İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՒԱԳ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ

Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան

Աւագ Շաբթուան այս օրը եւս Սուրբ Գրական ընթերցումներու ուղիով կը ներկայնայ որպէս առիթ Քրիստոսի քայլերուն հետեւելու։

Ինչպէս Աւագ Երկուշաբթի եւ Աւագ Երեքշաբթիին, այնպէս ալ Աւագ Չորեքշաբթիին՝ Արեւագալի Ժամերգութիւն չկատարուիր եւ Ս. Պատարագ չմատուցուիր։ Բացառութիւն է այն պարագան երբ Ապրիլի 7-ի Աւետման անշարժ տօնակատարութիւնը զուգադիպի Աւագ Չորեքշաբթիին։

Երանաշնորհ Հոգեւոր ծնողս՝ Շնորհք Պատրիարք Աւագ Չորեքշաբթիի մասին կը գրէ. «Աւագ Չորեքշաբթին կ՚ունկնդրենք Աբրահամի ճիգերը, փրկելու համար ամբարշտացեալ Սոդոմ-Գոմոր քաղաքները եւ ի վերջոյ անոնց անխուսափելի կործանումը»։ Այս առումով երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին կը կարդանք Հին Կտակարանէն  Ծննդոց Գիրքի 18.1-19.30 բաժինը։ Անոնց կը հետեւի Առակաց Գիրքէն 1.10-19 եւ Զաքարիա Մարգարէի 11.1-14 Սուրբ Գրական ընթերցման բաժինները։

Այսօրուան առաւօտեան Մարկոսի Աւետարանէն  եւ երեկոյեան Մատթէոսի Աւետարանէն ընթեռնելի Սուրբ Աւետարանի բաժինները գրեթէ նոյն են իրարու։ 

Երեք կարեւոր դէպքեր նշուած են Աւագ Չորեքշաբթի օր։

Ա. Դաւադրութիւն Յիսուսի դէմ.

(Մարկոս, 14.1-2, Մատթէոս, 26.1-5)

Աւագ Չորեքշաբթին  Քրիստոսի դէմ նիւթուած դաւադրութեան օրն է։ Կայիափա Քահանայապետի տան մէջ կը կայանայ խորհդակցական հանդիպում մը քահանայապետներու, դպիրներու եւ ժողովուրդի ծերերուն մասնակցութեամբ։ Հոն կ՚որոշուի որ նենգութեամբ ձերբակալեն Յիսուսը եւ սպաննեն։

Բ. Օծում Բեթանիայի մէջ

(Մարկոս, 14.3-9, Մատթէոս, 6-13)

Աւագ Չորեքշաբթին յիշատակն է Բեթանիոյ մէջ Սիմոն Բորոտի տանը մէջ կին մը կու գայ եւ թանկագին իւղի շիշով կը մօտենայ Յիսուսի եւ իւղը կը թափէ Անոր գլխուն վրայ։ Աշակերտները երբ կը բարկանան, պատճառաբանելով թէ այդ թանկագին իւղը կարելի կ՚ըլլար վաճառել եւ գումարը բաժնել աղքատներուն։ Քրիստոս ի տես այս զայրոյթին կը յայտնէ, թէ այս օծումով իր թաղումը կանխանշուած էր եւ որպէս վերջաբան կ՚ըսէ. «ամբողջ աշխարհի վրայ, ուր որ ալ այս Աւետարանը քարոզուի, անոր ըրածն ալ պիտի պատմուի իր յիշատակին համար»։

Գ. Մատնութեան գինը (Մարկոս, 14.10-11, Մատթէոս, 26.14-16)

Աւագ Չորեքշաբթիին առաքելական պատիւի արժանացած Յուդա Իսկարիովտացին կու գայ եւ սակարկութեան կը մտնէ Հրեայ քահանայապետներու, դպիրներու եւ ժողովուրդի ծերերուն հետ, որպէսզի Քրիստոսը մատնէր անոնց ձեռքը։ Սակարկութիւնը իր վախճանին կը հասնի եւ կ՚որոշուի երեսուն արծաթ տալ որպէս վարձք մատնութեան։

https://www.facebook.com/krikor.damadyan/posts/2921979684703880

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın