İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԸՆԹՐԵԱՑ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ.

«ԱՅՍՕՐ ՏԻՐՈՋ Ս. ՍԵՂԱՆԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆ Է» ԸՍԱՒ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ

Արարողակարգային տեսակէտէ, Աւագ Շաբթուան ամենէն ճոխ օրն է Աւագ Հինգշաբթին, որուն ընթացքին գլխաւորապէս կը շեշտադրուի Քրիտոսի կողմէ հաստատուած Վերջին Ընթրիքը։ Այս պատճառաւ, Աւագ Հինգշաբթի առաւօտ մեր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ընթրեաց Ս. Պատարագը։ Այս տարի, նկատի ունենալով Քորոնա Համավարակի ազդեցութիւնը, Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկի արարողութիւնները կը կատարուին դռնփակ։ Մինչ այդ, Աւագ Շաբթուան բոլոր արարողութիւնները, Պատրիարքական Աթոռոյս «facebook»ի եւ Լրաբերի «youtube»ի էջերէն կը տեսասփռուին արարողութիւններ։ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Ապրիլ 2021, Աւագ Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ընթրեաց Ս. Պատարագին։ Հարկ է յիշել նաեւ թէ՝ անցեալին, մեր հովուապետներէն՝ Շնորհք Պատրիարք եւս Աւագ Հինգշաբթիին կ՚ընտրէր Ղալաթիոյ Եկեղեցւոյ մէջ նշել Ընթրեաց Ս. Պատարագը, քանի եկեղեցւոյ ներքնայարկը կը հանգչի Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքը ու եկեղեցին դարձած՝ ուխտատեղի։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Աթոռոյս ժառանգաւոր սաները։ Ս. Պատարագը մատոյց Երէց՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան Աթոռոյս Արմաշ Դպրաց Խումբի կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Բրշ. Էտվին Յարութիւն Սրկ. Կալիպեանի։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Հայր Սուրբը, ի ձեռին ունենալով Ս. Խաչն ու Ս. Աւետարանը, ընթերցեց Ս. Բարսեղ Կեսարացի Հայրապետի Ճառը։ Այս ընթերցուածքը, ըստ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան իւրաքանչիւր Աւագ Հինգշաբթի կ՚ընթերցուի, որուն մէջ Սուրբ Հայրապետը՝ իր ուրոյն ոճով, Ս. Հաղորդութեան մասին կը խօսի։

Ս. Պատարագի աւարտին, Պատրիարք Հայրը, Ընթրեաց Ս. Պատարագի առթիւ իր պատգամը փոխանցեց, յայտնելով թէ՝ Տիրոջ Ս. Սեղանին տարեդարձն է Ընթրեաց Ս. Պատարագը։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց թէ, մեր հաւատքին մեծագոյն խորհուրդն է Ս. Պատարագը, սակայն դժբախտաբար համավարակի պատճառաւ Աւագ Շաբթուան Ս. Պատարագները դռնփակ կը մատուցուին առանց ժողովուրդի։ Սակայն եւ այնպէս, հաւատացեալներուն հնարաւորութիւն ստեղծուած է որ անոնք արարողութեանց աւարտին այցելեն եկեղեցի եւ ստանան Ս. Հաղորդութիւն։ Մեր Հոգեւոր Պետը շեշտեց թէ՝ հաւատացեալներ պէտք չէ զրկուին Ս. Հաղորդութենէն, քանի որ ան կը նշանակէ կապ հաստատել Աստուծոյ հետ։ 

Պատրիարք Հայրը, ապա բացատրեց պատարագ բառին նշանակութիւնը եւ ըսաւ. «Պատարագ կը նշանակէ զոհ եւ այս պարագային զոհուողը Յիսուս Քրիստոսն է։ Մենք կը հաւատանք թէ՝ Հացը եւ գինին Ս. Հոգիի միջնորդութեամբ կը փոխուին Յիսուս Քրիստոսի Մարմնին եւ Արեան, առանց նիւթականի փոփոխութեան։ Այսպէս պատմութեան մէջ մէկ անգամ մատուցուած Խաչի Պատարագին մաս կրնանք կազմել։ Մեր մօտ սխալ հասկացողութեան վերածուած է թէ՝ Ս. Պատարագի մօտենալու համար արժանաւոր պէտք է ըլլալ։ Սակայն, լաւ պէտք է գիտնալ թէ՝ աշխարհի վրայ չկայ արժանաւոր անձ մը կատարելապէս, նոյնիսկ Ս. Պատարագը մատուցող հոգեւորականը։ Արժանաւորութեամբ չէ որ կը մօտենանք այս խորհուրդին, այլ որդի ըլլալու հանգամանքով։ Որպէս շնորհք, սիրոյ նուէր կը տրուի մեզի Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու միջոցը։ Յիշե՛նք թէ, Աստուած մարդացաւ եւ Յիսուս Քրիստոսի մարմնով կը տարածէ իր սէրը։ Առ այդ, պէտք է պատրաստակամութեամբ մօտենանք սրբութեան։ Պէտք է տեսնենք մեր տկարութիւնները եւ Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան ճամբով աղօթք բարձրացնենք Իրեն, ըսելով. «Ողորմէ, սրբացուր եւ քեզի նմանցուր ո՜վ Տէր»։ Պէտք է ուշադրութեամբ մօտենալ Ս. Հաղորդութեան, գիտնելով թէ՝ Ան քաւութեան եւ թողութեան զօրութիւնն ունի»։ 

Արարողութիւն իր աւարտին հասաւ, Պատրիարք Հօր վերջին օրհնութեամբ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın