İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՐԱՏԱՊ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնեց, որ համայնքային շրջանակներու ուշադրութենէն չեն սպրդիր փոքրամասնական վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցին շուրջ դատական իշխանութիւններուն կողմէ առնուած որոշումները։

Ինչպէս ծանօթ է, Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանը վերջերս արձակեց վճիռ մը, որով անվաւեր ճանչցուեցան Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ 2013-2019 թուականներուն հրապարակուած շրջաբերականները։ Անոնցմէ առաջինով գործնականօրէն առկախուած էին ընտրութիւնները՝ այն հիմնաւորումով, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ընտրական նոր կանոնադրութիւն մը պիտի պատրաստէր։ Իսկ երկրորդ շրջաբերականը գետին պատրաստած էր, որ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու մատակարար մարմիններուն մէջ ընդգրկուին նշանակեալ անդամներ։ Մինչ վերջին դատավճիռը անվաւեր դարձուցած է այդ շրջաբերականները, զանազան իրաւաբաններ կը հետեւցնեն, որ արդէն ընտրութիւններու համար ճանապարհ բացուած է։ Ի դէպ, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վերապահուած է դատավճիռը վիճարկելու հնարաւորութիւն՝ բեկանման համար Վերաքննիչ ատեան դիմելու ուղղութեամբ։ 

Թէ ինչպէ՛ս կ՚ընկալուին այս բոլորը համայնքային շրջանակներու կողմէ, արձակուած այս դատավճիռով պայմանաւորուած հաւանականութիւններով հանդերձ։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ այս կապակցութեամբ զրուցեցինք հեռաձայնի վրայ եւ ան մեզի խորհրդածութիւններ ըրաւ իր տեսանկիւնէն։ Ըստ իրեն, կան բազմաթիւ օրինակներ մտածելու համար, որ դատական եւ գործադիր իշխանութիւնները կը գտնուին նոյն յաճախականութեան վրայ եւ կը վարուին նոյն ուղղութեամբ։ Կան նաեւ բազմաթիւ օրինակներ՝ մտածելու համար, որ կրնայ ճիշդ հակառակը խնդրոյ առարկայ ըլլալ։ Այս առումով դժուար է ներկայ պարագային վերջնական համոզումներու յանգիլ։ Մեր համայնքային կառոյցները գործադիր իշխանութիւններու օղակներուն հետ համագործակցելով՝ անոնց թոյլտուութեամբ ընտրութիւններ կ՚իրականացնեն։ Համայնքային վաքըֆներու ընտրութիւնները առկախուած են երկար ժամանակէ ի վեր։ Այդ ընթացքին գործադիր իշխանութիւններու կողմէ բաւական բարձր մակարդակի վրայ քանիցս երաշխիքներ տրուած են, թէ այս խնդիրը պիտի կարգաւորուի։ Բայց եւ այնպէս, դժբախտաբար, թէ՛ մեր համայնքի եւ թէ ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններու համապատասխան ակնկալութիւնները տակաւին չեն արդարացած։

Պետրոս Շիրինօղլուի խօսքով, նախընթացները ցոյց կու տան, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը անպայման այդ դատավճիռը կը բողոքարկէ՝ բեկանման պահանջով Վերաքննիչ ատեան դիմելով։ Ըստ Շիրինօղլուի, վերջին դատավճռի հրապարակման ժամկէտն ալ հետաքրքրական է։ Արդարեւ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան վերջերս Անգարայի մէջ հրապարակեց՝ երկրէն ներս ժողովրդավարութեան կարգերը ամրապնդելու ուղղեալ նոր ճանապարհային քարտէս մը։ Այդ հաւաքոյթին հրաւիրուած էին նաեւ փոքրամասնութիւններու հոգեւորական եւ աշխարհական ղեկավարները։ Նախագահ Էրտողան նոյն հաւաքոյթի ընթացքին անդրադարձած էր փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցին եւ թարմացուցած՝ լուծման խոստումը։ Այժմու դատավճռի հրապարակումը կը զուգադիպի այդ յայտարարութիւններուն անմիջապէս յաջորդած փուլին։ Ըստ Շիրինօղլուի, այս համընկնումը մէկ կողմէ լաւատես, իսկ միւս կողմէ յոռետես կանխատեսումներու դուռ կրնայ բանալ։ Արդարեւ, այդ համընկնումը մէկ կողմէ կրնայ խթանել խնդրին լուծումը, իսկ միւս կողմէ կրնայ պատճառ դառնալ նոր յապաղումներու։ «Կարելի չէ ենթադրել, որ Վերաքննիչ ատեանի գործընթացը որքան կը տեւէ, իսկ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը այդ գործընթացին հետ կախուածութեան մէջ կրնայ դնել հարցի կարգաւորումը», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու։

Յամենայնդէպս, ատենապետ Շիրինօղլու համոզուած է, որ այս բոլորէն դուրս ալ հրատապ խնդիրներ խնդրոյ առարկայ են մեր համայնքին տեսակէտէ։ «Ընտրութիւններու համար թէեւ չենք կրնար կանխատեսել դատական գործընթացներու ժամկէտը, բայց մեր համայնքը անյապաղ պէտք է պատրաստուի ապագայի», յայտնեց Շիրինօղլու։

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական առկայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ Պետրոս Շիրինօղլու մատնանշեց, որ տարիներէ ի վեր մեր հաւաքական միջոցները անխնայօրէն օգտագործուած են եւ այս պատճառով ներկայիս ընդհանուր համակարգը հասած է սնանկութեան եզրին։ Այս դառն իրողութիւնը խնդրոյ առարկայ է՝ մանաւանդ մեր վարժարաններու պարագային։ Շիրինօղլու նշեց, որ մեր կարիքներուն եւ աշակերտութեան թիւին բաղդատմամբ շատ աւելի բարձր թիւով կրթական հաստատութիւններ կը պահուին համայնքին կողմէ։ Ան սոյն օրինակներու շարքին նոյնիսկ թուարկեց Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը, հակառակ, որ տեղւոյն թաղային խորհուրդը լուրջ միջոցներ կը տնօրինէ։ Ատենապետ Շիրինօղլու հերթական անգամ յայտնեց, որ եթէ քանի մը վարժարաններ միացուած ըլլային, ապա վերջին տասն տարիներու ընթացքին մեր համայնքը հարիւրաւոր միլիոններ խնայած կ՚ըլլար։ Այդ բոլորը կատարելու ուղղութեամբ վարչայինները կամք չցուցաբերեցին եւ Պետրոս Շիրինօղլուի խօսքով, այսօր մեր համայնքը դժբախտաբար փակուղիի մը մէջ յայտնուած է։ Ազգային հիւանդանոցի, վարժարաններու եւ մնացեալ կառոյցներու ղեկավարումը ներկայիս դարձած է շատ աւելի դժուար։

«Բնականաբար, մեր բոլորի փափաքն է, որ ժամ առաջ տեղի ունենան ընտրութիւնները։ Բայց եւ այնպէս, այս հարցին լուծումը առայժմ ամբողջութեամբ մեր փափաքէն կախում չունի։ Իսկ մենք այժմէն պէտք է արդէն մտածենք, թէ երբոր առաջին պատեհ առիթը ներկայանայ ընտրութիւններուն համար, ապա ովքե՛ր պիտի կառավարեն մեր համայնքային հաստատութիւնները», ըսաւ Շիրինօղլու եւ աւելցուց, որ թէ՛ տնտեսութեան ընդհանուր պայմաններով եւ թէ մեր հաւաքական կեանքի մատնուած անելով՝ հետզհետէ սակաւաթիւ կը դառնան այն արժանի թեկնածուները, որոնց կարելի է վստահիլ մեր կառոյցները ղեկավարելու բարդ ու պատասխանատու առաքելութիւնը։ «Կանխաւ ըսեմ, որ ես այլեւս թեկնածու պիտի չըլլամ», ըսաւ Շիրինօղլու եւ աւելցուց, որ ո՛վ որ գործի գլուխ գայ, անշուշտ, ղեկը պիտի ստանայ։ Բայց եւ այնպէս, ըստ իրեն, հարցը պարզապէս ինքնանպատակ ընտրութիւն մը ընելու մասին չէ։ Պատահական մարդոց կարելի չէ վստահիլ համայնքին ղեկը։ «Մեր վարիչները պէտք է տեսլական մը ունենան այս համայնքին մասին։ Պէտք է որոշ չափով ծանօթ ըլլան մեր աւանդութիւններուն եւ վարչական նախընթացներուն։ Ղեկավարները պէտք է գերադասեն համայնքէ ներս ներդաշնակութիւնն ու զօրակցութիւնը, առանց խուսափելու պատասխանատուութենէ։ Ազգի հարստութիւնը կառավարելու ընդունակ, պետութեան հետ շփուելու հմտութիւնով մարդոց պէտք ունինք, որպէսզի մեր համայնքային հաստատութիւնները հաւատարիմ մնան իրենց առաքելութեան՝ քայլ յարմարցնելով նոր ժամանակներուն», ըսաւ Շիրինօղլու։

Այս բոլորի լոյսին տակ, եզրակացնելով իր յայտարարութիւնները՝ Պետրոս Շիրինօղլու նշեց, որ համայնքը այժմէն պէտք է մտածէ այս բոլորին մասին։ Արդարեւ, այդ բաղձալի ընտրութիւնը այսօրուայ բոլոր յոգնած վարիչներուն կողմէ կ՚ընկալուի՝ որպէս ծանր բեռէ մը փրկուելու միջոց։ «Սա ի զօրու է նաեւ իմ պարագային», ըսաւ Շիրինօղլու եւ աւելցուց, որ ընտրութիւնները վերջին հաշուով ո՛չ թէ պաշտօնէ հեռացում կը նշանակեն, այլ առողջ հերթի փոփոխութիւն մը կը համարուին։ Ուստի, համայնքը պատրաստութիւն պէտք է տեսնէ, որպէսզի արժանի վարչայիններու թեկնածուները աստիճանաբար ի յայտ գան ու պատասխանատուութիւն ստանձնեն՝ մեր համայնքի նաւը խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդելու գիտակցութեամբ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/25-03-2021-հրատապ-պայմաններ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın