İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը` Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններուն Վերաբերեալ Հայաստանի Իշխանութիւններու Յայտարարութիւններուն Առիթով

Տակաւին 11 փետրուարի 2021-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի յայտարարութենէն ետք, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը յայտարարութեամբ մատնանշեց գործող իշխանութիւններու վտանգաւոր մօտեցումները Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:

Ըստ այնմ, կարծիք յայտնուած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը նախ կը պատրաստուի համակերպելու Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին կողմէ յարձակումին պատճառով ձեւաւորուած սթաթիւս քոյին, ինչպէս նաեւ` Արցախի տարածքի զգալի մասի մը բռնազաւթման, բնակչութեան տեղահանման եւ ցեղային զտումներուն հետ:

Երկրորդ` Հայաստանի կառավարութիւնը փաստօրէն կը հաստատէ, որ Հայաստան-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ ղարաբաղեան հիմնախնդիրէն բացի, որեւէ այլ կնճռոտ հարց գոյութիւն չունի, եւ իշխանութիւնները կը պատրաստուին մոռացութեան մատնելու Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման հարցի հետապնդման քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Թուրքիա միջպետական սահմանին առնչուող խնդիրները:

Արդէն 16 մարտին, ՀՅԴ Բիւրոն, հաշուի առնելով տարբեր պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները, միջազգային եւ տարածաշրջանային զարգացումները եւ սեփական տեղեկութիւններըօրինականութիւնը կորսնցուցած եւ հայրենիքի կարեւոր հատուած մը թշնամիին յանձնած Հայաստանի իշխանութիւններուն խստօրէն զգուշացուց Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ չմտնել բանակցային այնպիսի գործընթացներու մէջ, որոնք կրնան ենթադրել թրքական պետութեան 100-ամեայ նպատակներու իրագործում:

Վերջին օրերու իրադարձութիւններըյատկապէս վարչապետի, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի եւ Ազգային ժողովի փոխնախագահի յայտարարութիւնները անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ Հայաստանի յանձնուողական իշխանութիւնները յստակ քաղաքականութիւն կ’իրականացնեն Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու, այսպէս կոչուած, կարգաւորման ծիրին մէջ, ինչ որ կը փաթեթաւորեն տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման լոզունգներով, սակայն խորքին մէջ նպատակ կը հետապնդեն մոռացութեան մատնել մեր ժողովուրդի պատմական անցեալը, հրաժարիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային պահանջէն, իրաւական ճանչնալ Հայաստան-Թուրքիա միջպետական փաստացի սահմանը, ամբողջապէս հրաժարիլ ղարաբաղեան հիմնախնդիրէն, Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումէն ու կարգավիճակի հարցէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը քանի մը հաւանական զուգահեռ գործող ուղիներով դարձնել թրքական երկու պետութիւնները իրար կապող աշխարհագրական միջանցք:

Յատուկ կ՛ուզենք ընդգծել, որ Հայաստանի իշխանութիւնները` խօսելով տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու համալիր ապաշրջափակման մասին, Թուրքիան ուղղակիօրէն կ՛ընդունին իբրեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմ, Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումը կը դիտարկեն բացառապէս ղարաբաղեան հիմնախնդիրի թրքահաճոյ կարգաւորման ծիրին մէջ, ինչ որ ամբողջովին կը համապատասխանէ տասնամեակներ տեւող թրքական պետական դիրքորոշումին:

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին կառչած անձը կը շարունակէ նախնական դատողութիւններ կատարել Թուրքիոյ հակահայ թշնամանքի պատճառահետեւանքային իրողութիւններուն շուրջ: Մինչդեռ ակնյայտ է, որ հայութեան դիրքորոշումը հետեւանք է ոչ թէ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու համահաւասար պատմական դիմակայութեան, այլ Թուրքիոյ կողմէ մեր ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած բնաջնջման եւ զանգուածային հայրենազրկման: Իր կարգին, Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութիւնը պայմանաւորուած է ոչ թէ հայութեան կողմէ թուրք ժողովուրդին նկատմամբ ֆիզիքական հաշուեյարդարներու երեւակայածին ծրագիրներով, այլիբրեւ շարունակութիւն իր նախորդներու հակահայ դարաւոր քաղաքականութեան նոյն համաթրքական եւ նոր-օսմանական նպատակներով: Այլ խօսքով` Թուրքիան մեզ կը նկատէ թշնամի, քանի որ հայկական Հայաստանը կը նկատէ խոչընդոտ իր ծաւալապաշտական ծրագիրներու իրականացման եւ, քանի որ, մենք չենք հրաժարիր մեր պատմական յիշողութենէն, ինքնութենէն, ինչպէս եւ նախընթաց ժամանակահատուածին մէջ արժանապատիւ կեցուածք դրսեւորած ենք:

Չափազանց ցաւալի է, որ ակներեւ այս ճշմարտութիւնները, որոնք կը շօշափեն մեր ժողովուրդի ազգային ողբերգութիւնը եւ բաց ջիղը, ստիպուած կ՛ըլլանք բացատրել Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձին:

Հարկ կը նկատենք նշել, որ այսօր ալ Թուրքիան կը շարունակէ բացայայտ թշնամական քաղաքականութիւն վարել Հայաստանի Հանրապետութեան ու համայն հայութեան նկատմամբ, եւ ասոր ամէնէն ակնառու դրսեւորումը ղարաբաղեան վերջին պատերազմին Թուրքիոյ պետական կառավարման ռազմաքաղաքական համակարգի եւ թրքական զինուժի բացայայտ եւ լայնածաւալ ներգրաւումն էր:

Հայաստանի իշխանութիւնները սկսած են ժողովուրդին գիտակցութիւնը ձեռնածութեան ենթարկել նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ համակեցութեան մասին անհիմն ու սին խօսքերով: Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ միակ երկիրն է, որ տեւական ժամանակ ինքնին եղած է տարածաշրջանային խաղաղութեան կայուն երաշխաւորը. խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ խախտած է մեր հանդէպ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումներուն պատճառով, հետեւաբար Հայաստանը այն վերջին երկիրն է, ուր պէտք է խաղաղութիւն քարոզել: Մեր ժողովուրդը ամէնէն լաւը գիտէ խաղաղութեան գինը, բայց իր պատմութեան հրամայականով գիտէ նաեւ, որ անարժանապատիւ խաղաղութիւնը միայն ճամբայ կը բանայ ապագայի արիւնալի պատերազմներուն համար:

Այսպէս կոչուած խաղաղութեան կեղծ քարոզը Հայաստանի իշխանութիւնները անամօթաբար կը շարունակեն նոյնիսկ այն պարագային, երբ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները բացայայտ յաւակնութիւններ կը դրսեւորեն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին նկատմամբ:

Ինչ կը վերաբերի հայ-թրքական սահմանի ճակատագիրին, ապա պէտք է հաշուի առնել, որ սահմանը անօրինական ձեւով եւ իբրեւ թշնամական գործողութիւն փակուած է թրքական պետութեան կողմէ: Հայաստան-Թուրքիա սահմանի փակման գործին մէջ Հայաստանը որեւէ դերակատարութիւն չէ ունեցած, հետեւաբար սահմանի բացման գործին մէջ առաջին քայլը պէտք է առնէ թրքական պետութիւնը: Այս ծիրին մէջ, Թուրքիան Հայաստանէն կ՛ակնկալէ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան քաղաքականութենէն եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրէն հրաժարում, որուն, ըստ ամենայնի, համաձայնած են Հայաստանի յանձնուողական իշխանութիւնները:

Վերջիններուս անգամ մը եւս կը զգուշացնենքՀայոց ցեղասպանութեան հարցը ուրացող եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրէն փաստացիօրէն հրաժարող իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ դատապարտուած է: Դատապարտուած է այդ քաղաքականութիւնը առհասարակ, եւ եթէ իշխանութիւնները տուրք տան թրքական պահանջներուն եւ փորձեն մեր ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու զիջման գնով Թուրքիոյ հետ մտնել բանակցային կասկածելի գործընթացներու մէջ, միեւնոյնն է մեր ժողովուրդը երբեք ատիկա պիտի չարտօնէ, իսկ իբրեւ հետեւանք` Հայոց պատմութեան տարեգրութեան մէջ պիտի ունենանք թրքահաճոյ եւ դաւաճանի պիտակ կրող իշխանութեան մասին տխրահռչակ էջեր:

Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու անվտանգութեան եւ ազգային-պետական ու համազգային շահերու պաշտպանութիւնը իրականացնելու համար կենսական է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները անմիջապէս հեռանան ասպարէզէն եւ ազգային ուղղուածութեամբ քաղաքական ուժերը ստանձնեն երկիրը այս ծանր ու վտանգաւոր վիճակէն հանելու բեռը:

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

29 մարտ 2021


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.