԸ

Այսօր սիւն լուսոյ ծագեաց սուրբ եկեղեցւոյ

յարուցեալն ի մեռելոց Քրիստոս

(Հարց՝ Սրբոյ Զատկի)

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Իւրաքանչիւր Սուրբ Յարութեան տաղաւարին զիրար կ՚ողջունենք այս աւետիսին բառերովը։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս երբ կը փոխանցենք Սուրբ Յարութեան աւետիսը, կը յիշենք, թէ աւելի քան տարիէ մը ի վեր հարկադրուած էինք ապրիլ եւ տակաւին կը շարունակենք ապրիլ աչքով անտեսանելի ժահրի մը յառաջացուցած ժխտական կեանքի պայմաններուն անբաղձալի հովանիին ներքեւ։ Ժահրը աչքով անտեսանելի ըլլալով հանդերձ, իր գործած աւերները տեսանելի էին եւ են ներկայիս՝ աչքերուն, մերթ մտահոգիչ՝ մերթ  մահասփիւռ բնոյթներով։ Հետեւաբար եղած են պարագաներ, ուր մարդիկ ի տես այս վիճակին մատնուած ըլլան խուճապի, նման անոնց որոնք իրենք զիրենք անակնկալօրէն կը գտնեն խաւարի մէջ։ Խաւարի մատնուած ըլլալու զգացումը արդիւնքն է մարդկային տկարութեան, ուր յուսահատութիւնը, յուսալքումը, անզօրութեան մատնուած ըլլալու երկիւղը  կամայ եւ ակամայ կը համակէ մարդուն առօրեայ կենցաղը։ 

Երբ խաւարի մէջ մնացած ըլլալու այս հոգեվիճակը ընդհանրապէս կը տիրէ մեր ներկայ ժամանակներուն, ՝Քրիստոնեայ հաւատացեալին համար յատկապէս կարեւորութիւն կը զգենու անսպառ լոյսի մը յայտնութիւնը։ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան հրեշտակաւանդ աւետիսին լոյսն է այդ, պսակուած՝ իր կենսանորոգ զօրութեամբ։ Հրաշքի եւ բուժման ակնկալութեամբ առ Աստուած դիմողներու յուսալից կեցուածքին պատասխանը թաքնուած է Սուրբ Յարութեան լոյսին յոյս ներշնչող Աստուածային զօրութեան մէջ։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՍԵՌԵԼՈՑ

Աստուածաշունչ Մատեանի Հին եւ Նոր Կտակարաններու մէջ, սկսեալ՝ Ծննդոց Գիրքէն մինչեւ Յովհաննու Յայտնութիւնը, կը հանդիպինք բազմաթիւ համարներու, որոնք կը պարունակեն լոյս բառը։ Հայ Եկեղեցին յատկապէս Մեծ Պահքի շրջանին կատարուած Արեւագալի ժամերգութիւններով, փառքը կ՚երգէ «արարածներու Արարչին, որ արեգակին լոյսը ծագեցուց աշխարհի վրայ»։ Այս փառերգը կը շարունակուի ի փառս «խաղաղութեան առաւօտ Քրիստոսի, որ Իր գիտութեան լոյսը ծագեցուց» համայն մարդկութեան փրկութեան համար։

Սուրբ Գիրքի առաջին համարին մէջ կը կարդանք. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։ Երկիրը անձեւ ու պարապ էր եւ անդունդին վրայ խաւար կար եւ Աստուծոյ Հոգին ջուրերուն վրայ կը շարժէր։ Աստուած ըսաւ. «Լոյս ըլլայ» ու լոյս եղաւ։ Աստուած տեսաւ որ լոյսը բարի է ու Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց։ Աստուած լոյսին անունը Ցորեկ եւ խաւարին անունը Գիշեր դրաւ» (Ծննդոց, 1.1-5)։ Այս համարին մէջ կ՚արտացոլայ անյեղլի ճշմարտութիւն մը, որուն զուգահեռ բառերով կը ներկայանայ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը. «Աստուած լոյս է, լոյսի արարիչը, առաջին լոյսը, որ կը բնակի անմատոյց լոյսերու մէջ եւ կ՚օրհնաբանուի լուսեղէն արարածներու՝ հրեշտակներու կողմէ»։

Իսկ Սուրբ Գիրքի վերջին գլուխին մէջ կը կարդանք ի կատարած աշխարհի յայտնելի Նոր Երուսաղէմի մասին. «ուր նզովք պիտի չըլլար այլեւս։ Աստուծոյ եւ անոր Գառնուկին աթոռը կը գտնուէր անոր մէջ. Եւ անոր ծառաները կը պաշտէին զայն. անոնք կը տեսնէին անոր երեսը. Եւ անոր անունը գրուած էր իրենց ճակատներուն վրայ։ Եւ այնտեղ գիշեր չկար. այնտեղ պէտք չկար ճրագի եւ արեգակի լոյսին. Որովհետեւ Տէր Աստուած պիտի լուսաւորէր զանոնք. եւ անոնք պիտի թագաւորեն յաւիտեանս յաւիտենից » (Յայտնութիւն, 22.3-5)։

Աստուածաշունչի առաջին եւ վերջին գիրքերէն առնուած երկու օրինակները կու գան հաստատել այն ճշմարտութիւնը, թէ Աստուծոյ լոյսը երբ ներկայ է, խաւարը իր ժխտական ներկայութեամբ կը չքանայ եւ երբ Աստուած կը լուսաւորէ, կարիքը չենք զգար այլ լոյսի։ Հոգեւոր առումով Աստուծոյ լոյսը կարեւոր է բոլորիս համար։ Ան բոլորովին տարբեր է աշխարհիկ լոյսէն, որ ի վերջոյ հիմնաւորուած ըլլալով նիւթին վրայ, կը շիջի, մինչ՝ Աստուածային լոյսը անշէջ է եւ կը լուսաւորէ մեր ճանապարհները։

Շարականները իրենց բառերուն մէջ կը խտացնեն Սուրբ Գրային դէպքերը, որոնց մէջ կը յայտնուի Աստուծոյ պահպանող եւ առաջնորդող զօրութիւնը։ Զատկական շարականին մէջ յարուցեալ Քրիստոսը կը ներկայացուի որպէս տուիչը լուսեղէն սիւնին, ծագած՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ վրայ։ Լոյսի սիւնը Սուրբ Գիրքի մէջ կը ներկայանայ որպէս նշան Աստուծոյ նախախնամութեան։  Իսրայէլի ժողովուրդը որ Եգիպտոսի մէջ գերութեան մատնուած ըլլալով կ՚ապրէր դժնդակ օրեր։ Եւ Աստուած խոստացած էր այս անտանելի եւ անհանդուրժելի կեանքի պայմաններուն մէջ տուայտող Իսրայէլի ժողովուրդը ազատագրել։ Աստուած տէրն էր իր խոստումին եւ իր նախախնամական կեցուածքով ցերեկ եւ գիշեր կը հսկէր ժողովուրդին ամէն մէկ քայլափոխին։ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը կը յայտնուէր ամպի եւ կրակէ սիւներու ընդմէջէն։ Սա նշանն էր թէ օրուան բոլոր ժամերուն Աստուած կը հսկէր իրենց վրայ։ Ամպի սիւնը անոնց ճամբայ ցոյց կու տար, իսկ կրակէ սիւնը ճամբան կը լուսաւորէր։ Եւ այս անդադրում հսկողութիւնը կը միտէր ժողովուրդին ժամ առաջ  Եգիպտոսէն դուրս գալը (Ելից, 13.20-22)։

Եգիպտոսի փարաւոնը կը ներկայանայ չարութեան արմատ՝ սատանայի օրինակով։ Իր վարուելակերպը նոյնիսկ արգելք կը հանդիսանար Իսրայէլի ժողովուրդի Աստուածային պաշտամունքին եւ դուռ կը բանար որ ժողովուրդը մնար դժոխային կեանքի պայմաններուն մէջ։ Ուստի Իսրայէլի ժողովուրդը ազատութիւն ստացաւ, Աստուծոյ նախանամութեամբ գերութենէն դուրս գալով։

Մեղաւոր մարդկութիւնը փրկելու ծրագրին մէջ «երբ ժամանակը իր լրումին հասաւ Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ», ըլլալով մեծ լոյսը, զոր «խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը տեսաւ, մահուան շուքին երկիրը բնակողներուն վրայ ծագեցաւ» (հմմտ. Գաղատացիս, 4.4։ Եսայի, 9.2)։ Տիեզերքը լուսաւորող խաւարահալած առաջին լոյսէն հազարաւոր տարիներ յետոյ պատմութեան մէջ երկրորդ կարեւոր անկիւնադարձ մը եղաւ Բեթղեհէմի երկնակամարին ծագած Տիրոջ փառքը, որուն կը հետեւէր աւետիսը, թէ «Դաւիթի քաղաքին մէջ Փրկիչ մը ծնած էր, օծեալ Տէրը» (Ղուկաս, 2.9-11)։ Սիմէոն ծերունին քառասնօրեայ Փրկիչը գրկած ըսած էր. «Լոյս՝ որ պիտի ըլլայ յայտնութիւն հեթանոսներուն համար եւ փառք՝ Իսրայէլի քու ժողովուրդիդ համար» (Ղուկաս, 2.32)։ Քրիստոսի սիրելի աշակերտը՝ Յովհաննէս Աստուածաբան Աւետարանիչ կը վկայէր, թէ «կեանքը Քրիստոսով էր եւ կեանքը լոյս էր մարդոց։ Եւ լոյսը կը լուսաւորէր խաւարին մէջ. եւ խաւարը չճանչցաւ զայն։…Ան էր ճշմարիտ լոյսը, որ կը լուսաւորէ ամէն մարդ, որ աշխարհ պիտի գայ» (Յովհաննէս, 1.4-5, 9)։

Քրիստոս երեք տարուան քարոզութեան ընթացքին շեշտեց լոյսի կարեւորութիւնը։ Իր անձը ներկայացուց, որպէս «աշխարհի լոյսը. եւ ան որ իրեն պիտի հետեւէր, խաւարի մէջ պիտի չքալէր, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենար» (հմմտ, Յովհաննէս, 8.12)։ Քրիստոս չբաւարարուեցաւ իր անձը որպէս լոյս ներկայացնելով, իր աշակերտները եւս «աշխարհի լոյս» անուանեց եւ իր խօսքերը շարունակելով ըսաւ. « քաղաք մը որ կանգնած է լերան վրայ, չի կրնար ծածկուիլ։ Եւ ճրագ վառելով գրուանի տակ, չեն դներ, այլ՝ աշտանակի վրայ որ լոյս տայ բոլոր անոնց՝ որոնք տան մէջ կը գտնուին։ Այդպէս թող փայլի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որպէսզի տեսնեն ձեր բարի գործերն ու փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքն է» (Մատթէոս, 5.14-16)։

Բեթղեհէմի երկակամարին ծագած լոյսէն երեսունեւերեք տարիներ յետոյ այս անգամ երրորդ լոյսի մը յայտնութիւնը կ՚արձանագրէր տիեզերքի պատմութիւնը, երբ Քրիստոս յարութիւն կ՚առնէր մեռելներէն։ Սուրբ Յարութեան ծանօթ տաղի բառերը լաւագոյնս կը ներկայացնեն յարութեան լոյսը.

Ի գերեզման յարուցելոյն անմահին,

Այսօր գոչէր հրեշտակն երկնային.

Յարեաւ Քրիստոս զարթեաւ Քրիստոս,

Ի կոյս գերեզմանէն ի լոյս գերեզմանէն։

Կոյս գերեզմանէն կը ճառագայթէր յարութեան աւետիսը Փրկչին, որ եղած էր տգիտութեան խաւարի հալածիչը։ Հրեշտակաւանդ աւետիսը կը յայտարարէր համայն աշխարհի, թէ լոյսը կարելի չէր բանտարկել գերեզմանի ցուրտ պատերուն մէջ։ Պահապանները չէին կրցած դիմանալ հրեշտակին «փայլակի նման տեսքին» նաեւ «անոր ձիւնի պէս սպիտակ զգեստին» պարզած հրաշալի տեսարանին։ Մինչ՝ իւղաբեր կիներուն կ՚աւետուէր թէ «մահկանացուներուն մահը ջնջուած էր», միւս կողմէ տագնապի մատնուած պահապանները մեռելի կը նմանէին (Մատթէոս, 28.3-4)։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ  

Քրիստոս իր յարութեան լոյսովը կը լուսաւորէ եկեղեցին, որուն բաղկացուցիչ տարրերն են ի Քրիստոս հաւատացեալ անհատներ, մկրտութեամբ իրարու կապուած, «կենդանի Աստուծոյ տաճարներ», որոնց համար Աստուած խոստացած էր, թէ «պիտի բնակէր անոնց մէջ եւ պիտի քալէր անոնց մէջէն. Աստուած պիտի ըլլար անոնց եւ անոնք ժողովուրդ պիտի ըլլային Իրեն» (Բ. Կորնթացիս, 6.16)։ Քրիստոս յարութեան լոյսը որպէս լոյսի սիւն հաստատած է եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի յարութեան լոյսով առաջնորդուի անոր մէն մի անդամը եւ չզրկուի լոյսի շնորհներէն։ Այդ լոյսի սիւնն է, որ կը բարձրաձայնէ այն պարագաներուն երբ մարդիկ տկարանալով կը տարուբերին լոյսի եւ խաւարի միջեւ։ Այս լոյսն է, որ անցեալին առաջնորդած էր Իսրայէլի ժողովուրդը, այս անգամ Նոր Իսրայէլի՝ Եկեղեցւոյ ժողովուրդը կ՚առաջնորդէ որպէսզի մարդիկ հասկնան, թէ «լոյսի եւ խաւարի միջեւ որեւէ համեմատութիւն չկայ»։  Լոյսը կ՚աղաղակէ ըսելով. «Ի՞նչ միաբանութիւն կայ Քրիստոսի եւ Բելիարի միջեւ. Ի՞նչ կապ՝ հաւատացեալի եւ անհաւատի միջեւ. կամ ի՞նչ նմանութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը մեհեաններու հետ» (Բ. Կորնթացիս, 6.14-16)։

Լոյսի սիւնը երբ կը քալէ Եկեղեցւոյ առջեւէն, անոր մէն մի անդամին կը թելադրէ, որ լոյսը ատողներէն չըլլայ։ Որովհետեւ լոյսը կենսական է երկու առումով. ան նախ կը գործէ որպէս լուսարձակ, սխալներն ու թերութիւնները յայտնաբերելու նպատակաւ։ Իսկ երկրորդ՝ նոյն լոյսը կը յայտնաբերէ Աստուածահաճոյ գործերը։ Կը հրաւիրուինք լոյսին քով գալու եւ անոր առաջնորդութեան եւ ուղղութեան ենթարկուելու։ Լոյսը ատելու մեղքին վրայ պնդողներ կը մնան իրենց սխալներուն մէջ, առանց ապաշխարելու ու դարձի գալու, բան մը որով կը մատնուին խաւարի։ Աստուած հեռու պահէ բոլորս այս անբաղձալի վիճակին մատնուելէ։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի բառերով մեր սրտի խորերէն կը դիմենք Քրիստոսի ըսելով. «Ճշմարիտ լոյս Քրիստոս, շնորհէ՛ հոգիիս՝ որ կանչուելու օրը ուրախութեամբ տեսնէ քու փառքիդ լոյսը, եւ արդարներու օթեւանին ոէջ բարիքներու յոյսովը հանգչի՝ մինչեւ քու մեծ գալստեանդ օրը» (Աղօթք՝ Հաւատով խոստովանիմ)։

Մեր կեանքի օրերը կու գան ու կ՚անցնին մերթ՝ հեզասահ, մերթ՝ անտանելի կենսավիճակով։ Սակայն կայ ճշմարտութիւն մը, որ կեանքի ամէն տեսակի վիճակներուն մէջ բոլորս կը կարօտինք մեր Փրկիչ Յիսուսի Քրիստոսի, որպէսզի մեր հասկացողութիւնէն եւ խելքէն վեր խաղաղութեամբը զօրացնէ մեզ եւ ամէն չարիքէ անվախ պահէ։ 

Բիւրաւոր տարիներ առաջ երբ Աստուծոյ «Լոյս ըլլայ» հրամանը իրականացաւ, Աստուած տեսաւ որ «Լոյսը բարի էր։ Բիւրաւոր տարիներ յետոյ Աստուած, Քրիստոսի մարդեղութեան եւ Սուրբ Յարութեան լոյսերով առիթ ընծայեց որ մարդիկ լուսաւորուին եւ իրենց կեանքերէն դուրս վանեն խաւարը։ Եկեղեցիին վրայ ծագած լոյսի սիւնը, այժմ կ՚աղաղակէ եւ ի կարգ կը հրաւիրէ բոլոր անոնք որոնք կամայ եւ ակամայ կը շեղէին Աստուածահաճոյ գիծէն։ Յարուցեալ Փրկչին եւ անոր պարգեւած Լոյսի սիւնին նկատմամբ ունեցած հաւատքով Պօղոս Առաքեալ  կ՚ազդարարէ ըսելով. «…թէպէտ ատեն մը խաւկար էիք, բայց հիմա լոյս էք ի Տէր. ընթացէք ինչպէս լուսոյ որդիներ. Քանզի լոյսի պտուղը ամենայն բարութեամբ, արդարութեամբ եւ ճշմարտութեան է» (Եփեսացիս, 5.8-9)։

Աստուած բոլորիս պարգեւէ իմաստութիւն, որպէսզի Աստուծոյ օրհնեալ կամքին համաձայն գործենք ու սաղմոսներով, օրհներգութիւններով ու հոգեւոր երգերով զԱստուած փառաբանենք ու անոր մէջ որոնենք զօրութիւնը եւ մխիթարութիւնը մեր ցաւերուն ու տառապանքներուն ամոքման համար։ Հոգեւոր երգի մը բառերը, զորս կը փոխանցէ Պօղոս Առաքեալ, լաւագոյնս կը ներկայացնէ Քրիստոսով պարգեւելի օրհնութիւնը. «Արթնցի՛ր, դուն որ կը ննջես, եւ կանգնէ մեռելներէն, ու Քրիստոս պիտի լուսաւորէ քեզ» (Եփեսացիս, 5.14)։

Սուրբ Յարութեան լոյսը յամենայն ժամ եղիցի ընդ մեզ։ Յարութեան լոյսը առաջնորդէ  մեզ եւ ուղղէ մեր գնացքը խաղաղութեան ճանապարհներուն մէջ։ Այս հաւատքով ողջունենք զիրար ըսելով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց. Նմա փառք յաւիտեանս.Ամէն։

26 Մարտ 2021     

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Գատըգիւղ

https://www.facebook.com/krikor.damadyan/posts/2925043794397469

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın