İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Վարչապետին Հետ

Երէկ` երեքշաբթի, 23 մարտին, հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Լուրը հաղորդեց նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Նախագահը եւ վարչապետը քննարկեցին երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ներքաղաքական մթնոլորտի բարելաւման միտուած քայլերը, անդրադարձ կատարուեցաւ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կայացման:

Կարեւոր նկատուեցաւ իրականացումը ընտրութիւններու ազատ եւ արդար կազմակերպման վերաբերող անհրաժեշտ քայլերու, որոնց կարգին` Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրական դաշտի կատարելագործման միջոցով:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.