İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Նոր Յոյսե՞ր, Թէ՞ Նոր Խաբկանք

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Այս օրերուն, Հայաստանի եւ Լիբանանի տագնապալի կացութիւններուն մասին խորհրդածելը պարտադիր է:

Լիբանանի մէջ, հանրապետութեան նախագահին կողմէ նշանակեալ վարչապետին ուղղուած հրամայական հրաւէրը յարգուեցաւ վերջինին կողմէ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ եւ ըստ երեւոյթին դրականօրէն արդիւնաւորուեցաւ: Յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է երկուշաբթի, 22 մարտին. յոյս կայ, որ կառավարութեան կազմութեան ժամը մօտեցած է: Մօտեցած է նաեւ, իբրեւ հետեւողութիւն, տիրող անտանելի ճգնաժամի հանգուցալուծման ժամը, առնուազն` անոր սկիզբը:

Սպասենք ու յուսանք:

Հայաստանի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շրջադարձ կատարեց: Արտագնայ ընտրութեան համար հանրային պահանջի չգոյութեան հաւատացող վարչապետը ի վերջոյ ընդունեց, որ այդ պահանջը առկայ է եւ, պայմանաւորուելէ ետք խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն հետ, յայտարարեց արտագնայ ընտրութիւններ կազմակերպելու որոշման մասին:

Պարոն Փաշինան նոյնիսկ ընտրութեան թուական ճշդեց. 20 յունիս 2021: Ընտրութեան թուական որոշելու իրաւասութիւնը վերապահուած է հանրապետութեան նախագահին. անգամ մը եւս, Սահմանադրութիւնը խախտելու սովորութիւնը չկրցաւ շրջանցել վարչապետը, շարունակելով պետութիւնը միանձնեայ կառավարելու վարքագիծը:

Արտագնայ ընտրութեան կազմակերպումը կ՛ենթադրէ վարչապետի հրաժարականը: Հայրենիքի փրկութեան շարժման, բազմաթիւ խմբաւորումներու եւ հեղինակութիւններու պահանջը կը բաւարարուի՞ արդեօք: Պահանջուած էր հրաժարական եւ ժամանակաւոր կառավարութեան մը կազմութիւն, որ տրամաբանական ժամանակամիջոցէ մը ետք, պիտի կազմակերպէր ընտրութիւնը: Ներկայ ձեւով, ընտրութիւնը պիտի կազմակերպէ նոյնինքն Նիկոլ Փաշինեանը, իր վարչախումբով, իբրեւ վարչապետի եւ կառավարութեան ժամանակաւոր պաշտօնակատարներ: Ընդդիմութիւնը հաւատացած է, որ արդար ու ազատ ընտրութեան կարելիութիւնը խափանուած է: Ընդդիմութիւնը յաղթանակ մը արձանագրեց թէեւ, բայց այդ յաղթանակը մասնակի է միայն ու թերեւս ալ` խաբուսիկ:

Նման վերապահութիւնը անտեղի չէ: Նախորդ ընտրութիւններու ազատ կայացումը հետեւանք էր ժողովրդային ծաւալուն շարժման ստեղծած հոգեբանական խանդավառութեան: Այժմ նոյն պայմանները չկան: Փաշինեանին ի նպաստ քուէարկողներէն շատերը յուսախաբուած են, շատերը ուղղակի զղջացած են: Փաշինեան պիտի չփորձէ՞ իշխանութիւնը վերարտադրելու միջոցներ կիրարկել: Կասկածը տեղին է, որովհետեւ անցնող մօտ երեք տարիներու ընթացքին խոտոր միջոցներով կառավարումը բաւարար փաստեր հանրայայտ դարձուցած է:

Կը թուի, որ Նիկոլ Փաշինեան արդէն սկսած է ընտրարշաւը: Իբրեւ վարչապետ շրջաններ այցելութիւնները օգտագործելով, Նիկոլ Փաշինեան նոր ժողովրդականութիւն մը ստեղծելու փորձ կը կատարէ: Վարչապետին այցելութիւնները պէտք է ծառայեն Հայաստանի մարզերու դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ժողովուրդի մտահոգութիւնները իմանալու: Այդ այցելութիւնները կը կազմակերպուին այնպիսի եղանակով, որ խաբուսիկ ժողովրդականութեան մը պատրանք կը յառաջացնեն ու վարուած քաղաքականութեան ձախողումները, պարտութեան պատասխանատուութիւնը «նախկիններուն» վերագրելու արդէն մաշած փորձերը կը կրկնեն: Նիկոլ Փաշինեան կը ստէ, ապա սուտ տեղեկութիւնը կը մեկնաբանէ: Նման միջոցի շարունակական կիրարկումը, կրկնութիւնը ու կրկին կրկնութիւնը կրնայ ճշմարտութեան խաբկանք ստեղծել: Ծանուցումներու կրկնութեան խաբկանքին նման. երբ շատ կը լսենք ու շատ կը տեսնենք, կը մտերմանանք հրամցուած երեւոյթին, գաղափարին, նիւթին ու զայն մեր սեփականութիւնը կը համարենք:

Վտանգներով լեցուն օրերու նախօրեակին կը գտնուինք: «Առանց Նիկոլ Հայաստան» պիտի ունենա՞նք, թէ՞ հերթական խաբէութեան նշաւակ պիտի դառնանք: Յուսանք, որ Հայաստանի ժողովուրդը թոյլ պիտի չտայ անգամ մը եւս խաբուիլ ու իշխանութիւնը պիտի վստահի ազգային նպատակներով առաջնորդուող ուժերուն:


Aztag Daily

Yorumlar kapatıldı.