İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սպիտակ Տան Աղբիւրները Կը Յայտնեն Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Մտադրութեան Մասին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ղեկավարութեամբ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կը հաւատայ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ պատմութիւնը ճանչնալը կարեւոր է: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յունական «Քաթիմերինի» օրաթերթին ըսած է Սպիտակ տան բանբերը:

«Իբրեւ նախագահի թեկնածուՊայտըն ոգեկոչած է 1,5 միլիոն հայ տղամարդիկը, կիներն ու երեխաները, որոնք մահացած էին Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն: Ան այն ժամանակ ըսած էր, որ մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք կամ լուռ մնանք այս սարսափելի փաստին նկատմամբ: Եւ մենք մշտապէս պիտի յարգենք այս մեծ ողբերգութենէն ետք հայ ժողովուրդին ցուցաբերած տոկունութիւնը: Այս վարչակազմը յանձնառու է յառաջ մղելու յարգանքը մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ, վստահեցնելու, որ նման կոտորածներ այլեւս պիտի չկրկնուին: Այս բոլորին կարեւոր բաղադրիչն է պատմութեան ճանաչումը», նշած է բանբերը «Քաթիմերինի»-ի խնդրանքով արձագանգելով Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեսի կողմէ նախաձեռնուած նամակին, որ ստորագրած էին 36 դեմոկրատական եւ հանրապետական ծերակուտականներ:

Սպիտակ տան բանբերին մեկնաբանութենէն ետք քաղաքագէտ, քաղաքական խորհրդատուութիւն տրամադրող յառաջատար «Եուրէյժա Կրուփ»-ի եւ համաշխարհային յարաբերութիւններու լուսաբանում կատարող «ԿԶԵՐՕ Մետիա»-ի նախագահ Եան Պրեմըր յայտարարած է, որ Սպիտակ տան իր աղբիւրը յայտնած է, որ Պայտընի վարչակազմը կը պատրաստուի 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կոտորածները ճանչնալու իբրեւ ցեղասպանութիւն:

«ԿԶԵՐՕ Մետիա»-ի վրայ հրապարակուած բացառիկ տեսանիւթին մէջ Պրեմըր, անդրադառնալով Սպիտակ տան բանբերի յայտարարութեան, պատմած է. «(Սպիտակ տան) խորհրդականներէն մէկը, իմ հարցումիս, թէ արդեօք կը հաստատէ՞, որ Ցեղասպանութեան ճանաչում տեղի պիտի ունենայ, ինծի ըսաւ, որ ատիկա այն է, ինչ որ ան (Պայտընը) խոստացած է իբրեւ թեկնածու, եւ այդ քաղաքականութիւնը յառաջ կ՛երթայ: Սպիտակ տան մէկ այլ պաշտօնատար, անդրադառնալով Ապրիլ 24-ին` Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը կատարուելիք յայտարարութեան, ինծի ըսաւ, որ Պայտընը իր խօսքին մարդն է: Ուստի այս պահուն ակնյայտ է, որ ան պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ ատիկա պիտի ընէ»:

Եան Պրեմըր նշած է, որ անկասկած, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ասիկա պարզապէս պիտի կատղեցնէ: Ան յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները առանց այդ ալ վերջին շրջանին լաւ վիճակի մէջ չեն, մասնաւորաբար Անգարայի կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն պատճառով:

«Անկասկած, ցեղասպանութեան ճանաչումը շատ աւելի պիտի բարդացնէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վերականգնումը: Անգարան ինքզինք աւելի մեկուսացուած պիտի զգայ, բացի ատկէ, անոնք հիմա հսկայական տնտեսական ճնշման տակ են», նշած է ան:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.