İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Գաղութէ – Գաղութ

Մշակոյթի արաբական միութիւնը պարգեւատրեց գրող, հետազօտող եւ գործարար Լեւոն Զաքի Ետալեանըանոր շնորհելով միութեան 2020 թուականի համաշխարհային մրցանակը առ ի գնահատանք տարբեր ծառայութիւններու ընդմէջէն սուրիական եւ արաբական մշակութային ու ընկերային զանազան դատերու մէջ ունեցած ներդրումին:

Մշակոյթի արաբական միութեան Ներկայացուցչական խորհուրդի նախագահ Այշա Խըտր Դամասկոսի մէջ Լեւոն Զաքի Ետալեանին յանձնեց մրցանակը, որուն ան արժանացաւ միութեան նպատակներու իրագործման մէջ ունեցած մեծ ու հարուստ ներդրումին, արձանագրած իրագործումներուն, արաբական մշակութային կեանքին զարգացման մէջ ի գործ դրած ջանքերուն համար:

Միութիւնը դիտել տուաւ, որ մրցանակակիրին կենսագրականը հարուստ է, ան յատկանշուած է դժուար առաքելութիւններու իրականացման մէջ ունեցած դերակատարութեամբ, լաւատեսութեամբ եւ գործին ու գիտութեան միջեւ ոսկի միջինն ու հաւասարակշռութիւնը գտնելու հմտութեամբ: Լեւոն Զաքի Ետալեան ունի ուսումնասիրութիւններ համաշխարհային, արաբական եւ սուրիական տնտեսութեան վերաբերող, յօդուածներ ստորագրած է եւ տուած է մասնագիտական դասախօսութիւններ, նաեւ վարած է պատասխանատու զանազան պաշտօններ, ինչպէս` Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի նախագահ, Սուրիոյ առեւտրական գրասենեակներու միութեան տնօրէն խորհուրդի անդամ, Հալէպի առեւտրական գրասենեակի տնօրէն խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ Արաբ-պելճիքական (եւրոպական) առեւտրական տնօրէն- խորհուրդի անդամ, զանազան առիթներով արժանանալով գնահատականներու եւ պարգեւներու:

«Անցեալին մասին կը մտածեմ, սակայն հոն կանգ չեմ առներ, որովհետեւ գալիքը, ապագան ինծի է», մտածումի տէր Լեւոն Զաքի Ետալեան սեփականատէրն է «Լիզաքօ» առեւտրական ընկերութեան, որ սուրիական տնտեսական-ճարտարարուեստական լաւագոյն 55 ընկերութիւններէն մէկը կը նկատուի, ծառայած է Բերիոյ թեմին մէջ, ունի քանի մը հրատարակութիւններ:

Պոլիս

Պատարագ Վագըֆի Մէջ

Համաճարակի սահմանափակումներու պայմաններու տակ, 13 մարտին Վագըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` ձեռամբ Շահէն քհնյ. Օհանեանի:

Արարողութեան աւարտին տեսերիզի վրայ սփռուեցաւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքին պատգամը:

Ս. պատարագի աւարտին հոգեւորականները համախմբուեցան գիւղի գերեզմանատունը եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին գիւղի երբեմնի աւագերէցներ` Ղեւոնդ Ա. քհնյ. Քարթունեանի եւ Սերովբէ Ա. քհնյ. Կիւլեանի շիրիմներուն շուրջ:

Արարողութեան աւարտին ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին պատրիարքին իր հայրական հոգածութեան համար` նշելով, որ Վագըֆը Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը ըլլալու հանգամանքը կը պահէ: Այցելու քահանաները առիթը ունեցան նաեւ գիւղի բնակիչներուն հետ զրուցելու եւ անոնց յայտնելու Պոլսոյ զօրակցութիւնը:

Թեհրան

Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Լուսանկարը Լուսանկարչական Մրցոյթի Յաղթական

Իրանի մէջ գտնուող հայկական Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ լուսանկարը, որ գծագրուած է լուսանկարիչ Ֆարզին Իզատտուսթ Տարի կողմէ, «Ուիքին կը սիրէ յուշարձաններ» 2020-ի լուսանկարչական մրցոյթին յաղթական յայտարարուեցաւ:

Դատական կազմէն մէկը յայտնած է, որ լուսանկարը հիասքանչ է, որովհետեւ եկեղեցին ունի երկրաչափական օրինաչափութիւն, նաեւ ձիւնի մէջ սուզուած ըլլալով` այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ դաշտի մէջ կը լողայ:

5- 6-րդ դարերուն կառուցուած Ս. Յովհաննէս եկեղեցին հայկական միջնադարեան կրօնական կառոյց մըն է, որ կը գտնուի Իրանի Սոհրոլ քաղաքին մէջ: 1840 թուականին աղիւսով վերակառուցուած է Սամսոն Մակինցեւի կողմէ` հին եկեղեցւոյ հիմքին վրայ:

«Ուիքին կը սիրէ յուշարձաններ»-ը տարեկան միջազգային լուսանկարչական մրցոյթ մըն է, որուն մասնակիցները կը գծեն պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններ եւ կը տեղադրեն Ուիքիպահեստի մէջ: Սոյն նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ մասնակից երկրներուն մէջ ճարտարապետական յուշարձաններու նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել: «Ուիքին կը սիրէ յուշարձաններ» մրցոյթը առաջին անգամ կազմակերպուած է 2010-ին, Հոլանտայի մէջ:

Ֆրանսա

Մահացած Է Շահան Պէրպէրեանի Թոռը` Վանիկ Պէրպէրեան

Ֆրանսահայ մշակութային միութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 9 մարտ 2021-ին, երկարատեւ հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք, մահացած է Շահան Պէրպէրեանի թոռը, Արտաւազդ Պէրպէրեանի որդին` Վանիկ Պէրպէրեան:

1988-ին Վանիկ Պէրպէրեան ընտրուած է Կարժիլէս-Տանփիեռի (Էնտր նահանգ) գիւղապետ: Եղած է գիւղատնտեսութիւնը խթանողորպէս ընտրուած պաշտօնեայ եւ գործիչ: Այս յանձնառութիւնը զայն մղած է ստանձնելու Ֆրանսայի գիւղապետերու միութեան նախագահութիւնը, ուր յաջողած է տէր կանգնիլ իր համոզումներուն ազգային մակարդակի վրայ: Ան վճռականօրէն աջակցած է տարածքային բարեփոխումներուն` հաշուի առնելով փոքր մարզերը իրենց առանձնայատկութիւններով, եւ կտրականապէս դէմ ըլլալով մարզերու չափանիշներու որեւէ միաւորման:

Տարբեր առիթներով անոր խօսքերը լսուած են տեղական լրատուամիջոցներուն մէջ` «Դեղին բաճկոնաւորներ»-ու շարժումին ծիրին մէջ: Աւարտած է Սեւրի Մխիթարեան վարժարանը: Ֆրանսահայ մշակութային միութեան նախկին նախագահ Արտաւազդ Պէրպէրեանի որդին, ան սերած է մտաւորականներու ընտանիքէ մը, ուրկէ ժառանգած է իր յանձնառութիւնը Հայ դատին նկատմամբ եւ կապուածութիւնը իր արմատներու մշակոյթին, զոր լուսարձակի տակ կը դնէր Կարժիլէսի ամրան փառատօներուն ընթացքին:

28 սեպտեմբեր 2019-ին, Ֆրանսահայ մշակութային միութեան 70-ամեակին առթիւ, ան մասնակցած է «Այբ. Էֆ. Էմ.» ձայնասփիւռի կայանի «Քարթ Սիւր թապլ» յայտագիրին եւ անոր յաջորդած պաշտօնական հանդիսութեան:

Նոյեմբեր 2019-ին Էլիզէի պալատին մէջ Վանիկ Պէրպէրեան Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ ստացած է «Պատուոյ լեգէոնի շքանշան»:

Նուիրուած մարդ, չափազանց համակրելի, բնոյթով զուսպ, շրջապատով մտահոգ գործիչ էր, կը պաշտպանէր խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան ամէնէն գեղեցիկ համամարդկային արժէքները:

Միացեալ Նահանգներ

Ռուբիկ Կոլանեան Նշանակուեցաւ Կլենտէյլ Քաղաքի Վարիչ

Վերջերս Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը Կլենտէյլ քաղաքի վարիչ նշանակեց Ռուբիկ Կոլանեանը, որ արդէն իսկ պաշտօնը ստանձնած է:

Կոլանեան սեպտեմբեր 2000-էն սկսեալ պաշտօններ վարած է Կլենտէյլ քաղաքի զանազան բաժանմունքներուն մէջ, ներառեալ` քաղաքի ճարտարապետ, հանրային ծրագիրներու վարիչ եւ քաղաքի վարիչի օգնական: Ան նաեւ հոկտեմբեր 2020-էն ի վեր քաղաքի վարիչի պաշտօնակատարն էր:

Անոր հովանիին տակ պիտի գործեն քաղաքի կառավարութեան 15 բաժանմունքներու շուրջ 1500 պաշտօնեաներ:

Ֆրեզնոյի Համալսարանէն 22.785 Տոլարի Աջակցութիւն` Հայաստանի Եւ Արցախի Մանուկներուն

Հայաստանի եւ Արցախի կարիքաւոր մանուկերուն աջակցելու նպատակով Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի «Սիկմա Ալֆա Էփլիսըն» ընկերակցութիւնը եւ «Նեշընըլ Ռէյզին» ընկերութիւնը միասնաբար հանգանակած են 22.785 ամերիկեան տոլար: Գումարին 10 հազար տոլարը տրամադրած է նշեալ ընկերութիւնը, իսկ մնացեալը` ուսանողներ, իրականացնելով դրամահաւաքի զանազան ձեռնարկներ:

Գումարը պիտի տրամադրուի Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հովանիին տակ գործող «Շող» կեդրոններուն, որոնք մանուկներու յատուկ մասնաճիւղեր ունին Երեւանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ, ինչպէս նաեւ` Արցախի Ասկերան քաղաքին մէջ:

Նշեալ կեդրոնները կրթական, ուտեստեղէնի եւ ընկերային շարք մը սպասարկութիւններ կը մատուցեն 6-12 տարեկան շուրջ 290 կարիքաւոր մանուկ-պատանիներու, ինչպէս նաեւ ամառնային ճամբարներ կը կազմակերպեն անոնց համար:

Հիւսիսային Ամերիկայի Երեք Առաջնորդներու Հանդիպում

5 մարտին Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները` Անուշաւան արք. Դանիէլեան (Արեւելեան թեմ), Բաբգէն արք. Չարեան (Քանատայի թեմ) եւ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան (Արեւմտեան թեմ) ունեցան առցանց հանդիպում մը, որուն ընթացքին խորհրդակցեցան եկեղեցական, կրօնական, երեք գաղութները յուզող անմիջական եւ հասարակաց հարցերու, կրթական ու հոգեմտաւոր աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած ընդհանրական մարտահրաւէրներուն մասին:

Արեւելեան եւ Քանատայի թեմի առաջնորդները առաջին հերթին շնորհաւորեցին Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը, Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ բարի երթ մաղթեցին անոր առաքելութեան:

Այնուհետեւ օրակարգի նիւթ դարձան պսակաձեւ ժահրի յարուցած հարցերը եւ եկեղեցական-ծիսական արարողութիւններու պատշաճեցումները` նկատի ունենալով իւրաքանչիւր շրջանի կարիքները եւ կանխարգիլման պետական դրոյթները:

Ժողովին ընթացքին որոշուեցաւ ամէն ամիս կրկնել առցանց հանդիպումները, որոնք պիտի ծառայեն արդիւնաւոր գործի կարգաւորման, ինչպէս նաեւ` փորձառութիւններու փոխանակման ու հոգեւոր կեանքի վերաշխուժացման ի նպաստ աւելի արդիւնաւոր միջոցներ որոնելու նպատակին:

Երեք առաջնորդները որոշեցին, որ յառաջիկայ ամիսներուն տեղի ունենայ հանդիպում մը թեմերէն մէկուն մէջ` համադրական աշխատանքներ մշակելու եւ հասարակաց ծրագիրներու շուրջ քննարկումներ կատարելու համար, ի խնդիր եկեղեցւոյ եւ թեմերու առաւել եւս պայծառացման:

Քանատա

3 Միլիոն Տոլարի Պետական Յատկացում Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին

Վերջերս Օնթարիօ նահանգի կառավարութիւնը եւ Քանատայի դաշնակցային կառավարութիւնը միատեղ Հայ կեդրոնին յատկացուցին 3 միլիոն տոլար, որ պիտի նպաստէ երիտասարդական կեդրոնի ընդարձակման եւ բարելաւման աշխատանքներուն:

12 մարտին Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ օժանդակութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը: Այս պատմական եւ աննախնթաց յատկացումը յատկանշական է, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը կը ստանայ նման տարողութեամբ մեծագումար ներդրում մը` իր ծրագիրներուն համար:

Այս առիթով Օնթարիոյի նահանգային երեսփոխան Արիս Պապիկեան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտին եւ նախարարներԼորի Սքաթին, Ռատ Ֆիլիփսին, Փոլ Քալանտրային, Փիթըր Պեթնֆոլիին եւ Մոնթի Մաքնատընին, իրենց զօրակցութեան եւ անսակարկ ներդրումին համար: Պապիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ թորոնթոբնակ բարերար եւ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեանին այս նպատակով յատկացուցած իր մէկ միլիոն տոլարի նուիրատութեան համար, որ կու գայ ամբողջացնելու Հայ կեդրոնի երիտասարդական բաժինի նպաստի ծրագիրը:

Յայտնենք, որ Օնթարիոյ կառավարութեան պարտականութիւնն է ուսումնասիրել եւ արժեւորել ծրագիրի մը շահաւէտութիւնը հասարակութեան ու համայնքներու կարիքներուն, ինչպիսին է Հայ կեդրոնի նշեալ ծրագիրը, որ Օնթարիոյի կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն էր: Առ այդ, Օնթարիոյի կառավարութիւնը ճիգ չխնայեց պարփակելու կեդրոնին դիմումնագիրը տասնեակ մը հաշուող վաւերացուած ծրագիրներու պիւտճէին տակ: Այսպիսով, ներկայացուած հազար երեք հարիւր դիմումնագրերէն` Հայ կեդրոնի դիմումը արժանանացաւ նահանգային կառավարութեան հաւանութեան եւ փոխանցուեցաւ դաշնակցային կառավարութեան, որպէսզի գործադրութեան դրուի օրինական եւ օրէնսդրական լրացումներ կատարելէ ետք:

Պէտք է ընդգծել, որ երեսփոխան Արիս Պապիկեան հիմնական ներդրում ունեցաւ վերոնշեալ ծրագիրի վաւերացման աշխատանքներուն գծով: Այս հարցով, ան տասնեակ մը հանդիպումներ ունեցաւ Օնթարիոյի պետական քաղաքական աւագանիի զանազան անձնաւորութիւններու հետ, նաեւ հանդիպումներ նախաձեռնեց Թորոնթոյի Հայ դատի պատասխանատուներուն եւ Օնթարիոյի կառավարութեան միջեւ եւ հետեւողական անխոնջ աշխատանքը յաջողութեամբ պսակուեցաւ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.