İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ԹԱՂՈՒՄ.

«ԲՈԼՈՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԳԵՐԵԶՄԱՆԻ ՃԱՄԲՈՎ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ ԵՆ» ԸՍԱՒ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ

Իսկ միւս կողմէ, ժամը 17.30-ին տեսասփռուեցաւ Թաղման Կարգը։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, միաբան հայրերու, քահանաներու եւ սարկաւագներու թափորով Պատրիարքարանէն առաջնորդուեցաւ դէպի Աթոռանիստ Մայր Տաճար։ Այստեղ, բեմին վրայ զարդարուած էր Քրիստոսի խորհրդանշական գերեզմանը, որուն շուրջ բոլորը շքեղօրէն զարդարուած էր բազմաթիւ գոյքերով, որոնք սոյն արարողութեան առթիւ դուրս բերուած էին եկեղեցւոյ գանձատունէն։ Բաց աստի գերեզմանի շուրջը զարդարուած էր բազմաթիւ ծաղիկներով։    

Ապա, տեղի ունեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն, որուն ընթացքին երգուեցան «Լոյս Զուարթ» երգն ու թաղման կարգին նուիրուած շարականներ եւ ընթերցուեցան Ս. Գրային ընթերցուածներ։ Մեր Հոգեւոր Պետն ու միաբան հայրերը, առաջի գերեզմանի ծնկաչոք ու գլխաբաց երգեցին «Սուրբ Աստուած» սրտառուչ երգը։ Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը, եպիսկոպոսական հանդերձանքով զգեստաւորուած եկաւ եկեղեցւոյ փոքր ատեանը։ Պոլսոյ աւանդութեան համաձայն, Աւագ Ուրբաթի Թաղման Նախատօնակի արարողութեան ընթացքին, հանդիսապետը լրիւ կը զգեստաւորուի եւ իր նախագութեամբ եկեղեցւոյ չորս կողմերը Թաղման Աւետարանները կ՚ընթերցուին։ Այս պահուն կ՚երգուին նաեւ Թաղման շարականները։ Ուստի, Պատրիարք Հայրն ու վեղարաւոր հայրերու կազմած թափորով, աւանդութեան համապատասխան ձեւով կատարուեցաւ նախատօնակը։ 

Արարողութեան աւարտին, Մեր Հոգեւոր Պետը խնկարկեց առաջի թաղումին, երբ կ՚երգուէր «Խաչի Քո Քրիստոս» շարականը։ Ապա, Նորին Ամենապատուութիւնը Կենաց Փայտի սրբազան մասունքով օրհնեց ներկաները եւ ապա փոխանցեց իր պատգամը։

Պատրիարք Հայրը յայտնեց թէ՝ մենք կը յիշենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի լոյս եւ սուրբ գերեզմանը։ Աշխարհի բոլոր գերեզմաններուն մէջ զգալի կը դառնան խաւարը, ոսկորները, ոչնչացած դիակներ։ Բայց այս բոլորին մէջ, Ս. Երուսաղէմի մէջ գտնուող Ս. Յարութեան Տաճարի սրտին մէջ կանգնած Ս. Գերեզմանը կը տարբերի, քանի իր մէջ լոյս կը ճառագայթէ։ Արեւու նման Յարութեան լոյսը կը ժայքթէ Քրիստոսի գերեզմանէն եւ բոլոր Քրիստոնեաներու հոգիները դէպի այդ ուղղութեամբ կը կեդրոնանան։ 

Պատրիարք Հայրը յիշեցուց թէ՝ մկրտութեան խորհուրդի ճամբով մենք եւս կը միանանք Քրիստոսի Թաղման, քանի Իրմով կը թաղուինք, որպէս հին մարդ եւ Իրմով կրկին կը դառնանք նոր մարդ։ Մեր Հոգեւոր Պետը ապա շարուանակեց ըսելով. «Ահա, նորոգիչ այս մեծ փոփոխութիւնը վերյիշելու համար եկեղեցական հանդիսաւոր զգեստներով կը զարդարուինք եւ մեր Տիրոջ լոյս գերեզմանը խորհրդանշող փոքրիկ գերեզմանը կը զարդարենք բազմաթիւ զարդարանքներով։ Այս ճոխութիւնը ապացոյցն է թէ՝ Քրիստոսի Գերեզմանը չնմանիր աշխարհի ոչ մէկ գերեզմանին եւ իր մէջ թաղուած ու երրորդ օրը յարութիւն առած է, Յիսուս Քրիստոս։ Այս պատճառաւ, գերեզմանը կը կոչուի նաեւ լոյս գերեզման։ Գերեզմանը կը յիշեցնէ նաեւ թէ՝ մարդկային ամէն տեսակ նիւթական ինչք կ՚ոչնչանայ գերեզմանի մօտ։ Մարդկութիւնը այս պատճառաւ մեծապէս կը վախնայ մահէն ու գերեզմանէն։ Իսկ, Քրիստոս իր գերեզմանով ցոյց կուտայ թէ գերեզմանէ անդին կեանք մը կայ, որուն մասին շատ անգամներ խօսեցաւ Յիսուս։ Այս առումով պէտք է լաւ դիտել Քրիստոսի Թաղումը, քանի այդ մէկը նախապատկերն է մեր հոգեւոր ճանապարհորդութեան»։

Պատրիարք Հայրը իր խօսքերու աւարտին մաղթեց որ, Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանը մեր ժողովուրդի համար դառնայ՝ ուրախութեան, խաղաղութեան եւ մխիթարութեան պատճառ։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/posts/1814681758691699

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın