İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արթուր Խաչատրեան. «Ընտրութիւններու Նիւթը Հասարակութեան Ուշադրութիւնը Շեղող Կեղծ Խայծ Է»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան «Սփութնիք Արմենիա»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է ներքաղաքական զարգացումներուն, խօսած է արտահերթ ընտրութիւններուն եւ շարք մը այլ հրատապ հարցերու մասին եւ ներկայացուցած է ՀՅԴ դիրքորոշումներն ու ընելիքները:

Արթուր Խաչատրեանի դիտարկումով` նախ պէտք է յստակացնել, թէ ի՛նչ ընտրութիւններու մասին է խօսքը: Ըստ անոր, Նիկոլ Փաշինեանի դիմատետրեան գրառումը պաշտօնական յայտարարութիւն կրնայ ըլլալ միայն անոր «ուսապարկերուն» համար:

«Այս ամբողջ հոլովոյթին մէջ Փաշինեանը ունի միայն մէկ ընելիք` պէտք է հրաժարական տայ: Երբ անկէ ետք ան երկու անգամ վարչապետ չընտրուի, խորհրդարանը արձակուի, երբ Հայաստանի նախագահը հրամանագիր ստորագրէ եւ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ընտրութիւններ նշանակէ, այդ ժամանակ նոր կարելի է խօսիլ հարցին մասին, մինչդեռ հիմա ունինք ընդամէնը գործադիր մարմինի ղեկավարի դիմատետրեան գրառում, որ անձամբ ինծի համար հիմք չէ, պաշտօնական յայտարարութիւն չէ», նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը:

Ըստ Խաչատրեանի, Հայրենիքի փրկութեան շարժումը կը նպատակադրէ փրկել հայրենիքը, որովհետեւ անիկա անկման մէջ է: Ան դիտել տուաւ, որ Արցախի Հանրապետութիւնը` իբրեւ վարչաքաղաքական առանձին ամբողջական եւ ինքնուրոյն միաւոր, այլեւս չկայ, հետեւաբար մենք, ըստ Խաչատրեանի, կորսնցուցած ենք մեր ինքնիշխանութեան զգալի մասը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամին համոզումով` ընտրութիւններու նիւթը կեղծ խայծ է, որպէսզի հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարին վերաբերող խնդիրներէն, որպէսզի հասարակութիւնը մանրադիտակով չսպասէ այն վայրկեանին, թէ ի վերջոյ ի՛նչ պիտի ըլլայ, եւ արդեօք Փաշինեան պիտի կարենա՞յ պառակտել զօրքը: Խաչատրեանի համաձայն, այս պահուն անորոշութիւնները այնքան շատ են, որ ան պարզապէս կը գերադասէ զերծ մնալ վարկածի մակարդակով բեմագրութիւններ կատարելէ:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.